Ստորեւ՝ լոյս կ՚ընծայենք «Ազատ Օր» օրաթերթի 1968ի մայիսեան թիւերուն մէջ հրատարակուած՝ «Պատմութեան համար» սիւնակին ներքեւ՝ «Մայիս 28ի հանդիսութիւնները Աթէնքի եւ արուարձաններուն մէջ՝ 1924էն մինչեւ 1937» թղթակցութիւնները Հայաստանի Անկախութեան 50ամեակին առիթով:
Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի հանդիսութիւնները, անկասկա՛ծ, կը կազմեն յունահայ գաղութի պատմութեան լուսաւոր էջերէն: 44 տարիներ շարունակ այդ հանդիսութիւնները տեղի ունեցած են կեդրոնի եւ թաղամասերու մէջ, արտակարգ խանդավառութեան ալիքներ ստեղծելով մեր բազմութիւններուն մէջ: Հանդիսութեանց յայտագիրներուն մասնակցած են անձեր, որոնցմէ շատեր վերջին «մնաք բարով»ը ըսած են այս աշխարհին: Ուրիշներ՝ մեկնած են արտասահման եւ ոմանք կ՚ապրին տակաւին հոս, եղեամը իջած իրենց գլխուն կամ խոր ծերութեան մէջ:
Անշուշտ նորերը ոչինչ գիտեն այս հանդիսութիւններուն մասին: Չեն գիտեր, թէ իրենց այսօրուան մայրերն ու հայրերը եւ նոյնիսկ մեծ մայրերը եւ մեծ հայրերը, ժամանակին, բեմերէն արտասանած, երգած կամ բանախօսած են՝ մեր անկախութեան տարեդարձի հանդիսութիւններու ընթացքին:
Իսկ վերապրողները, հաւանաբար, յուզումով պիտի կարդան իրենց անունները այդ հանդիսութիւններու յայտագիրներուն մէջ: Հի՜ն յուշեր: Անո՜յշ յուշեր, որոնք թէ՛ պիտի ուրախացնեն եւ թէ պիտի տխրեցնեն մեզմէ շատերուն սրտերը:
Սկսինք, ուրեմն, 1924էն, այսինքն՝ 44 տարի առաջուընէ:
1924
Անկախութեան հանդիսութիւն տեղի ունեցած չէ Աթէնքի կեդրոնին մէջ: Բայց արուարձաններու՝ Ֆիքսի, Լիբազմայի եւ Սինկրուի մէջ, ուր համախումբ կ՚ապրէր քսան հազարէ աւելի հայութիւն՝ վրաններու կամ թիթեղածածկ հիւղակներու մէջ, արտակարգ խանդավառութեամբ տեղի ունեցած են հանդիսութիւնները:
Ֆիքս.- 1924, Յունիս 1, Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10:30ին, տեղւոյն եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է տօնախմբութիւնը, կազմակերպուած՝ Թաղական Խորհուրդի կողմէ: Բացումը կատարած է ուսուցիչ Զաքար Զաքարեան (այժմ՝ Գանատա): Մասնակցած է Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճի հայ աշակերտուհիներէն կազմուած երգչախումբը, որ երգած է քանի մը խմբերգներ: Բանախօսած է Կարօ Սասունի, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Աթէնք: Եղած են արտասանութիւններ եւ մեներգներ: Խուռներամ բազմութիւն եւ աննկարագրելի խանդավառութիւն:
Լիբազմա.- Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 2ին, կազմակերպուած՝ Հայ Երկսեռ Միութեան կողմէ: Ջանից Միութիւնը իր երգչախումբով մասնակցած է հանդիսութեան: Նախագահած է տեղւոյն քահանան՝ Տէր Նշան Փափազեանը (վախճանած):
Օր. Մաքրուհի Խանիկեան (յետոյ տիկին Առաքելեան, մեռած՝ քանի մը տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ) մեներգած է «Հայաստան»ը: Օրուան առաջին բանախօսը՝ Վերապատուելի Կ. Ստամպոլեան իրեն յատուկ պերճախօսութեամբ խօսած է Մայիս 28ի պատմական նշանակութեան մասին: Արտասանած են օր. Մալվինէ Երկանեան, օր. Հռիփսիմէ Ահարոնեան (այժմ Ֆրանսա, ամուսնացած) եւ Պ. Առաքելեան: Երկրորդ բանախօսը՝ Կարօ Սասունի, կուռ բանախօսութեամբ նշած է Մայիս 28ի հետ կապուած անցուդարձները: Յետոյ, խօսք տրուած է նաեւ Գրիգոր Բարաղամեանի (յունահայոց վերջին տարիներու «վարչապետ»ը, մեռած):
