Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը իր քա­ռա­մեայ նստաշր­ջա­նի (2015-2019) Գ. լիա­գու­մար նիս­տե­րը գու­մա­րեց 2էն 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։ ­Լիա­գու­մա­րը կեդ­րո­նա­ցաւ միու­թեան 100ա­մեա­կի կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 19էն 29 ­Յու­լիս 2018ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ­Հա­յաս­տան։ ­Ժո­ղո­վը ու­րա­խու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ, որ միու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ տիար ­Սերժ ­Սարգ­սեան, իսկ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոսն ու Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ։ ­Սոյն ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­մար ար­դէն իսկ յա­ռա­ջա­ցած են անհ­րա­ժեշտ յանձ­նա­խում­բեր, ո­րոնք — իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րենց ծի­րին մէջ — ար­դէն իսկ աշ­խա­տան­քի լծո­ւած են ու ծրա­գիր­ներ կազ­մած` օ­ժան­դա­կե­լու 100ա­մեա­կի աշ­խա­տանք­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ու գոր­ծադ­րու­թեան։ ­Միու­թեան 100ա­մեա­կի ծրա­գիր­ներն են.-

Դ­րօ­շա­կի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ։

­Միու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած՝ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 11րդ ­բա­նա­կում։

Ե­ռաբ­լուր այ­ցե­լու­թիւն եւ ննջե­ցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­նե­րու հո­գե­հան­գիստ։

­Միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու քան­դակ­նե­րու բա­ցում։

­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 11րդ ­բա­նա­կու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ պաշ­տօ­նա­կան տո­ղանցք «­Հան­րա­պե­տու­թեան» հրա­պա­րա­կը։

­Գի­տա­ժո­ղով։

­Ցու­ցա­հան­դէս։

«­Վա­հան ­Չե­րազ»ի ար­ձա­նի բա­ցում ­Գիւմ­րիի մէջ։

­Նախ­կին խմբա­պետ­նե­րու հա­մախմ­բում։

­Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն Օ­փե­րա­յի մէջ։

Ե­րեք յի­շար­ժան վայ­րե­րէ փո­խադ­րո­ւած ջա­հե­րով ջա­հա­վա­ռում ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ, ա­պա` ծա­ռատն­կում։

