Կի­րա­կի, 2 Յու­լիս 2023-ին, ա­ռա­ւօ­տեան, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը մա­տու­ցեց Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­րէց միա­բան հայ­րե­րէն՝ գերշ. Տ. Մու­շեղ արք. Մար­տի­րո­սեա­նին:
­Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ ար­ժա­նըն­տիր գա­հա­կալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 28-րդ­ ա­մեա­կին ա­ռի­թով, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք, նա­խա­գա­հու­թեամբ Մու­շեղ արք. Մար­տի­րո­սեա­նին, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հայր սուր­բին եւ սար­կա­ւագ­նե­րուն: Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քէն ետք, Սր­բա­զան հայ­րը նախ փառք եւ գո­հու­թիւն յայտ­նեց Աս­տու­ծոյ, որ տա­րի­ներ ետք ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց ի­րեն՝ ներ­կայ գտնո­ւե­լու Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Խո­րա­նին վրայ եւ ա­ղօ­թա­կից դառ­նա­լու Ս. Պա­տա­րա­գին:
Սր­բա­զան Հայ­րը անդ­րա­դառ­նա­լով Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քին, ը­սաւ. «28 տա­րի ա­ռաջ, Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեամբ, Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ար­ժա­նա­ցաւ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան»: Ան հայ­րա­պե­տը նման­ցուց մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րուն, ո­րոնք հսկայ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցած են վասն մեր ե­կե­ղեց­ւոյ բար­գա­ւաճ­ման: Ն­շեց, թէ Հայ­րա­պե­տի 28 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նա­ցան բազ­մա­թիւ ազ­գօ­գուտ ծրա­գիր­ներ. ան իր կեան­քը ծա­ռա­յու­թեամբ ար­ժե­ւո­րեց, ինչ որ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ս. Ա­թո­ռին պայ­ծա­ռու­թեան, շքե­ղու­թեան, վե­րա­շի­նու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման:
Սր­բա­զան Հայ­րը իր ա­ղօթ­քը բարձ­րա­ցուց առ Աս­տո­ւած՝ հայ­ցե­լով, որ ան­սա­սան պա­հէ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնն ու ա­նոր ար­ժա­նըն­տիր գա­հա­կա­լը:
Սր­բա­զան Հօր խօս­քէն ետք, Հայր սուր­բը իր կար­գին Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քին կող­մէ շնոր­հա­ւո­րեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 28-րդ տա­րե­դար­ձը, ա­նոր մաղ­թե­լով ա­րեւ­շատ օ­րեր, ինչ­պէս նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց, որ իբ­րեւ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ եւ ա­ռոյգ հո­վո­ւա­պետ, մօ­տէն կը հե­տե­ւի իր հօ­տին բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն կա­րիք­նե­րուն: Ա­պա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մու­շեղ արք. Մար­տի­րո­սեա­նին, որ ըն­դա­ռա­ջեց Հայր սուր­բի ա­ռա­ջար­կին եւ մաս­նա­կից դար­ձաւ Ս. Պա­տա­րա­գին:

ԹՂԹԱԿԻՑ