Ազգային Վարժարանի շէնքը նեղ եկած է ծովածաւալ բազմութեան: Ժողովուրդին մեծ մասը հանդիսութեան հետեւած է դուրսէն:
Սինկրու.- Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 5:30ին, տեղւոյն Երիտասարդաց Միութեան եւ Թաղական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հանդիսութիւնը, որ բացուած է «Յառաջ Նահատակ»ով: Բացման խօսքը ըրած է Անտոն Կազէլ (մեռած 1952ին): Արտասանած են՝ օրիորդներ Նագգաշեան, Մսրեան եւ պրն. Նազարեան: Մեներգած է՝ օր. Մաքրուհի Գասպարեան: Գործադրուած է կոկիկ յայտագիր մը: Օրուան բանախօսը՝ դարձեալ Կարօ Սասունին էր:
***
1924ի հանդիսութեան առիթով, «Նոր Օր» օրաթերթը հրատարակած է 12 էջնոց բացառիկ թիւ մը, որուն սեփական յօդուածներով իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ Աղեքսանդր Խատիսեան, Շաւարշ Միսաքեան, Օննիկ Մխիթարեան, Վահրամ Թաթուլ, Թէոդիկ, Կարօ Սասունի, Գ. Կառվարենց, բանաստեղծ Ահարոն, Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ (Տիգրան Վիրապեան ծածկանունով), Վ. Նաւասարդեան, Ստեփան Ստեփանեան (այժմ կը գտնուի Աթէնք), Սասունցի Մուշեղ (մեռած Լիբանանի մէջ), Պարգեւ Նաճարեան (այժմ՝ Արժանթին) եւ ուրիշներ:
1925
Առաջին անգամ ըլլալով Աթէնքի կեդրոնին մէջ, Մայիս 28ի հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է 1925ի Մայիս 31ին, կ. ե. ժամը 4ին, Աթէնքի Օտէոնի սրահը: Նախաձեռնութիւնը ստանձնած է Աթենահայ Միութիւնը: Ներկայ եղած են հելլէն եւ օտար մամուլի ու պաշտօնական այլ ներկայացուցիչներ: Իր մասնակցութիւնը բերած է Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճի հայ աղջկանց երգչախումբը: Կարգապահութեան հսկած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները: Հանդիսութիւնը սկսած է հելլէնական ոգերգով:
Աթենահայ Միութեան կողմէ՝ Պատրիկ Սարգիսեան բացած է հանդիսութիւնը: Ապա հրաւիրած է օրուան բանախօսներէն Անտոն Կազէլը, որ խօսած է երեք քառորդ ժամ:
Երկրորդ բանախօսը՝ նահատակ մեծ բանաստեղծ Սիամանթոյի եղբայրը՝ Վահան Եարճանեան (յետոյ մեկնած Ֆրանսա եւ մեռած հոն) խօսած է կէս ժամ, փառաբանելով հայ յեղափոխութիւնը, հայ զէնքը, հայ սուրը:
Գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերած է ծանօթ ջութակահար Գրիգոր Գարաճա (մեկնած Հայաստան եւ մեռած հոն): Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ Հմայակ Նալպանտեան՝ արտասանութիւնով մը եւ օրիորդներ Մաքրուհի Գասպարեան եւ Ե. Գալփաքեան, առաջինը՝ մեներգով, երկրորդը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Պրն. Պատրիկ Սարգիսեան հանդէսը փակելու հրաւիրած է Առաջնորդ Կ. Մազլըմեան Սրբազանը, որ խօսած է քառորդ ժամ, փառաբանած է Մայիս 28ը եւ վերջացուցած է ըսելով.- «Այս տօնը սկիզբ ունի, բայց վախճան պիտի չունենայ»:
Ֆիքսի մէջ.- Նոյն օրը, Ֆիքսի եկեղեցիին մէջ, Պատարագէն ետք, տեղի ունեցած է հանդիսութիւն: Նախագահած է Զաքար Զաքարեան: Բանախօսած է Վահան Եարճանեան: Եղած են խմբերգներ եւ արտասանութիւններ: Մեներգած է Բարթող Քէչեան:
Սինկրուի մէջ.- Նոյն օրը, կ. ե. ժամը 2ին, Ազգային Վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդէսը, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան: «Բամբ Որոտան»ով բացուած է հանդէսը: Ուսուցիչ պրն. Ստեփան Պոյաճեան արտասանած է Ակնունիի «Դէպի երկիր»ը: Առաջին բանախօսը եղած է Արմենակ Տէր-Յակոբեան (յետոյ՝ Տէր Մեսրոպ Քահանայ, վախճանած քանի մը տարի առաջ, Գոքինիոյ մէջ): Բանախօսը ըսած է ի միջի այլոց. «Ազատագրութեան տօնին առթիւ անհրաժեշտ կը նկատեմ հակիրճ ակնարկ մը նետել բոլոր այն ջանքերուն ու ճիգերուն վրայ, որոնք դարեր վերջ մեզ հասցուցին իրականութեան մը: Մեր պատմութիւնը շատ նոթեր ունի այս մասին»:
Երկրորդ բանախօսը՝ Գաբրիէլ Լազեան (մեռած՝ Եգիպտոսի մէջ) վերլուծած է պատմական դէպքերը, որոնք ի վերջոյ յանգեցան Հայաստանի Անկախութեան հռչակման: Եղած են արտասանութիւններ, խմբերգներ եւ մեներգներ:
Գոքինիոյ մէջ.- Հանդէսը տեղի ունեցած է եկեղեցիին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Բանախօսած է Անտոն Կազէլ: Երգերէ եւ արտասանութիւններէ ետք, բեմ հրաւիրուած է Վերապատուելի Կ. Ստամպոլեան, որ ուժեղ արտայայտութեամբ մը վեր առած է օրուան տօնին նշանակութիւնը: Հանդէսին ներկայ եղած են Տ. Կ. Ներէտեան Քահանայ, Պատուելի Գայայեան, Տիլտիլեան եւ ուրիշ հրաւիրեալներ:
Լիբազմայի մէջ.- Խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է հանդէսը, որուն նախագահած է Գ. Չաքըրեան: Բանախօսած են Ազգային Վարժարանի ուսուցիչներէն Կարապետ Քեհեայեան, Գէորգ Չէքիճեան եւ տոքթ. Վ. Մարտիկեան (մեռած՝ երկու տարի առաջ, Գոքինիոյ մէջ): Երեքն ալ փառաբանած են Մայիս 28ը: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ մեներգներով օրիորդներ՝ Մաքրուհի Խանիկեան եւ Թ. Գասպարեան, ինչպէս եւ օր. Լուիզ Քէշիշեան (այժմ՝ տիկին Կերոյեան, Արժանթին) արտասանութիւնով: Խմբերգներ, կենդանի պատկեր, եւայլն:
1926
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է 30 Մայիսին, Աթէնքի «Աբոլլոն» թատերասրահին մէջ, Սթատիու փողոցին վրայ: Նախագահած է ուսուցիչ Զաքար Զաքարեան: Բանախօսած են՝ Հիւսիսային Յունաստանէն Աթէնք ժամանած գործիչ Յակոբ Սիմոնի, ինչպէս նաեւ Մատթէոս Էպլիղաթեան: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ Մայքըլ Ալմուխանեան՝ մեներգով, Հմայակ Նալպանտեան՝ արտասանութիւնով եւ օր. Սիրվարդ Հովարտեան (այժմ՝ տիկին Պ. Սարգիսեան) գրաւոր ուղերձով մը: Փակման խօսքը՝ յունարէն լեզուով ըրած է Հրանդ Բամպակեան (այժմ՝ Միլանօ):
Նոյն օրը, երեկոյեան հանդիսութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Ֆիքսի եւ Լիբազմայի մէջ: Ֆիքսի մէջ հախագահած է Արամ Կայծակ (1944ին սպաննուած համայնավարներու կողմէ, Փլաթամոնայի մէջ): Բանախօսած է Գաբրիէլ Լազեան: Արտասանած է օր. Հերմինէ Սարեան: Լիբազմայի մէջ նախագահած է Գէորգ Չէքիճեան եւ խօսած են՝ Պարթեւ Ստեփանեան եւ Յակոբ Սիմոնի:
1927
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է 29 Մայիսին, Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30ին, «Աբոլլոն» թատերասրահին մէջ: Նախագահած է Հայաստանի Հանրապետութեան Աթէնքի գործակատար պրն. Յարութիւն Գըլըճեան: Բանախօսած է Անտոն Կազէլ: Յայտագրին մասնակցած են՝ Ֆիքսի «Պանդուխտ» Օրիորդաց երգչախումբը, Լեւոն Չէքիճեան՝ արտասանութիւնով, Տիրան Ալեքսանեան՝ յունարէն արտասանութիւնով: Ցուցադրուած է կենդանի պատկեր մը, որուն մէջ ջահակիրի դերը կատարած է Թագւոր Աւետիքեան: Կարգադիր յանձնախումբ՝ Մայքըլ Ալմուխանեան եւ Պատրիկ Սարգիսեան: Հանդիսութեան նկարագրականը «Նոր Օր»ին մէջ գրած է հանգուցեալ բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեան:
1928
Հանդէսը տեղի ունեցած է Մայիս 27ին, «Տիոնիսիա» թատերասրահին մէջ, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ: Խօսած են՝ Միհրան Փափազեան (1944ին սպաննուած համայնավարներու կողմէ), զօրավար Թորգոմ (մեռած՝ Ֆրանսայի մէջ) եւ Արամ Կայծակ: Արտասանած են Պարգեւ Նաճարեան եւ Հմայեակ Նալպանտեան: Ներկայացուած է «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն տեսարան մը, «Աբեղային խուցը», որուն մէջ դեր վիրցուցած են սիրուած եւ արժէքաւոր դերասան Կարօ Խաչիկեան եւ դերասան Յովհ. Վէքիլեան: «Նոր Օր»ի բացառիկին մէջ գրութիւններ ունին Յակոբ Տէր-Յակոբեան, Մանուկ Ա. Մանուկեան (սպաննուած 1944ին՝ համայնավարներու կողմէ), Պատրիկ Սարգիսեան եւ Արտաշէս Ս. Յակոբեան (համայնավարներու կողմէ սպաննուած Ֆրանսայի մէջ):
1929
Անկախութեան տօնը տեղի ունեցած է 26 Մայիսին, «Տիոնիսիա» թատերասրահին մէջ: Նախագահած է Գաբրիէլ Լազեան: Բանախօսած են՝ զօրավար Թորգոմ (ֆրանսերէն), Միխայէլ Բարթկեան (հայերէն) եւ Յարութիւն Գըլըճեան (յունարէն): Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերած է հելլէն Առաջին Զօրաբանակի նուագախումբը, որ հնչեցուցած է «Մեր հայրենիք»ը եւ այլ ժողովրդական երգեր:
Յայտագրին մասնաւոր փայլ տուած է Կոմիտասեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ օր. Մարի Աշրգեանի (այժմ՝ տիկին Նագգաշեան, Ֆրանսա):
Խօսք առած են նաեւ այդ օրերուն Եգիպտոսէն հիւրաբար Աթէնք գտնուող Բարեգործականի գործիչ Վերապատուելի Խանդամուր, Տ. Կիրակոս Քհնյ. Ներէտեան (վախճանած Գոքինիոյ մէջ) եւ հայր Յովհ. Վրդ. Կամսարական (այժմ՝ Յորդանան):
1930
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Մայիս 25ին, «Տիոնիսիա» թատերասրահին մէջ: Նախագահած է Մատթէոս Էպլիղաթեան: Բանախօսած են՝ տիկին Գեղան Փափազեան-Շինիկճեան (այժմ՝ Ֆրանսա), Յակոբ Միքայէլեան եւ Գրիգոր Բարաղամեան: Յայտագրին մասնակցած են՝ Առաջին Զօրաբանակի նուագախումբը, անմոռանալի ջութակահար Գրիգոր Գարաճա: Արտասանած են՝ Պերճ Փափազեան (յունարէն), դերասան Վարդ-Պատրիկ եւ Պարգեւ Նաճարեան:
1931
Մայիս 28ի տարեդարձը տօնուած է 31 Մայիսին, «Տիոնիսիա» թատերասրահին մէջ: Ներկայ եղած են՝ հելլէն ականաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց մէջ նաեւ Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Արեիրոբուլոս, որ նաեւ խօսք առած է հանդիսութեան ընթացքին: Բանախօսած է Միհրան Փափազեան: Խօսք առած է նաեւ Արամ Կայծակ: Յայտագրին մասնակցած են՝ Առաջին Զօրաբանակի նուագախումբը, «Քնար» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Կառվարենցի (մեռած՝ Իտալիոյ մէջ): Արտասանած են՝ օր. Պէաթրիս Պետրոսեան յունարէն եւ տիկին Մարկրիթ Շաշեան՝ հայերէն:
1932
Հանդիսութիւնը որոշուած է 29 Մայիսին, «Տիոնիսիա» սրահին մէջ: Օրուան բանախօս նշանակուած է անմոռանալի խմբագրապետ Շաւարշ Միսաքեան, որ այդ օրերուն Աթէնք կը գտնուէր, իսկ նախագահ՝ զօրավար Թորգոմ: Օրեր առաջ, հանդիսութեան յայտագիրը հրատարակուած է «Նոր Օր»ի մէջ: Հանդիսութեան օրը, Աթէնքէն եւ գաղթակայաններէն խուռներամ բազմութիւններ փութացած են դէպի թատերասրահ, տեղ ապահովելու մտահոգութեամբ, բայց գոց գտած են սրահին դռները: Ոստիկանութիւնը եկողներուն հրահանգած է ետ դառնալ: Հանդիսութիւնը արգիլուած էր պատկան սպասարկութեան կողմէ: Օրեր յետոյ, ստուգուած էր, որ արգելքը հետեւանքն էր Աթէնքի սովիէթ դեսպան Փոթեմքինի բողոքին եւ միջամտութեան: Մոսկուա չէր հանդուրժեր Անկախ Հայաստանի գաղափարին արծարծումը…
1933
1933ի Մայիս 28ի առթիւ «Նոր Օր»ի բացառիկին մէջ գրութիւններ ունին Աղեքսանտր Խատիսեան, Հրանդ-Սամուէլ, Լեւոն Շանթ, Անտոն Կազէլ, Գաբրիէլ Լազեան, Լեւոն Էսաճանեան, Գէորգ Կառվարենց, Սօս-Վանի, Սեզա, Մանուկ Ա. Մանուկեան, տոքթ. Գ. Օ. Գալուստեան, Յովհ. Ամատունի, Օննիկ Թոփուզեան, Համօ Մեհրապեան, Էլիզ Ներէտեան, Երանուհի Պէրպէրեան եւայլն: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Մայիս 28ին, «Քենտրիքոն» թատերասրահին մէջ: Մասնակցած է Ա. Զօրաբանակի նուագախումբը: Նախագահած է տոքթ. Ե. Արշակունի: Բանախօսած են Անտոն Կազէլ եւ զօրավար Թորգոմ: Խօսած են նաեւ հելլէնահայ Լիկայի նախագահ եւ համբաւաւոր փաստաբան Տ. Տամասկինոս: Յայտագիր.- «Հայ Քնար» երգչախումբ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Կառվարենցի: Ջութակ՝ Գ. Գարաճա: Արտասանութիւններ՝ օր. Ովսաննա Փափազեան (յունարէն) եւ Կարօ Գասապեան՝ հայերէն:
1934
Ամէնէն փառաւորը եւ անմոռանալին՝ բոլոր հանդիսութիւններուն մէջ, տեղի ունեցած է 27 Մայիսին, «Օլիմպիա» (Լիրիքի Սքինի-Օփերա) թատերասրահին մէջ, որ այն ատեն Աթէնքի սրահներուն մէջ կը նկատուէր ամէնէն մեծը եւ շքեղը: Առաւօտեան ժամերէն երեք հազարէ աւելի բազմութիւն խուժած է սրահ, ուր «ասեղ ձգելիք տեղ» չէ մնացած: Բեմին վրայ է նախագահական կազմը,- զօրավար Թորգոմ, հելլէն խորհրդարանի երեսփոխան Ռալլիս, Աթինոեէնիս եւ փաստաբան Տամասքինոս: Բեմավարի դերը կատարած է բարձրագոյն ուսում ստացած, լեզուագէտ եւ շատ երիտասարդ Գրիգոր Գըյըճեան, որ քանի մը տարի ետք, հսկայ քայլերով պիտի հասնէր մեր առաջաւոր մտաւորականութեան շարքերուն (մեռած՝ գրաւման շրջանին, թոքախտի հետեւանքով): Բանախօսած են՝ Միհրան Փափազեան, Գէորգ Կառվարենց եւ Արամ Կայծակ: Ողջոյնի խօսք առած է պրն. Ռալլիս: Հանդիսութեան բացումէն մօտ կէս ժամ ետք, սրահը սկսած է թնդալ որոտընդոստ ծափահարութիւններով: Փոթորիկ մըն է, կարծէք, որ յանկարծ կը փրթի: Սրահ մուտք գործած է Յունաստանի այդ օրուան պատերազմական նախարար զօրավար Եորղոս Գոնտիլիս, «կեցցէ»ներու տարափի մը տակ: Զօրավարը առաջնորդուած է իրեն վերապահուած օթեակը: Կէս ժամ հետեւելէ ետք յայտագրին, զօրավար Թորգոմ ֆրանսերէն