­Միու­թեան թան­գա­րա­նի յու­շա­մա­տեա­նի հրա­տա­րա­կու­թիւն։

­Յաղ­թա­նա­կի ճաշ­կե­րոյթ։

­Միու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով զա­նա­զան բնոյ­թի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րո­ւին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջա­նա­յին եւ մե­կու­սի շրջան­նե­րուն մէջ, 2018 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, իսկ գլխա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րը՝ ­Նո­յեմ­բեր 2018ին։ Ո­րոշ շրջան­ներ ար­դէն իսկ սկսած են այս ուղ­ղու­թեամբ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու։ ­Լիա­գու­մա­րը քննար­կեց ու ար­ծար­ծեց ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 11րդ ­բա­նա­կու­մին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ ­Բա­նա­կու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 19էն 28 ­Յու­լիս 2018ին, ­Բիւ­րա­կա­նի մէջ, ­Հա­յաս­տան։ ­Բա­նա­կու­մը նո­ւի­րո­ւած է միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեակ­նե­րուն ու կը նա­խա­տե­սո­ւի 1000 եւ ա­ւե­լի տա­րա­զա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն։ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը քննար­կեց նաեւ ­Բիւ­րա­կա­նի բա­նա­կա­վայ­րին մէջ ի­րա­գոր­ծե­լի շի­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գան` ան­նա­խըն­թաց մեծ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րու հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։ ­Լիա­գու­մա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ շրջան­նե­րուն առն­չո­ւող ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ու անհ­րա­ժեշտ ո­րո­շում­ներ կա­յա­ցուց այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Ու­րա­խու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն` հիմ­նադ­րե­լու նոր մաս­նա­ճիւ­ղեր ու միա­ւոր­ներ, ո­րոնք պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւին 2018 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։ ­Լիա­գու­մա­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կեց միու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած՝ ­Յու­լիս 2017ին կա­յա­ցած ­Հա­մա- Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան 1250 մար­զիկ­ներ ու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը հաս­տա­տեց, որ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան ու պատ­մու­թեան մէջ ոս­կեայ տա­ռե­րով ար­ձա­նագ­րե­լի է կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծու­մը` թէ՛ կազ­մա­կեր­պա­կան եւ թէ մաս­նակ­ցու­թեան ի­մաս­տով։ Քն­նար­կո­ւե­ցաւ մար­զա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յա­տուկ հա­մա­գու­մա­րի կա­յաց­ման ա­ռա­ջար­կը, որ իբ­րեւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն պի­տի փո­խան­ցո­ւի յա­ռա­ջի­կայ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան։ ­Լիա­գու­մա­րը քննար­կեց ու վա­ւե­րա­ցուց միու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով գու­մա­րո­ւե­լիք «Ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մա­գու­մար»ը, որ ծրագ­րո­ւած է կա­յաց­նել ­Մարտ 2019ին։ ­Սոյն հա­մա­գու­մա­րը կը մի­տի ունկնդ­րե­լու միու­թեան շար­քե­րուն մէջ գոր­ծած ու գոր­ծող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, քննար­կե­լու ա­պա­գա­յին նոր ծրա­գիր­ներ ու ա­ռիթ տալ, որ ոչ-տա­րա­զա­ւոր ու ոչ-մար­զիկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նան միու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ ­Լիա­գու­մա­րը ծան­րա­ցաւ ան­ձեռնմ­խե­լի հիմ­նադ­րամ մը ստեղ­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ա­ռա­ջար­կը խո­րա­պէս քննար­կե­լէ ու ա­նոր զա­նա­զան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ստու­գե­լէ ետք, ո­րո­շո­ւե­ցաւ միու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով ստեղ­ծել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ան­ձեռնմ­խե­լի հիմ­նադ­րա­մը (Endowment fund), ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ ­Լիա­գու­մա­րը ու­րա­խու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ միու­թեան նոր կայ­քին (www.homenetmen.org) աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր թարգ­մա­նա­կան բա­ժին­նե­րուն։ Ար­հես­տա­գի­տա­կան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեանց նո­րու­թիւն­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու ա­ռա­ջարկ­ներ ու ծրա­գիր­ներ վա­ւե­րաց­նե­լով՝ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը նոր թափ պի­տի տայ խիստ անհ­րա­ժեշտ յա­ռաջ­խա­ղացք­նե­րուն։ ­Շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­նօ­թաց­նե­լու աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ու զայն շա­րու­նա­կե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր առ­ցանց տե­ղադ­րած լու­րե­րուն ստեղ­ծած հե­տաքրք­րու­թեան։ Քն­նար­կո­ւե­ցան պաշ­տօ­նա­թեր­թին դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ար­դիա­կա­նաց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ ­Լիա­գու­մա­րը քննար­կեց մօ­տիկ ա­պա­գա­յին ի­րա­գոր­ծե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ի­րե­րու առ­ցանց վա­ճառ­քի (online shop) ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու վա­ւե­րա­ցուց զա­նոնք։ Իր լիա­գու­մա­րին ժա­մա­նակ, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա.Ս.Կ.ի ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած 300 նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, որ կու գայ ա­ւե­լի եւս հարս­տաց­նե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշ­խա­տանք­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ա­ւար­տին, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շեց կոչ ուղ­ղել միու­թեան շար­քե­րուն ու հա­մա­կիր­նե­րուն, որ կուռ շար­քե­րով 19էն 29 ­Յու­լիս 2018ին ներ­կայ գտնո­ւին ­Հա­յաս­տան, ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով տօ­նա­կա­տա­րե­լու մէկ դա­րեայ միու­թեան ա­մեա­կը։

Ե­րե­ւան, 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