ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ուր­բաթ՝ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, Ան­գա­րա­յի մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Մե­լի­քէ ­Խա­թուն» մզկի­թին բա­ցու­մը, զոր կա­տա­րեց ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը. այս ա­ռի­թով՝ ան ու­նե­ցաւ մզկի­թին առն­չո­ւած հա­մա­պար­փակ ե­լոյթ, զա­նա­զան ակ­նար­կու­թիւն­ներ ը­նե­լով հոն` բնա­կա­նա­բար կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դա­սեր տա­լու սլաք­ներ ալ ար­ձա­կեց, ինչ­պէս միշտ:
Էր­տո­ղա­նի ար­ձա­կած սլաք­նե­րէն ա­մէ­նէն հե­տաքրք­րա­կա­նը, զոր այս­տեղ կ’ու­զենք լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել, հե­տե­ւեալ տո­ղերն են.-«­Միա­կու­սակ­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշրջա­նին Ան­գա­րան ան­ցեա­լի ինք­նու­թե­նէն պո­կե­լու եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­ռանց մզկի­թի ձգե­լու ե­րե­ւոյ­թին դրժու­մը անհ­նար ի­րա­կա­նու­թիւն է: Մզ­կիթ­նե­րը ա­խոռ­նե­րու վե­րա­ծե­լու ան­ցեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մտա­ծե­լա­կեր­պը կրկնո­ւած է նաեւ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր մզկիթ­նե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են մա­ռան­նե­րու, պա­հես­տա­նոց­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­լու եւ շէն­քե­րու անն­կատ ան­կիւն­նե­րը մնա­լու»:
Էր­տո­ղա­նի ե­լոյ­թին վե­րոն­շեալ հա­տո­ւա­ծը ան­մի­ջա­պէս մե­զի մտա­ծել կու տայ, որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը, երբ կը խօ­սի սրբա­վայ­րե­րը դի­տում­նա­ւոր կեր­պով ա­խո­ռի վե­րա­ծե­լու, ա­ւե­րե­լու կամ այլ բա­նե­րու ծա­ռա­յեց­նե­լով` սրբապղծե­լու ե­րե­ւոյ­թին մա­սին, կը մոռ­նայ, որ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­կա­կան հո­ղե­րուն վրայ կամ այլ շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող հա­յոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը քա­նի մը դա­րէ ի վեր թու­րա­նա­կան-թրքա­կան բար­բա­րոս ծրա­գի­րի զո­հը դար­ձած է, ին­չը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի:
­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ու­շադ­րու­թեան պէտք է յանձ­նել, որ երբ երկ­րի մը նա­խա­գա­հը կը խօ­սի կրօ­նի մը սրբա­վայ­րե­րու պահ­պան­ման մա­սին, չի կրնար ան­տե­սել եւ կամ ան­տես­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կի­րար­կել այլ կրօ­նի պատ­կա­նող սրբա­վայ­րե­րու հան­դէպ հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կա­տա­րո­ւող ան­մարդ­կա­յին սրբապղ­ծում­նե­րուն եւ ոչն­չաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տանք­նե­րուն նկատ­մամբ:
­Հոս կա­րե­ւոր կը նկա­տենք ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան կող­մէ մշա­կու­թա­յին բնաջն­ջու­մի են­թար­կո­ւած հայ­կա­կան սրբա­վայ­րե­րու քա­նի մը օ­րի­նակ ներ­կա­յաց­նել:
­Նախ հարց կու տանք, թէ ո՞ւր են հա­յոց միջ­նա­դա­րեան մայ­րա­քա­ղաք Ա­նիի 1001 ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, վան­քե­րը, մա­տուռ­նե­րը. ի՞նչ ե­ղաւ ա­նոնց ճա­կա­տա­գի­րը:
Այ­նու­հե­տեւ կը նշենք քա­նի մը ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք սրբապղ­ծու­թեան եւ ան­մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սա­կի վայ­րա­գու­թեան ար­ժա­նա­ցած են ու կ’ար­ժա­նա­նան:
— Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րէն քա­նի մը քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ ­Կարս նա­հան­գի ­Գոզ­լու­ճա գիւ­ղը գտնո­ւող հայ­կա­կան ­Բագ­նայ­րի (­Բագ­նայր կը նշա­նա­կէ` «կրա­կին նո­ւի­րո­ւած բա­գին­նե­րու քա­րայր») վանքն ու ե­կե­ղե­ցին, որ 989 թո­ւա­կա­նին կա­ռու­ցո­ւած է ­Վահ­րամ ­Պահ­լա­ւու­նիի կող­մէ, այ­սօր տե­ղա­ցի­նե­րը իբ­րեւ ա­խոռ կը գոր­ծա­ծեն:
­Գիւ­ղա­ցի­նե­րը նաեւ վան­քին քա­րե­րը օգ­տա­գոր­ծած են ի­րենց տու­նե­րը, ա­խոռ­ներն ու ցան­կա­պատ­նե­րը կա­ռու­ցե­լու հա­մար:
— ­Սա­սու­նի մէջ բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան կա­ռոյց­ներ` ամ­րոց­ներ, ջրա­ղաց­ներ եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ա­ւե­րո­ւած վի­ճա­կի մէջ են: Այդ կա­ռոյց­նե­րը ոչ միայն բախ­տի քմա­հա­ճոյ­քին ձգո­ւած են, այ­լեւ կան­խամ­տա­ծո­ւած եւ ծրագ­րո­ւած ձե­ւով սեւ ձեռ­քե­րու կող­մէ կ’ա­ւե­րո­ւին:
­Սա­սու­նի գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ մեծ մա­սամբ կա՛մ իբ­րեւ ա­խոռ կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւին, կա՛մ ալ լքո­ւած են բախ­տի քմա­հա­ճոյ­քին: ­Նոյն շրջա­նին մէջ նոյն ճա­կա­տա­գի­րը կը կրեն նաեւ` ­Քա­ռա­սուն ­Մա­նու­կը, ­Չիր­թի­նի­կը, ­Բեկ­սեն, ­Մի­տին­գը, Ար­ծո­ւի­կը եւ ­Գոմք վան­քը:
— ­Պաթ­ման նա­հան­գի ­Սա­սուն շրջա­նի Ար­վի­զինք եւ ­Շէն­գա­լիք գիւ­ղե­րուն մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը նոյն­պէս ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւած են:
— ­Վա­նի ­Շա­տախ շրջա­նի մէջ 100 տա­րի ա­ռաջ հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ծա­ռա­յած, իսկ ա­ւե­լի քան 30 տա­րի ա­ռաջ իբ­րեւ դպրոց օգ­տա­գոր­ծո­ւած հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին այժմ իբ­րեւ ա­նա­սուն­նե­րու հա­մար կե­րի` խո­տի պա­հես­տա­նոց կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւի:
— Ուր­ֆա­յի (պատ­մա­կան Ե­դե­սիա) ­Կեր­մուշ (­Կեր­մու­շը նա­խա­պէս հայ­կա­կան գիւղ ե­ղած է. տե­ղա­ցի­նե­րը զայն այժմ ­Տա­ղե­թե­ղի կը կո­չեն) գիւ­ղին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին ա­խո­ռի վե­րա­ծած են:
Ե­կե­ղե­ցին տա­րի­ներ ա­ռաջ վե­րա­նո­րո­գո­ւած էր սփիւռ­քա­հա­յե­րու ջան­քե­րով, եւ ա­նոր վրայ ե­րեք լե­զու­նե­րով ցու­ցա­նակ փակ­ցո­ւած էր` նա­խա­տե­սե­լով զայն բա­նալ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու առ­ջեւ, սա­կայն ա­տոր փո­խա­րէն` տե­ղա­ցի­նե­րը ե­կե­ղե­ցին կ’օգ­տա­գոր­ծեն եղ­ջե­րա­ւոր մեծ ա­նա­սուն­նե­րու հա­մար իբ­րեւ գոմ:
