Պատրիկ Սարգիսեան՝
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վաստակաշատ ատենապետը
Այս տարի կը նշուի մահուան 50-ամեակը Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վաստակաւոր ծառայողի մը՝ Պատրիկ Սարգիսեանի, որ իր աչքերը փակեց 30 Օգոստոս 1973-ին։ Միութեան Շրջանային վարչութեան երկար տարիներու ատենապետութիւնը վարած երախտաւորը, իր ներդրումն ու ծառայութեան դրոշմը թողեց մարզական մեծ ընտանիքի 100-ամեայ պատմութեան վրայ։ Պատրիկ Սարգիսեան նաեւ իր ամբողջական նեդրումը ունեցաւ յունահայոց ազգային կեանքին ու հայ մամուլի անդաստանէն ներս։ Իրօք, իր ծառայութեան դաշտը այնքան ընդգրկուն եղաւ, որ իր անձին ու անունին վրայ կուտակուած վաստակը կը շարունակէ արժանի տեղ ունենալ յունահայ գաղութի մատեանին մէջ։ Ստորեւ, կը ներկայացնենք Ահարոն Ստեփանեանի գրութիւնը, որ լոյս տեսաւ «Ազատ Օր»-ի 4 Սեպտեմբեր 1973-ի թիւին մէջ եւ գրողին ծանօթ ոճով կը տրուի Պատրիկ Սարգիսեան մարդուն ու ծառայասէր ազգայինին կեանքն ու գործունէութիւնը։
Անվերադարձ մեկնողներ
Պատրիկ Սարգիսեան
— Երբ մեռնիմ, ինծի համար լաւ բան մը գրէ: Չմոռնաս հա՞:
— Իսկ եթէ քեզմէ առաջ ե՞ս մեռնիմ…:
— Չէ՛, դուք դեռ ժամանակ ունիք, ոտքերնիդ ամուր կոխեցէք, փսփսաց ականջիս, «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն-տպարան տուած այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, մեկնելու պահուն:
Իր մահէն հազիւ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցած այս գաղտնագողի փսփսուքը տակաւին կը հնչէ ականջիս մէջ:
Նախազգացումն էր կարծէք, որ կը խօսէր իր մէջ: Եւ այդ նախազգացումը՝ դժբախտաբար, դարձաւ իրողութիւն:
Պատրիկը «Ազատ Օր»ի կանոնաւոր այցելուներէն մէկն էր: Ամիսը կամ երկու ամիսը անգամ մը կուգար՝ հայ իրականութեան մասին նորութիւններ իմանալու: Իր ափին մէջ սեղմուած կ’ունենար ինքնագիր կամ թարգմանածոյ յօդուած մը կամ թղթակցութիւն մը, թերթին մէջ հրատարակուելու համար:
Հակառակ իր առողջական ոչ գոհացուցիչ վիճակին, շատ մօտէն կը հետաքրքրուէր մեր ազգային անցուդարձերով:
Պատրիկ Սարգիսեանի կեանքը ամբողջութեամբ կապուած էր յունահայ գաղութի յիսուն տարուան պատմութեան:
Բնիկ պոլսեցի, ծնած էր 1899-ին: 1922-ի Փոքրասիական աղէտէն եւ դաշնակից ուժերու կողմէ Պոլսոյ պարպումէն ետք, իր հօրը եւ մօրը հետ ապաստանած էր Յունաստան: Իսկ իր կրտսեր եղբայրը՝ Արա Սարգսեանը Վիեննայի մէջ իր ուսումը աւարտելէ ետք, բռնած էր ճամբան Խորհրդային Հայաստանի, ուր անուանի դարձաւ իբր առաջնակարգ քանդակագործ եւ մահացաւ մէկ քանի տարի առաջ, Երեւանի մէջ: Ան եղած է նաեւ «Նեմեսիս» գործողութեան անդամ։
Պատրիկ Սարգսեան աշակերտած էր Պոլսոյ Էսայեան վարժարանին եւ ապա յաճախած տեղւոյն ամերիկեան Ռոպըրթ գոլէճը, ուր ստացած էր բարձրագույն ուսումը:
1924-էն ասդին իր անունը կապուեցաւ յունահայութեան պատմութեան:
Հազիւ 24-25 տարեկան, այդ շրջանի աթենահայ երիտասարդութեան ամենափայլուն դէմքերէն էր: Փայլուն՝ իր արտաքին երեւոյթով հագուստ-կապուստով, բայց մանաւանդ ազնուական՝ իր վարուելակերպով, խօսակցութիւնով ու կենցաղով:
Ազնուական չէր գրպանով, բայց ազնուական էր հոգիով ու սրտով: «Ամերիքան Էքսփրէս» դրամատան պաշտօնեայ դարձաւ գաղթականութեան առաջին տարիներէն, բայց երբեք չկտրուեցաւ հայ իրականութենէն: Ընդհակառակն, քիթով-բերնով նետուեցաւ յունահայ ազգային բոլոր շարժումներուն մէջ եւ մինչեւ մահը եղաւ գաղութին ամէնէն գործօն անդամներէն մէկը:
1924-1925-ին, գաղափարական գծով կապուեցաւ «Նոր Օր»ին, որուն աշխատակիցը եղաւ տարիներ շարունակ:
Բառին բովանդակ իմաստով գրագէտ չէր, բայց գրականասէր էր, անկասկած:
Աշխատակցեցաւ «Յունահայ տարեգիրք»ին եւ յունահայ գաղութին մէջ հրատարակուած պարբերաթերթերուն, գրական, իմաստասիրական ու պատմական յօդուածներով, թարգմանութիւններով, իր ստորագրութեամբ եւ յաճախ ծածկանուններով: Սահուն ու պարզ հայերէնով մը, որ մատչելի էր բոլոր ընթերցողներուն: Կը տիրէր նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ յունարէն լեզուներուն:
Երկարաբանութեան մարդը չէր: Կ’ըսէր իր ըսելիքը ամփոփ ու խտացած բառերով: Բեմբասաց չէր անշուշտ, բայց նախագահեց բազմաթիւ հանդիսութիւններու, Աթէնքի մէջ, նախագահի մը սահմանուած քանի մը վայրկեանի կարճ ու կտրուկ բառերով: Կոկիկ եւ իմաստալի նախադասութիւններով:
Իբր թարգմանիչ՝ առաջին գործը եղաւ «Նաւարինի ծովամարտը»: Թարգմանեց նաեւ երկու թատրերգութիւններ, մէկը՝ ֆրանսերէնէ՝ «Թոփազը», որ ներկայացուեցաւ Աթէնքի բեմին վրայ, գրաւման շրջանին, իսկ միւսը՝ յունարենէ «Կարմիր Ժայռը», որ նմանապէս բեմադրուեցաւ Համազգայինի թատերասիրացին կողմէ, Աթէնքի բեմին վրայ, տարիներ առաջ:
Ասոնցմէ զատ, ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ զանազան նիւթերու շուրջ, գրական, պատմական, իմաստասիրական եւ այլն, հրատարակուած «Ազատ Օր»ի եւ այլ թերթերու մէջ:
Պատրիկ Սարգիսեան «Ազատ Օր»ի հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն եղաւ թերթին աշխատակիցը ինքնագիր յօդուածներով, թարգմանութիւններով կամ թղթակցութիւններով: Յաճախ կը ստորագրէր բուն անուն-մականունով, Պ. Մ. Ս. սկզբնատառերով եւ երբեմն ալ՝ Պ. Լը Սերժ ծածկանունով: Վերջին մէկ քանի տարիներուն ունեցաւ իրեն յատուկ սիւնակը՝ «Օրերուն հետ» ՊԷՆ ստորագրութեամբ եւ հետաքրքրական նոթերով ու կարճ եւ իմաստալից խորհրդածութիւններով: Եղած էր նաեւ Թեսաղոնիկէի «Հորիզոն» օրաթերթի Աթէնքի թղթակիցը։ Աշխատակցած էր Գահիրէի «Յուսաբեր»ին , Պոլսոյ «Ժամանակ»ին։ Նաեւ ան աշխատակցութիւն կը պահէր Պէյրութի ֆրանսական «L’Orient» թերթին ֆրանսերէնով, նաեւ Պոսթընի «The Armenian Mirror Spectator» թերթին անգլէրէնով։
Պատրիկ Սարգիսեան եղաւ կենցաղագիտութեան, պատշաճութեանց ու ձեւակերպութիւններու մարդը: Ազգային, օտար պաշտօնական, ընկերային կամ ընտանեկան շրջանակներում էջ միշտ կ‘ուզէր որ յարգուէին խօսակցութեանց, վերաբերումի եւ քաղաքավարական պայմանները: Եւ ատոր համար ալ յաճախ վէճեր կ‘ունենար զանազաններու հետ:
Կրնայիք զինքը ուղարկել օտար պաշտօնատուներ ու վստահ ըլլալ, որ ճեմակերես դուրս պիտի հանէ մեր ազգային արժանապատութիւնը: «Էթիքէթ»ի մարդն էր, առանց մոռնալու նաեւ իր հայ ըլլալը:
Ըսինք արդէն թէ Պատրիկ Սարգիսեանի անունը շաղկապուած է յունահայ գաղութի յիսուն տարուան պատմութեան հետ:
Չկայ ազգային շարժում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած չըլլայ հեռուէն կամ մօտէն: Ամէնէն առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Ինք տեսած ու ճանչցած էր Պոլսոյ մէջ հայկական այս կազմակերպութեան հիմնադիրները: Շաւարշ Քրիսեաններու ոգիով առլցուն, նետուեցաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարժման մէջ եւ եղաւ անոր հիմնաւորման, ճիւղաւորման եւ ուռճացման համար գլխաւոր աշխատողներէն մէկը եւ վերջին քսանամեակին, մնաց իբր ատենապետը Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան: Միայն ատենապե՞տը: Նա՛եւ քարտուղարը:
— Մէկ տարուան մէջ 250-300 նամակներ գրած եմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յատուկ, քարտուղարի չգոյութեան պատճառով, կ՚ըսէր յաճախ:
Աւելցուցէք ասոր վրայ հելլէն մարզական կազմակերպութիւններու հետ կապ պահելու պատասխանատու գործը եւ կ՚ունենանք «ամբողջական» Ատենապետը…
Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարգին, Պատրիկ Սարգիսեան նուիրուեցաւ նաեւ մեր ազգային գործերու միւս մարզերուն, իբր Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Ուսումնական եւ Տնտես. Խորհուրդներու անդամ, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի գործունէութիւնը քաջալերող ազդակ:
Իր մասնակցութիւնը բերաւ մշակութային եւ գեղարուեստական բոլո՛ր շարժումներուն, մերթ գնահատելով եւ երբեմն ալ քննադատելով անոնց թէ լաւ եւ թէ թերի կողմերը, միշտ օգտակար ըլլալու տրամադրութեամբ:
Ահա՛ այս մարդն ու հայն է, որ կորսնցուցինք Օգոստոս 30-ին: Մարդ մը, որ բարոյապէս մնաց անխոցելի եւ հայ մը, որ իր ժողովուրդին ծառայած ըլլալու գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուաւ այս անցաւոր կեանքին, թաղուելու համար հելլէնական հողին մէջ…
Պատրիկ Սարգիսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 30-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Աթէնքի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցին մէջ, որ լեցուած էր հանգուցեալի սգակիր պարագաներով եւ հայ եւ օտար հոծ բազմութեամբ մը:
Ներկայ էին՝ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, (որ ի յարգանս հանգուցեալի գաղութին մէջ ունեցած յիսնամեայ ազգային բեղուն գործունէութեան կազմակերպած էր ազգային յուղարկաւորութիւն) Ուսումն. Եւ Տնտես. Խորհուրդներու ներկայացուցիչները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութիւնը, Սկաուտական խնամակալութիւնը, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Եւ թաղամասերում մասնաճիւղերու վարչութիւնները, «Ազատ Օր»ի խմբագրական կազմը, Հաուըրտ Գրակէօզեան հաստատութեան տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Դագաղին շուրջ, պատուոյ պահակ կեցած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները: Դագաղը ծածկուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշով:
Տասներկու ծաղկեպսակներ ղրկած էին՝ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութիւնը, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը, Սկաուտ. Վերին Մարմինը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր մասնաճիւղերը եւ հանգուցեալի հարազատները:
Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը կատարուեցաւ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հրայր Վարդապետի, Տ. Ներսէս Աւագ քհնյ. Խոշորեանի, Տ. Գեղարդ քհնյ. Պապօղլեանի եւ Աթէնքի դպրաց դասին:
Արարողութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան հայրը Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս, յուզիչ եւ իմաստալից դամբանական մը խօսելով վեր առաւ հանգուցեալի մատուցած ծառայութիւնները՝ յունահայ գաղութին:
Ապա՝ յուղարկաւորները ինքնաշարժներու թափորով մը ուղղուեցան դէպի Նէա Զմիռնիի գերեզմանատունը, ուր հոգեւորական դասի մասնակցութեամբ Տ. Գեղարդ քահանան կատարեց գերեզմանի կնքումը:
Վերջին անգամ, երբ բացուեցաւ կափարիչը դագաղին, տեսանք սիրելի Պատրիկը, որ կը ննջէր յաւիտենական քունով, ազնուական ժպիտը դէմքին:
Նորածածկ ու ծաղկեպսակներով բեռնաւոր հողակոյտին վրայ, վերջին խօսողը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան փոխ-ատենապետ պրն. Լեւոն Գայեան, որ յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի իր ցաւակցութիւնները յայտնելէ ետք հանգուցեալի հարազատներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կողմէ երդում ըրաւ շարունակել Պատրիկի գործը եւ ընթանալ այն ուղիէն, ուրկէ ընթացաւ ան:
Հուստ ուրեմն, յուղարկաւորները յուզուած ու տխրադէմ, հրաժեշտ առին սիրելի Պատրիկի գերեզմանէն ու մեկնեցան, երբ արեւը իր վերջալոյսի նշոյլները կը սփռէր թարմ հողակոյտին վրայ:
Կրցա՞նք «աղուոր բան մը» գրել իր ա՛յնքան աղուոր գործին մասին:
Կը խոստովանինք որ՝ ոչ: Պատճա՞ռը: Իրեն եւ իրենպէսներու այս աշխարհէն անվերադարձ մեկնումը, որ կը քանդէ մնացողներու տրամադրութիւնը, երբ կը տեսնենք պարապ աթոռները, որոնք կը մնան առանց աթոռակալներու:
Մաշած եւ քլիշէ դարձած հայկական ասութիւնով վերջացնենք.
— Լո՜յս իջնէ գերեզմանին վրայ եւ յարգանք իր անմոռանալի յիշատակին:
Ա. Ս.