Առաւել քան 3000 հայկական աւերուած յուշարձաններ վաւերագրուած են 2010-2016ին, Պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին: Աւերումները ունեցած են երկու նպատակ` կրօնական շինութիւններու ոչնչացումով վերցնել հայկական հետքերը, եւ անոնց բեկորները օգտագործել իբրեւ շինանիւթ: Այս մասին ըսած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Աբրոյեան:
«Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ, գտնուելով Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ, կառուցած է բազմաթիւ կոթողներ: Այսօր Պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին պէտք է ունենայինք շուրջ 170.000 կամ աւելի յուշարձաններ: Եղած են շինութիւններ, որոնք կրնային համարուիլ յուշարձաններ եւ նոյնիսկ չեն ալ հաշուառուած: Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը Ցեղասպանութենէն ետք յուշարձաններու աւերումներու նիւթով հրատարակած գիրք ունի, սակայն ատիկա շատ չնչին մասը կը կազմէ` փաստելու, վաւերագրելու մեր ժառանգութեան աւերման խնդիրը»,- ըսած է Արմէն Աբրոյեան ու նշած է, որ աւերումները, մեծ մասամբ, եղած են Ցեղասպանութենէն ետք` 20ական, 40ական, 65-70ական թուականներուն, մինչեւ իսկ 2005ին:
Ըստ անոր՝ 2010-2016 թուականներուն մշակոյթի նախարարութեան պատուէրով կատարուած վաւերագրումով, յայտնի վաւերագրական նիւթերու` Ն. Մառի արշաւախումբի Անիի մէջ կատարած աշխատանքներուն, 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը առնուած լուսանկարներու, բազմաթիւ ճանապարհորդներու նկարագրութիւններուն համաձայն, շուրջ 3000 յուշարձաններ վաւերագրուած են, սակայն ատոնք արդէն աւերուած եղած են: Աւերումները եղած են ինչպէս կազմակերպուած, այնպէս ալ` չկազմակերպուած, երբ բեկորները պոկած ու օգտագործած են շինարարութեան նպատակով:
«Առաջնահերթ եղած են կրօնական կառոյցներու աւերումները: Շատ եղած են խաչերու, խաչքարերու, քարակերտ արձանագրութիւններու աւերման դէպքերը, որոնք հայկական հետքերը ոչնչացնելու քաղաքական նպատակ ունեցած են: Իսկ կամուրջներու եւ այլ շինութիւններու բեկորները պարզապէս պոկած եւ օգտագործած են որպէս շինանիւթ»,- ըսած է Արմէն Աբրոյեան:
Անոր խօսքով՝ տասնամեակ մը առաջ Անիի եւ Աղթամարի մէջ կատարուած ամրակայման, շինարարական միջամտութիւններու մեթոտական մօտեցումները ընդունելի չեն: Իրենք կը վերակառուցեն զուտ իրենց շահերէն մեկնած` միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար: Ան աւելցուցած է, թէ քանի որ պաշտօնական դաշտին մէջ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, մեր ձայնը կը բարձրացնենք Թուրքիոյ հայերու, միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի միջոցաւ:
Պատմական Հայաստան
Պատմական Հայաստանի տարածքին այսօր պէտք էր ունենայինք առաւել քան 170.000 յուշարձաններ