Պատգամ՝
Աւագ Սուրբ Շաբթուան – 2017
Սիրեցեալք ի Քրիստոս,
Ազգերուն պատմութեան մէջ ո՛ր դէպքը համայն մարդկութեան համար աւելի հռչակաւոր, ո՛րը աւելի օգտակար է Մարդեղութեան՝ Մահուան ու Յարութեան Խորհուրդէն։
Որդին Աստուած մարդ ըլլալով՝ Աստուած երկինքէն մինչեւ մարդուս տկար մարմինը կը խոնարհի, զայն կ՛ընտրէ իբրեւ իր կենդանի բնակարանը։
Որդին Աստուած յարութիւն առնելով՝ մարդկութիւնը Աստուծոյ կը կապուի, մարդը կը բարձրանայ մինչեւ Աստուծոյ գահը։
Ա՛յս է Որդին Աստուծոյ յարութիւն առնելու արդիւնքը։
Ադամ ու Եւա մեզ սատանային գերի կու տան։ Յիսուս իր յարութեամբ մեզ սատանայի ձեռքէն կ՛ազատէ եւ Աստուած մեզ կը բարեկամացնէ։
Աստուած միայն արդար չէ, այլեւ մանաւանդ Սէր է, կարելի է ըսել աւելի՛ Սէր է, քան արդար։
Ասոր համար երեսուն երեք տարի մեր մէջ բնակեցաւ՝ ընդունելով այն ամէն տառապանքները, զորս մեր բնութեան կապուած են։
Յիսուս իր երեսուներրորդ տարեկանին գործադրեց մարդկային փրկութեան ամբողջ ծրագիրը։
Յիսուս մեռնելէն առաջ մեզ յանձնեց իր Սուրբ Մօրը ու դարձանք
Մարիամու զաւակներ եւ Մարիամն ալ մեր Մայրը։
Սիրելիներ,
Աւագ Շաբթուան արարողութիւնները լոկ տեսական թող չըլլան, այլ՝ գործնական։ Սուրբ Խորհուրդներուն մօտենանք։ Հաղորդուինք Աւագ Հինգշաբթի օրը։ Հաղորդուինք Սուրբ Զատուան օրը։
Հիմա է Տէրը, մեզ կը կանչէ՝ երթալու իր գթութեան գիրկը։ Օգտուինք այս գթութեան օրերէն, չփախցնենք այս առիթը։ Անառակ որդւոյն նման ըսենք՛ «Մեղայ Հայր, ես այլ եւս արժանի չեմ քու զաւակդ կոչուելու։ Ասկէ յետոյ ինծի համար աշխարհը արժէք չունի, դուն պիտի ըլլաս իմ սէրս, իմ ամէն բանս»։
Աւագ Հինգշաբթի օրը ու Աւագ Ուրբաթ օրը այցելենք Յիսուսի խաչելութեան ու գերեզմանը։
Դիտենք այն սուրբ Վէրքերը, որ իր սէրը մեզի հանդէպ լայն բացեր է, մեզ իր սրտին մէջ տեղաւորելու համար։ Հոն Յիսուսի Գերեզմանին առջեւ ջերմեռանդութեամբ աղօթենք մեր անձին համար, մեզի սիրելի անձերուն համար։ Մեր հայրենիքին համար։
Բարեխօսէ մեզ համար, ո՜վ ցաւագին Սուրբ Կոյսն Մարիամ։
Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան
Վիճակաւոր Հայ Կաթողիկէ Յունաստանի