— ­Վա­նի Ս. ­Բար­թո­ղի­մէոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ կը գտնո­ւի ­Պաշ­քա­լէ շրջա­նի Ալ­պայ­րաք (պատ­մա­կան` Աղ­բակ) բնա­կա­վայ­րին մօտ, կա­ռու­ցուած է 13-14 դա­րե­րուն: ­Վան­քը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնո­ւի զի­նո­ւո­րա­կան գօ­տիի մէջ եւ ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած է թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ: ­Զի­նո­ւոր­նե­րը գանձ փնտռե­լու նպա­տա­կով ցան­կա­պա­տած են ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քը եւ վնաս հաս­ցու­ցած` ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն վրայ գտնո­ւող սրբա­պատ­կեր­նե­րուն:
Ս. ­Բար­թո­ղի­մէո­սի գե­րեզ­մա­նին վրայ է, որ կա­ռու­ցո­ւած է այս ե­կե­ղե­ցին: ­Մին­չեւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազմ` տա­ճա­րը գոր­ծած է իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի, սա­կայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք ա­նի­կա քան­դո­ւած է:
Այժմ իբ­րեւ ար­տաք­նոց կը գոր­ծա­ծուի թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ եւ կը կրէ մշա­կու­թա­յին սպան­դի հետ­քե­րը:
— Էրզ­րու­մի (­Կա­րին) Ա­զի­զիէ շրջա­նին մէջ գտնո­ւող ­Սուրբ ­Մի­նաս ե­կե­ղե­ցին, որ նա­խա­պէս օգ­տա­գոր­ծո­ւած է իբ­րեւ ա­խոռ, այժմ դար­ձած է ո­րո­նող­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւող գան­ձը եւ, «մաս­նա­ւոր սե­փա­կա­նու­թիւն» ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, անհ­րա­ժեշտ ու­շադ­րու­թեան չ’ար­ժա­նա­նար:
­Ճա­կա­տա­գի­րի քմա­հա­ճոյ­քին յանձ­նո­ւած ­Սուրբ ­Մի­նաս ե­կե­ղե­ցին տե­ղա­ցի­նե­րը որ­պէս ա­խոռ կ’օգ­տա­գոր­ծեն:
— Զ­միւռ­նիոյ ­Մե­նե­մեն շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւած է: ­Մին­չեւ 1922 գոր­ծած ե­կե­ղե­ցին ար­դէն բախ­տի քմա­հա­ճոյ­քին ձգո­ւած է:
­Յա­ճախ իբ­րեւ ա­խոռ օգ­տա­գոր­ծո­ւող ե­կե­ղե­ցին, որ ամ­բող­ջու­թեամբ թա­լա­նո­ւած ու աղ­բով լե­ցո­ւած է, յար­մար վայր դար­ձած է թմրա­մոլ­նե­րու եւ հար­բե­ցող­նե­րու հա­մար:
­Հա­յե­րուն հե­ռա­նա­լէն ետք ե­կե­ղե­ցին ո­րոշ ժա­մա­նակ զի­նա­պա­հես­տա­նոց ե­ղած է, սա­կայն յե­տոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տա­րած­քը ա­նու­շադ­րու­թեան մատ­նած են, որ­պէս­զի շէն­քը «ինք­նի­րեն» փուլ գայ:
— ­Կարս նա­հան­գի ­Տե­կոր գա­ւա­ռին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն միակ կան­գուն մնա­ցա­ծը՝ ­Սուրբ ­Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին, ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւած է եւ պա­տե­րը փլած են, իսկ քա­րե­րը փո­խադ­րո­ւած են տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ, նաեւ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ո­րոշ հա­տո­ւած­նե­րը քան­դո­ւած են գան­ձա­խոյզ­նե­րու կող­մէ:
— Ան­տիո­քի հայ­կա­կան վեց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մա­լի­րին վրայ մզկիթ կա­ռու­ցո­ւած է: Ան­տիո­քի ­Սա­ման­տաղ կո­չո­ւած շրջա­նին կից, Եո­ղու­նօ­լուք գիւ­ղի շուրջ 350 տա­րե­կան հայ­կա­կան 6 ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­մա­լի­րին վրայ, 1915-1920 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշրջա­նին գիւ­ղէն հա­յե­րու բռնա­գաղ­թի պատ­ճա­ռով, բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած թուր­քե­րուն կող­մէ 1940ին կա­ռու­ցո­ւած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գոր­ծէ իբ­րեւ ա­ղօ­թա­տե­ղի: Այ­նու­հե­տեւ, 6 ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մա­լի­րին վրայ ա­նոնք կա­ռու­ցած են մզկի­թը, ո­րուն տակ գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցի­նե­րը գիւ­ղա­ցի­նե­րը օգ­տա­գոր­ծած են իբ­րեւ խո­տի պա­հեստ, ա­խոռ եւ պա­հես­տա­րան:
Ան­գամ մը եւս պարտք կը զգանք ընդգ­ծե­լու, որ դի­տում­նա­ւոր եւ ծրագ­րուած ձե­ւով քան­դո­ւած հա­զա­րա­ւոր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վրայ զար­դա­րո­ւած նուրբ զար­դա­նախ­շե­րու փո­րագ­րու­թիւն­նե­րու քա­րե­րուն կրնաք հան­դի­պիլ այդ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րու կա­ռու­ցած բնա­կա­րան­նե­րուն, ա­խոռ­նե­րուն, պա­հես­տա­նոց­նե­րուն, ա­մէն տե­սա­կի կա­ռու­ցո­ւած շէն­քե­րուն պա­տե­րուն վրայ օգ­տա­գոր­ծո­ւած:
Ար­դա­րեւ, վե­րոն­շեալ օ­րի­նակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են եւ սահմռ­կե­ցու­ցիչ: ­Սա­կայն ակն­յայտ ի­րո­ղու­թիւն է ոչ միայն հա­յե­րուն, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­մար, որ քա­ղա­քակր­թու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դա­սեր տա­լու ե­լած ­Թուր­քիան եւ ա­նոր նա­խա­գա­հը՝ նոր օ­րե­րու սուլ­թան ­Հա­մի­տը` Էր­տո­ղան գործ­նա­պէս ու քա­ղա­քա­կա­նա­պէս իր լրու­մին կը հասց­նէ իր նա­խա­հայ­րե­րուն ջար­դա­րար ծրա­գի­րը:
­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան ոճ­րա­գործ մօ­տե­ցու­մը ա­մէն ա­ռի­թի շեշ­տո­ւած է եւ ան­կա­րե­լի է թաքց­նել: Ան ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ ի­րա­գոր­ծեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, բռնա­գաղ­թի են­թար­կեց հա­յեր, յոյ­ներ, ա­սո­րի­ներ եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, սո­վի մատ­նեց ու բռնա­դա­տեց ա­րաբ­ներ, թու­րա­նա­կան ցե­ղին չպատ­կա­նող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ գոր­ծեց բար­բա­րո­սու­թիւն, որ վա­յել է ի­րեն:
­Գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար չե­ղաւ միայն մարդ­կա­յին, ա­նոր հետ զու­գա­հե­ռա­բար ըն­թա­ցան նաեւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­փուլ ու մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կո­ւող ջար­դե­րը: Էր­տո­ղան եր­բեք չի վա­րա­նիր նոյ­նիսկ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու իր­մէ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող­նե­րուն դէմ: Ան վեր­ջին 6-7 տա­րի­նե­րուն գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը ե­ղաւ ­Սու­րիոյ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեան, Եւ­րո­պան շան­թա­ժի կ’են­թար­կէ` գաղ­թա­կան­նե­րու ող­բեր­գու­թիւ­նը հա­սոյ­թի աղ­բիւ­րի վե­րա­ծե­լով, զինք նե­ղի մատ­նե­լու ա­րեւմ­տեան փոր­ձե­րուն դի­մաց կը փոր­ձէ բա­րե­կա­մու­թիւն խա­ղալ ­Ռու­սիոյ հետ, ու տա­կա­ւին ոճ­րա­յին խա­ղե­րու շար­քի պատ­մու­թիւ­նը եր­կար է:
Այս բո­լո­րին կող­քին Էր­տո­ղան, երբ ա­մէն ա­ռի­թի կը խօ­սի մզկիթ­ներ ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւե­լու մա­սին, մինչ շատ շուտ կը մոռ­նայ կրկին, թէ մօ­տիկ ան­ցեա­լին` 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 2014 թո­ւա­կա­նին, յատ­կա­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի սե­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 23րդ ­տա­րե­դար­ձին օ­րը, ­Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ան­դին, ­Տէր ­Զօ­րի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ, ա­նոր կից գտնուող թան­գա­րա­նին եւ հա­մա­լի­րին ա­կա­նա­հա­րու­մի գոր­ծադ­րու­մը ի­րա­կա­նա­ցաւ իր իսկ հրա­հան­գով:
Եւ­րո­պա­կան զգեստ­ներ հա­գո­ւող թուր­քե­րը կը մնան նոյն թուր­քե­րը, ո­րոնց նկա­րա­գի­րին մէջ ո­չինչ փո­խուած է: Էր­տո­ղան պէտք չէ քա­ղա­քակր­թու­թեան դա­սեր տայ, այդ մէ­կը կա­տա­րե­լու փո­խա­րէն` ան պէտք է նախ ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ա­պա կա­սեց­նէ սրբա­վայ­րե­րու դէմ կա­տա­րո­ւած սրբապղ­ծու­թիւն­նե­րը:
­Հայ­կա­կան հա­րիւ­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­ներ, հո­գե­ւոր կրթա­րան­ներ նոյն ճա­կա­տա­գի­րը կը կի­սեն. ա­ւե­րակ­նե­րու վե­րա­ծուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տե­րը հա­յե­րու հան­դէպ ա­տե­լու­թեան դրսե­ւո­րում­ներ կ’ար­տա­յայ­տեն:
«Եօ­թը հայ սպան­նո­ղը դրախտ կ’եր­թայ» պնդումն ու «հայ» եւ «հա­յու զա­ւակ» բա­ռե­րը դեռ հայ­հո­յան­քի տեղ կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւին Էրզ­րու­մի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ:
1915ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք մնա­ցած հայ­կա­կան գոր­ծա­տե­ղե­րը, բաղ­նիք­նե­րը, տու­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը կը ջնջո­ւին: ­Պէտք է լաւ ըմբռ­նել, որ այդ սրբա­վայ­րե­րը կամ մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րը ոչ միայն կրօ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին, այ­լեւ պատ­մա­կան կո­թող­ներ են:
Այն­պէս որ սրբա­վայ­րե­րու պահ­պան­ման դա­սա­տու Էր­տո­ղա­նի «մար­դա­սի­րա­կան» յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ա­ռաջ եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ կրօ­նա­կան սրբու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նե­լու մա­սին խօ­սե­լու փո­խա­րէն` անհ­րա­ժեշտ է նախ ինք­զինք վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել եւ ցե­ղա­պաշտ, թրքու­թեան ու թու­րա­նա­կան ա­տե­լու­թիւ­նէն դուրս գալ, զգաս­տա­նալ:
­Վեր­ջա­պէս, ան­փո­փոխ կը մնայ այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ պատ­մու­թեան մէջ եւ մին­չեւ այ­սօր թուր­քե­րուն ար­ժէ­քը ե­ղած է ա­նոնց դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը: