Պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն Գարէայի մատռան «Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձին եւ անուանակոչութեան առիթով

0
25

Ի գի­տու­թիւն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին կը հա­ղոր­դենք թէ Եր­կու­շաբ­թի, 17 ­­Յու­նիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­­Գա­րէա­յի ­մա­տու­ռին մէջ, ­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թեամբ պի­տի նշո­ւի «Ս. ­­Սա­հակ եւ Ս. ­­Մես­րոպ» ­խո­րա­նին օծ­ման տա­րե­դարձն ու ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը:

­­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դը փո­խան­ցէ, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­­Գա­րէա­յի եւ ­­Նէոս ­­Գոզ­մոս(­­Ֆիքս)ի շրջա­նի դ­պիր­նե­րուն կող­մէ, դպ­­րա­պե­տու­թեամբ՝ բրշ. ­­Պետ­րոս սրկ. ­­Պար­սա­մեա­նի:

Ա­ւար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն, ա­պա ­հո­գե­հանգս­տեան ­պաշ­տօն շրջա­նիս հան­գու­ցեալ ­քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու, դ­­պիր­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Այ­սու կը հրա­ւի­րո­ւի ուխ­տա­ւոր եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, մաս­նա­կից դառ­նա­լու տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, եւ մեր սր­­բա­զան ­հայ­րե­րուն հա­ւատ­քով վե­րա­նո­րո­գուե­լու:

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԷՍԱՐԵԱՆԻԻ