­Շատ սի­րե­լի ­Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,
­Սուրբ Ծնն­դեան առ­թիւ, ու­րա­խու­թեամբ կը դնեմ ձեր ձեռ­քե­րու մէջ Ֆ­րան­չիս­կոս Սր­բա­զան ­Պա­պին ­Պատ­գա­մը ­Յու­նաս­տա­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։

«Աս­տու­ծոյ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը զար­մաց­նեն»
Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պին եզ­րա­փա­կիչ պա­տա­րա­գը Ա­թէն­քի մէջ

­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին առ­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցած քա­րո­զին մէջ Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը ներշնչուե­լով օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նին ըն­թեր­ցու­մէն խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց եր­կու բա­ռե­րու վրայ. Ա­նա­պատ եւ Ա­պաշ­խա­րու­թիւն։

Ա­նա­պատ

Ա­նա­պատ։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը նշեց, թէ ­Ղու­կաս ա­ւե­տա­րա­նի­չը, ա­նա­պա­տը կը ներ­կա­յաց­նէ իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւով։ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը նախ կը գրէ մեծ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ու կա­րե­ւոր դէպ­քե­րու մա­սին, ա­պա կ­՝անդ­րա­դառ­նայ Աս­տու­ծոյ, ո­րուն մա­սին ­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չը կը քա­րո­զէ ա­նա­պա­տին մէջ ։
­Քա­հա­նա­յա­պե­տը նշեց, որ Աս­տո­ւած ա­նակնկա­լի կը մատ­նէ. Ա­նոր ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը զար­մաց­նեն, ա­նոնք մաս չեն կազ­մեր մարդ­կա­յին նա­խա­տե­սու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ չեն հե­տե­ւիր մար­դու ընդգր­կած սո­վո­րա­կան զօ­րու­թեան եւ մե­ծու­թեան։ «­Տէ­րը կը նա­խընտ­րէ փոք­րու­թիւնն ու խո­նար­հու­թիւ­նը», ը­սաւ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ւելց­նե­լով, որ փրկու­թիւ­նը չսկսիր ե­րու­սա­ղե­մին մէջ, ոչ ալ Ա­թէն­քի կամ Հ­ռո­մի մէջ, այլ ա­նա­պա­տին մէջ։
«­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չը Ք­րիս­տո­սի գա­լուս­տը կը պատ­րաս­տէ այս ան­հա­սա­նե­լի եւ ան­հիւրն­կալ վայ­րե­րուն մէջ, որ լի է վտանգ­նե­րով» յա­րեց Սրբա­զան ­Պա­պը, նկա­տել տա­լով, որ նաեւ այ­սօր, Աս­տո­ւած ինչ­պէս այդ ժա­մա­նակ, իր հա­յեաց­քը կը սե­ւե­ռէ ուր կայ տխրու­թիւն ու մե­նա­կու­թիւն։ ­Դա կը փոր­ձար­կենք մեր կեան­քին մէջ։ Աս­տո­ւած չի գար՝ մինչ մենք շրջա­պա­տո­ւած ենք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ու կը մտա­ծենք մեր ան­ձին մա­սին։ Աս­տո­ւած կը հաս­նի դժո­ւար եւ փոր­ձու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ։ Ան կ­’այ­ցե­լէ դժուար կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ, մեր գո­յու­թե­նա­կան ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ։

­Մեր կեան­քին մէջ ան­պա­կաս են ա­նա­պա­տի նմա­նող վայ­րե­րը

«­Սի­րե­լի եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, ան­ձի մը կամ ժո­ղո­վուր­դի մը կեան­քին մէջ չեն պակ­սիր այն պա­հե­րը, ո­րոնց մէջ կը զգանք թէ ա­նա­պա­տի մէջ կը գտնո­ւինք։ Ա­հա այդ պա­հե­րուն մէջ է, որ ներ­կայ կը գտնո­ւի ­Տէ­րը։ Ան կու գայ մօ­տի­կու­թեան, կա­րեկ­ցու­թեան եւ քնքշու­թեան խօս­քե­րով. «մի վախ­նար ո­րով­հե­տեւ ես հետդ եմ, մի կոր­սո­ւիր, ո­րով­հե­տեւ ես քու Աս­տո­ւածդ եմ»։

Ա­պաշ­խա­րու­թիւն

Ա­պաշ­խա­րու­թիւն։ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պապ նշեց, որ ­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չը ա­նընդ­հատ ու բուռն կեր­պով կը քա­րո­զէր։ Ն­ման ա­նա­պա­տին` ուր չենք ու­զեր եր­թալ, այս­պէս է նաեւ հրա­ւէ­րը ա­պաշ­խա­րու­թեան, որ վստա­հա­բար ա­ռա­ջարկ մը չէ, որ կ­՝ու­զենք ըն­դու­նիլ։ ­Խօ­սիլ ա­պաշ­խա­րու­թեան մա­սին տխրու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ, որ դժուար է հաշ­տեց­նել Ա­ւե­տա­րա­նի ու­րա­խու­թեան հետ։
Ա­պաշ­խա­րու­թեամբ մեր մտա­ծում­նե­րէն, պատ­կե­րա­ցում­նե­րէն ու ու­ժե­րէն ան­դին կ­’եր­թանք։
­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չը, ա­պաշ­խա­րու­թեան յոր­դո­րով կը հրա­ւի­րէ եր­թալ ան­դին եւ չկե­նալ նոյն տե­ղը, եր­թալ մեր ու­ժե­րէն ու մտա­ծում­նե­րէն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րէն ան­դին, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի մեծ է ։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ Աս­տո­ւած ա­ւե­լի մեծ է։ Ա­պաշ­խա­րել կը նշա­նա­կէ չլսել այն ինչ, որ յոյ­սը կը կոր­ծա­նէ, ինչ­պէս նաեւ լսել այն ձայ­նը, որ կը կրկնէ ը­սե­լով` որ կեան­քին մէջ ոչ մէկ բան կը փո­խո­ւի։
Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պապ եզ­րա­փա­կեց քա­րո­զը, հրա­ւի­րե­լով հայ­ցել հա­ւա­տա­լու շնորհ­քը, որ Աս­տու­ծոյ հետ ա­մէն բան կը փո­խո­ւի, Աս­տո­ւած կը փա­ռա­տէ մեր վա­խե­րը, կ­’ա­մո­քէ մեր վէր­քե­րը, կը կեր­պա­րա­նա­փո­խէ չոր վայ­րե­րը զա­նոնք դարձնե­լով ջու­րե­րու աղ­բիւր­ներ։
«­Հայ­ցել յոյ­սի շնորհ­քը, ո­րով­հե­տեւ յոյ­սը կը խան­դա­վա­ռէ հա­ւատ­քը եւ կը վա­ռէ եղ­բայր­սի­րու­թիւ­նը», ը­սաւ Սր­բա­զան ­Հայ­րը։
«Ե­րա­զե­ցէք եղ­բայ­րու­թիւ­նը». Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը ­Յու­նաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։
­Քա­հա­նա­յա­պե­տին պատ­գա­մը
­Քա­հա­նա­յա­պե­տը մատ­նան­շեց ներ­կա­յա­ցո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը ե­ղած էր ­Քա­թե­րի­նա­յի վկա­յու­թիւ­նը, որ խօ­սե­ցաւ իր հա­ւատ­քի տա­րա­կոյս­նե­րուն մա­սին։
­
Վախ չու­նե­նալ տա­րա­կոյս­նե­րէն

«Ես կ­’ու­զեմ բո­լո­րիդ ը­սել, որ վախ չու­նե­նանք տա­րա­կոյս­նե­րէն, ա­նոնք հա­ւատ­քի պա­կաս մը չեն, ընդ­հա­կա­ռա­կը տա­րա­կոյս­նե­րը ա­ւե­լիով կը զօ­րաց­նեն հա­ւատ­քը, զայն ա­ւե­լի ա­զատ կը դարձ­նեն, ա­ւե­լի գի­տա­կից եւ հա­սուն։ ­Զայն կը դարձ­նեն ա­ւե­լի պատ­րաս­տա­կամ ճամ­բայ ել­լե­լու ու յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու խո­նար­հու­թեամբ», ը­սաւ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը, նշե­լով` որ «­Հա­ւատ­քը ա­ռօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըն է մեր ձեռ­քը բռնած ­Յի­սու­սին հետ, որ մե­զի կ­’ըն­կե­րա­նայ եւ երբ կ’իյ­նանք մեզ կը վե­րա­կանգ­նեց­նէ։ Ա­նի­կայ սի­րոյ պատ­մու­թիւն մըն է, որ յա­ռաջ կ­՜ըն­թա­նայ օ­րը օ­րին»։
­
Բո­լորս Աս­տու­ծոյ սի­րո­ւած զա­ւակ­ներ ենք

Ան ա­պա զգու­շա­ցուց սա­տա­նա­յի փոր­ձու­թիւն­նե­րէն, որ մեր սրտե­րուն մէջ կը սեր­մա­նէ տա­րա­կոյս­ներ, որ­պէս­զի մեզ մղէ տխրու­թեան, յու­սալ­քու­մին» ու հրա­ւի­րեց «փնտռել մեկ­նա­կէ­տը» մատ­նան­շե­լով ­Փի­լի­սո­փա­յու­թեան մեկ­նա­կէ­տին, որ սկիզբ ա­ռաւ «սքան­չա­ցու­մէն, զար­ման­քէն», որ է նաեւ «մեր հա­ւատ­քին մեկ­նա­կէ­տը», յա­րեց Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը, դի­տել տա­լով, որ «մեր հա­ւատ­քին սիր­տը գա­ղա­փար մը կամ բա­րո­յա­կա­նու­թիւն մը չէ», այլ մեզ ապ­շա­հար թո­ղած ի­րա­կա­նու­թիւնն է`, այն է թէ «բո­լորս Աս­տու­ծոյ սի­րո­ւած զա­ւակ­ներ ենք»։
«­Սի­րո­ւած զա­ւակ­ներ» կրկնեց Սր­բա­զան ­Պա­պը։ «­Մենք ու­նինք հայր մը, որ կը հսկէ մեր վրայ եւ չի դադ­րիր եր­բեք մեզ սի­րե­լէ, հա­կա­ռակ մեր բո­լոր յան­ցանք­նե­րուն, սխալ­նե­րուն։ Ան մեզ կը սի­րէ ա­ռա­ւել քան մեր սի­րոյ կա­րո­ղու­թիւ­նը», ա­ւել­ցուց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը մատ­նան­շե­լով այլ մէկ զար­ման­քին` նե­րու­մին զար­ման­քը։
«­Յի­շե­ցէք Աս­տո­ւած մեզ կը նե­րէ միշտ, սա­կայն մենք ենք` որ կը յա­պա­ղինք այդ նե­րու­մը հայ­ցե­լէ» ը­սաւ ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը ու հաս­տա­տեց թէ «Ա­նոր մէջ կը վե­րագտ­նենք ­Հօր դի­մա­գի­ծը եւ սրտին խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Այն­տեղ է, որ Ան մեր վրայ կը զե­ղու իր սէ­րը` մեզ վե­րա­կանգ­նեց­նող ող­ջա­գու­րու­մով մը, որ կը խոր­տա­կէ կա­տա­րուած չա­րի­քը ու թոյլ կու տայ, որ մեր մէջ գտնո­ւող գե­ղեց­կու­թիւ­նը դար­ձեալ ար­տա­ցո­լայ»։
­
Մեր ար­ժէ­քը կա­խեալ չէ հա­գուս­տի, կօ­շիկ­նե­րու ապ­րան­քա­նի­շէն այլ կա­խեալ է մեր ե­զա­կի ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թե­նէն

«­Թոյլ տանք հմա­յո­ւիլ Աս­տու­ծոյ սի­րով» ը­սաւ ա­պա Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը հուսկ ակ­նար­կեց ­Տել­ֆիի դար­պա­սին վրայ փո­րագ­րո­ւած խօս­քե­րուն «ճա­նա­չիր դուն քեզ» եւ աս­կէ մեկ­նե­լով, նշեց` թէ «այդ հրա­ւէ­րը ուղ­ղո­ւած է նաեւ մե­զի, որ պէտք է ճանչ­նանք մենք զմեզ ու գի­տակ­ցինք թէ մենք ար­ժէ­քա­ւոր ենք ոչ թէ մեր սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար, այլ մեր էու­թեան հա­մար` այն­պէս ինչ­պէս որ ենք։ ­Մեր ար­ժէ­քը կա­խեալ չէ հա­գուս­տի, կօ­շիկ­նե­րու ապ­րան­քա­նի­շէն այլ կա­խեալ է մեր ե­զա­կի ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թե­նէն»։
Այ­նու­հե­տեւ Սր­բա­զան ­Պա­պը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ­Յու­լի­սի­սի եւ ջրա­հար­սե­րու պատ­կե­րը, դի­տել տա­լով` թէ ի­րենք եւս պի­տի հան­դի­պին «ջրա­հար­սե­րու», ո­րոնք պի­տի փոր­ձեն զա­նոնք սի­րա­շա­հիլ «պնդող եւ հրա­պու­րիչ պատ­գամ­նե­րով», ո­րոնք նման են «ար­հես­տա­կան հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րուն», որ պահ մը կը փայ­լին ա­պա ի­րենց ե­տին կը թո­ղուն միայն մուխ։
­
Կեան­քը որ­պէս ծա­ռա­յու­թիւն

«­Մենք պէտք է սնու­ցա­նենք զար­ման­քը։ Ք­րիս­տո­նեայ ենք` ոչ թէ ո­րով­հե­տեւ պար­տա­կան ենք, այլ ո­րով­հե­տեւ գե­ղե­ցիկ է եւ ճիշդ այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար է, որ ոչ կ­՛ը­սենք այն բա­նե­րուն, ո­րոնք կ­’ու­զեն մթագ­նել զայն» յա­րեց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը, անդ­րա­դառ­նա­լով Եոան­նա ա­նու­նով աղջ­կան ներ­կա­յա­ցու­ցած երկ­րորդ վկա­յու­թեան, որ «իր կեան­քին մա­սին
խօ­սե­լու հա­մար խօ­սե­ցաւ միւս­նե­րու մա­սին» ու մաս­նա­ւո­րա­պէս իր կեան­քին մէջ եր­կու կա­րե­ւոր կի­նե­րու մա­սին` մայրն ու մեծ մայ­րը, ո­րոնք ի­րեն սոր­վե­ցու­ցին ա­ղօ­թել եւ ա­մէն օր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Աս­տու­ծոյ։
«Այդ­պէ­սով է, որ ­Յի­սուս քե­զի հա­մար դար­ձաւ ծա­նօթ։ Ան միշտ ու­րախ է երբ մենք կը բա­ցո­ւինք Ի­րեն։ Աս­տո­ւած ճանչ­նա­լու հա­մար պէտք է Ի­րեն եր­թանք մեր կեան­քով» յա­րեց Սր­բա­զան ­Պա­պը մատ­նան­շե­լով այլ մէկ ան­ձի` ­Մայ­րա­պե­տի մը, որ Եոան­նա­յին ցոյց տո­ւաւ, թէ ինչ­պէս կեան­քը տես­նել որ­պէս ծա­ռա­յու­թիւն։
­
Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ­Յի­սու­սին նո­րու­թիւնն է

«­Միւս­նե­րուն ծա­ռա­յե­լը ճա­նա­պարհն է ձեռք բե­րե­լու հա­մար ու­րա­խու­թիւ­նը։ ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը ­Յի­սու­սին նո­րու­թիւնն է` Ա­նի­կա կեան­քը ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ կը դարձ­նէ» հաս­տա­տեց ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը։
«Ե­թէ կ­՛ու­զես նոր բան մը ը­նել կեան­քին մէջ մի գո­հա­նար թո­ւիթ մը հրա­պա­րա­կե­լով։ ­Մի գո­հա­նար «վե­րա­ցա­կան» հան­դի­պում­նե­րով, փնտռէ ի­րա­կան հան­դի­պում­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­նոնց հետ, ո­րոնք քու կա­րիքդ ու­նին։ ­Շա­տեր այ­սօր կը գտնո­ւին ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ, բայց ըն­կե­րա­յին չեն, փա­կո­ւած են ի­րենք ի­րենց մէջ, բան­տար­կեալ բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սին, ո­րուն էկ­րա­նին վրայ միւ­սը բա­ցա­կայ է, բա­ցա­կայ են ա­նոր աչ­քե­րը, ա­նոր շուն­չը, ա­նոր ձեռ­քե­րը» դի­տել տո­ւաւ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը։

Ապ­րիլ ի­րա­կան աշ­խար­հին մէջ, ըլ­լալ ըն­կե­րա­յին

«Էկ­րա­նը դիւ­րաւ կը դառ­նայ հա­յե­լի, ուր դուն կը կար­ծես թէ կը գտնո­ւիս աշ­խար­հին դի­մաց, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ դուն «վիր­թուալ »աշ­խար­հի մը մէջ ես, լի ար­տա­քին տես­քե­րով, կեղ­ծո­ւած լու­սան­կար­նե­րով: «Որ­քա՜ն հա­ճե­լի է ըլ­լալ ու­րիշ­նե­րուն հետ, բա­ցա­յայ­տել ու­րի­շին նո­րու­թիւ­նը: Մ­շա­կել ամ­բող­ջի ա­ռեղ­ծուա­ծը, կի­սո­ւե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը, ծա­ռա­յե­լու ե­ռան­դը» ա­ւել­ցուց Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը եւ ակ­նար­կեց ան­ցեալ սեպ­տեմ­բե­րին Ս­լո­վա­քիա­յի մէջ ի­րեն հան­դի­պած ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ո­րոնք մեծ պաս­տա­ռի մը վրայ գրած էին «բո­լորս եղ­բայր­ներ»։ «Այդ պաս­տա­ռը մե­զի կ’ը­սէ, որ գե­ղե­ցիկ է մենք մեզ զգալ բո­լո­րի եղ­բայր­ներ, զգալ` որ միւս­նե­րը մաս են մեզ­մէ եւ ոչ թէ մար­դիկ ո­րոնց­մէ հե­ռա­նալ»։

«Ե­րա­զե­ցէք եղ­բայ­րու­թիւ­նը»

«Ու­րախ եմ տես­նել ձեզ բո­լորդ միա­սին, միա­ցած, նոյ­նիսկ ե­թէ ժա­մա­նած էք տար­բեր եր­կիր­նե­րէ։ «Ե­րա­զե­ցէք եղ­բայ­րու­թիւ­նը», յոր­դո­րեց ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը ակ­նար­կե­լով ­Յու­նա­կան մէկ ա­սա­ցո­ւած­քին. որ կ­’ը­սէ թէ «Ըն­կե­րը այլ ես մըն է «o fílos ine állos eaftós», եւ աս­կէ մեկ­նե­լով խրա­խու­սեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րը դուրս ել­լե­լու ու բա­ցո­ւե­լու միւս­նե­րուն, թի­կունք կանգ­նե­լու ի­րա­րու, մէ­կը միւ­սին բե­ռը շալ­կե­լով։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ա­պա Ապ­պուտ ա­նու­նով ­Սու­րիա­ցի մէկ ե­րի­տա­սար­դի ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­րորդ վկա­յու­թեան, որ իր երկ­րէն փա­խուստ տուած է, իր իսկ կեան­քը վտան­գի մատ­նե­լով եւ այժմ հա­սած է ­Յու­նաս­տան, նա­ւով, ծո­վի ճա­նա­պար­հով Սր­բա­զան ­Պա­պը ը­սաւ.
­
Մեծ ե­րազ­ներ ե­րա­զե­ցէք, միա­սին ե­րա­զե­ցէք

«Փր­կու­թիւ­նը բաց ծո­վուն մէջ է, փնտռտու­քի, ե­րազ­նե­րու հե­տապն­դու­մին մէջ է, իս­կա­կան ե­րազ­ներ, բաց աչ­քե­րով, ա­նոնք ո­րոնք կը նե­րառ­նեն յոգ­նու­թիւն, պայ­քար, հա­կա­ռակ քա­մի, յան­կար­ծա­կի փո­թո­րիկ­ներ։ ­Թոյլ մի տաք, որ վա­խը ձեզ ան­շարժ դարձ­նէ, մեծ ե­րազ­ներ ե­րա­զե­ցէք, միա­սին ե­րա­զե­ցէք եւ նոյ­նիսկ ե­թէ կան ո­մանք, ո­րոնք պի­տի փոր­ձեն ձեզ կանգնեց­նել, խրա­տել, որ լքէք ձեր ե­րա­զը, վտան­գի չ­’են­թար­կէք ձեր կեան­քը, դուք քա­ջու­թիւ­նը սնու­ցա­նե­ցէք յոյ­սով, ձեր ընտ­րանք­նե­րով, դի­մագ­րա­ւե­լով ան­յայ­տին վա­խը եւ դուրս գա­լով միա­ձե­ւու­թեան ճա­հի­ճէն», ը­սաւ ա­պա Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը, որ ճա­ռին ա­ւար­տին ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն խրա­տեց` «ու­ղիղ ընտ­րանք­ներ կա­տա­րել» ու մաղ­թեց, որ Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ, «­Հայ­րը, որ զի­րենք սի­րէ, ու­նե­նան յոյ­սին քա­ջու­թիւ­նը եւ մշտա­պէս յու­սան»։
«Աս­տո­ւած ձեզ կը սի­րէ յա­ռաջ բո­լորդ միա­սին» ը­սաւ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը։

«­Վա­տի­կան նիուզ – ­Հայ­կա­կան բա­ժին»

­Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, այս
պատ­գա­մը թող ըլ­լայ մե­զի «ձայ­նը ու լու­սը» որ կ­’ուղ­ղէ մեր ամ­բողջ կեան­քը։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆՈՒՆԴ
ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

­Հայր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան
Ա­ռա­քե­լա­կան ­Կա­ռա­վա­ռիչ 
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի