Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ Պատարագ եւ ապա ջրօրհնէք Սրբալոյս Միւռոնով:
Այս առիթով պիտի հանդիսապետէ եւ ջրօրհնէքը կատարէ թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան:
Կը հրաւիրուին բոլոր հաւատացեալները մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան եւ վերանորոգուելու Ս. Միւռոնի խորհուրդով:
Թաղային խորհուրդ Գոքինիոյ