լեզուով հրաւիրած է պատերազմական նախարարը՝ քանի մը խօսք ըսելու: Զօրավար Գոնտիլիս ոտքի ելած է իր օթեակին մէջ եւ խօսած մօտ տասը վայրկեան: Ողջունած է հայկական ազատագրութեան տարեդարձը եւ վեր հանած է հայ ժողովուրդի բարեմասնութիւնները, ազատութեան հանդէպ ունեցած սէրը եւ անոր թափած ծով արիւնը ազատութեան ճանապարհին վրայ: Զօրավարին խօսքը բազմիցս ընդմիջուած է անվերջանալի ծափահարութիւններով: Զօր. Գոնտիլիս իր խօսքը սկսած է «Սիրելի հայեր»ով:
Ծանօթութիւն մը այս առթիւ.- զօրավար Գոնտիլիս հայերը ճանչցած էր Փոքր-ասիական արշաւանքի օրերուն: Ծանօթ էր հայերուն բերած նպաստին՝ հելլէն բանակին — կամաւորներ, բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւններ: Գեղարուեստական բաժնին մասնակցած են՝ «Հայ Քնար» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Կառվարենցի, օր. Մարի Աշըգեան՝ մեներգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ ողբացեալ Վահան Փափազեանի, օրիորդներ՝ Ովսաննա Փափազեան եւ Մ. Պէրպէրեան՝ յունարէն եւ հայերէն արտասանութիւններով:
1935
Մայիս 28ի տարեդարձը տօնուած է Մայիս 26ին, «Օլիմպիա» սրահին մէջ: Նախագահական կազմ,- Տ. Տամասկինոս, Յ. Գըլըճեան եւ տոքթ. Էոտէմիշլեան: Բանախօս՝ Անտոն Կազէլ: Յայտագրին մասնակցած են Ա. Զօրաբանակի նուագախումբը, «Հայ Քնար» երգչախումբը, տաղանդաւոր ջութակահար Գ. Գարաճա, օր. Ովսաննա Փափազեան եւ Հմայեակ Նալպանդեան (1944ի դեկտեմբերեան դէպքերուն զոհ գացած՝ ռումբի մը պայթումին) արտասանութիւններով:
1936
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 7 Յունիսին, «Օլիմպիա» թատերասրահին մէջ: Խօսած է Անտոն Կազէլ: Յայտագրին մասնակցած են Ա. Զօրաբանակի նուագախումբը, «Հայ Քնար» երգչախումբը, Ա. Էօճիւրեան եւ օր. Զապէլ Սիմոնեան՝ հայերէն եւ յունարէն արտասանութիւններով:
1937
Աննախընթաց շուքով տօնուած է Մայիս 28ը, «Օլիմպիա» թատերասրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Նախագահած է տոքթ. Գ. Էօտէմիշլեան (մեկնած՝ Արժանթին եւ մեռած հոն): Բանախօսած է Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէն՝ վաստակաւոր դաստիարակ Արսէն Պալեան (մեռած 1944ի Յունուարին Գոքինիոյ մէջ), ոգեկանութեամբ եւ զգացականութեամբ լի բանախօսութիւն մը: Խօսք առած է նաեւ հելլէն հայասէր բանաստեղծ՝ Սթ. Տաֆնիս: Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Աթէնքի քաղաքապետարանի նուագախումբը, «Հայ մտքի տան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Գ. Կառվարենցի, ջութակահար Գ. Գարաճա, Յակոբ Փափազեան («Համազգային»ի երգչախումբի այժմու ղեկավարը) ֆլիւթով եւ տիկին Ովսաննա Սուքիասեան, յունարէն արտասանութիւնով:
Մայիս 28ի տօնակատարութիւններու այս հակիրճ տեղեկութիւնները քաղուած են հին թերթերէ եւ լրացուած են յիշողութիւններով: Տրուած են յայտագիրներու գլխաւոր դերակատարներու անունները միայն: Օրաթերթի մը նեղ սիւնակները կարելիութիւն չեն ընծայեր աւելի մանրամասնութիւններու տուուչութեան:
Իսկ 1938էն ետք, մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջաւորութիւնը, Մայիս 28ի հանդիսութիւն տեղի չէ ունեցած Աթէնքի մէջ: