Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, Յունաստանի Համապոնտական միութեան, Յունաստանի Գաղթականներու կազմակերպութեանց եւ Յունաստանի Ասորիներու միութեան համագործակցութեամբ՝ միացեալ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան սրահէն ներս, Ուրբաթ 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով։
Օրուայ պատուոյ հիւրն էր ծանօթ դերասանուհի եւ բեմադրիչ տիկին Միմի Տենիսի, որու ջանքերով պատրաստուեցաւ եւ հանրութեան ներկայացուեցաւ «Իմ սիրելի Զմիւռնիա» շարժանկարի ժապաւէնը, հանդիսատեսներու աննախադէպ մեծ թիւ մը համախմբելով շարժանկարներու սրահներէն ներս, Յունաստանի ամբողջ տարածքին, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներու եւ վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Այս տարուայ խորհուրդը կապակցուած էր Փոքր Ասիոյ Աղէտի 100ամեակի թուականին, զուգահեռներ ընդգծելով եւ մատնանշումներ կատարելով Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութեան, որ 100 տարիներէ ի վեր նոյնը կը մնայ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, Յունաստանի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, Ատիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ մեծ թիւով պոնտական եւ գաղթականական միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ «Համազգային» Մշակութային միութիւնը։
Ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին՝ Յունաստանի կառավարութեան կողմէ Ընդհանուր Քարտուղար Եանիս Խրիսուլաքիս, ՍԻՐԻԶԱ ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւոր Փանաեոթիս Քուրուպլիս, Համայնավար կուսակցութեան պատգամաւոր Խրիսթոս Քացոթիս, Ատիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, Յունաստանի Կիպրացիներու միութեան փոխ նախագահ Լէոնիտաս Մասոսթաթիս, Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս, Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս եւ Գաղթականներու միութեանց փոխ նախագահ Ափոսթոլոս Տաղտանելիս։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ ողջոյնի խօսք ուղղեց ատենապետ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութեան, Թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներէ ի վեր շարունակուող ցեղասպանական կեցուածքին, որու նորագոյն դրսեւորումներն են Արցախի եւ Հայաստանի դէմ յարձակումները եւ շարունակուող վայրագութիւնը։
Խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ Ալիս Ֆուրունճեանի պատրաստութեամբ 10 վայրկեանի վիտէօ երիզ մը, որ Զմիւռնիոյ մէջ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու առօրեային ու կեանքին կ‘անդրադառնար, աղէտալի հրդեհէն առաջ եւ ետքը։ Երիզի մէջ պատմական դրուագները եւ մանրամասն նկարագրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հանդիսատեսներուն մօտ։ Ձեռնարկի երաժշտական բաժինը ստանձնած էին տաղանդաւոր երաժիշտ Իլիաս Իֆանտիտիս եւ երգիչ Եորղոս Տովոլոս, իր նուագախումբով։
Ձեռնարկի պատուոյ հիւրը՝ դերասանուհի Միմի Տենիսի, իր խոր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպիչներուն, նշելով միասնական ճիգով պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Ամերիկայի մէջ իր ժապաւէնի ցուցադրութեան մեծ յաջողութեան, որ միաժամանակ զինք թիրախ դարձուց թրքական թերթերուն, նշելով, թէ նման ժապաւէններ լոյս կը սփռեն պատմական դառնաղէտ իրականութեանց վրայ, նոր սերունդները եւ այլազգի ժողովուրդները տեղեակ պահելով անոնց մասին։
Տիկին Տենիսիին յանձնուեցաւ յիշատակի տախտակ մը, առ ի գնահատանք իր կատարած կարեւոր աշխատանքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Պատուոյ յուշատախտակի յանձնում՝ հանրածանօթ դերասանուհի Միմի Տենիսիին