Պատասխան նամակ Արցախի համար առաքուած յունահայութեան
մարդասիրական օգնութեան կապակցութեամբ
Աթէնք, Յունիսի 28, 2022 թ.
Յունաստանի՝
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Կենտրոնական կոմիտէ
Հայ դատի գրասենեակ
Հայ Կապոյտ Խաչի գրասենեակ
Ի պատասխան 2020 թվ. Դեկտեմբերի 14-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտէի, Հայ դատի եւ Հայ Կապոյտ Խաչի գրասենեակների ներկայացուցիչների՝ Հ.Հ. Ա.Գ. նախարար Արա Այվազեանին եւ Հ.Հ. արտակարգ իրավիճակների նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանին, ինչպէս նաեւ ս.թ. Փետրուարի 7-ին Յունաստանի Հանրապետութիւնում Հ.Հ. դեսպանութիւն փոխանցած Հ.Հ. Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին եւ Հ.Հ. Ա.Ի. նախարարին հասցէագրուած 44-օրեայ պատերազմից տուժածներին աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով դեռ 2020 թ. Դեկտեմբերի 12-ին եւ 2021 թ. Յունուարի 9-ին յունահայ համայնքի մի շարք կազմակերպութիւնների նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ, ռազմական օդանաւով Հայաստան ուղարկուած հումանիտար օգնութեան չիրացման վերաբերեալ նամակների յայտնում ենք, որ համաձայն Հ.Հ. արտակարգ իրավիճակների նախարարութիւնից ստացուած տեղեկատուութեան՝ «Զուարթնոց»ի Բեռնատար համալիր «Կարգո» 12.12.2020 թ. 2654 կգ. եւ 09.01.2021 թ. 1543 կգ. ստացուած բեռների կապակցութեամբ Հ.Հ. Ա.Ի. նախարարութեան կողմից իրականացուել են բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները, բեռն ամբողջութեամբ տեղափոխուել է նախարարութեան կենտրոնական բազա:
Ցաւոք, պիտանելիութեան ժամկէտանց լինելու հանգամանքով պայմանաւորուած բեռի որոշ մասը ենթակայ է եղել ոչնչացման:
Յարգանքով՝
Տիգրան Մկրտչեան
ՆՇՄԱՐ
Բողոքի եւ զայրոյթի զգացումներով
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացած ահաւոր պատերազմէն ու անոր աւարտէն ետք՝ Յունաստանի տարածքին իրագործուած մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրման ու անոր տրամադրման հարցը, շարունակաբար մեր ուշադրութեան կեդրոնը մնացած լրջագոյն հարց է, իր բոլոր ծալքերով։
Ինչպէս ծանօթ է Հայ Օգնութեան Միութեան Յունաստանի երկու միաւորներու՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի նախաձեռնութեամբ իրագործուած մարդասիրական աշխատանքի հաւաքագրումը, հսկայական ճիգ պահանջող ու գաղութային զօրաշարժ պարտադրած տարածուն աշխատանք մը եղաւ, որ շուտով իր արդիւնքը տուաւ, հայ եւ յոյն ժողովուրդի ազնիւ ու լիաբուռն մասնակցութեամբ, որոնք փութացին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել՝ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներու եւ ի մասնաւորի զինուորներու առաջնահերթ կարիքները բաւարարելու նպատակով:
Այդ օրէն ի վեր, արդէն անցած է երկու տարի։ Այդ օգնութեան մէկ բաժինը օրին փոխանցուած էր Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն, որոնք անմիջական կերպով կազմակերպած էին անոնց բաշխումը կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն։ Սակայն, ամիսներ առաջ էր, երբ ի հեճուկս մեր ունեցած թիւր տպաւորութեան, Զուարթնոց օդանաւակայանի պահեստի գրասենեակի պատասխանատուներէն ի յայտ դարձաւ, թէ բժշկական սարքերու եւ դեղօրայքի բաժինը, որ հասցէագրուած էր Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան, չէր հասած իր նպատակին, այլ կը շարունակէր մնալ իրենց մօտ։
Այսօր հանրութեան կը տրուի Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանին կողմէ ստացուած նամակը, 28 Յունիս 2022 թուականով, ուր կը յայտնուի, թէ «բեռը տեղափոխուած է նախարարութեան կեդրոնական բազա», մինչ «պիտանելիութեան ժամկէտանց լինելու հանգամանքով պայմանաւորուած բեռի որոշ մասը ենթակայ է եղել ոչնչացման»…։
Դառն բաւարարուածութիւն ապրելով հանդերձ՝ որ վերջապէս կարելի եղաւ տեղ հասցնել այսքան հսկայական ճիգով հաւաքագրուած անհրաժեշտ պիտոյքներու քանակութիւնը, նախարարութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու մեր բոլոր ջանքերէն ետք, կարելի չէ չափսոսալ ու չվրդովիլ, ամբողջ գործընթացին կապակցութեամբ, որ ի յայտ բերաւ այդ ծայր աստիճան անկարողութեան եւ անտարբերութեան կեցուածքը՝ պատկան նախարարութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ։
Քանի մը օր առաջ, Յունաստան այցելեց Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ ուղղակի հասցէատէրը դարձաւ Յունաստանի կառավարութեան եւ յատկապէս Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ անձնապէս հնչեցուցած զօրակցական խօսքերուն։ Կեցուածք՝ որ գործնապէս արտայայտուած էր Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ, յոյն նախարարի այցելութեամբ Երեւան, պատերազմի օրերուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներգործութեամբ՝ մարդասիրական օգնութիւնը ժամուն Հայաստան տեղափոխելու երկու ռազմական օդանաւերու անմիջական տրամադրութեամբ։ Երկու նախարարութիւններն ալ անմիջապէս արձագանգած ու պատրաստակամօրէն մեր տրամադրութեան տակ դրած էին իրենց կարելիութիւնները, արձագանգելով մեր դիմումին, առանց որեւէ տատանումի կամ ուշացումի։ Այս կարեւոր ազդակին երբեք անդրադարձա՞ն արդեօք Հ.Հ. իշխանութիւնները, որ անտարբերութեամբ պատասխանեցին Յունաստանի պետութեան զօրակցական բացայայտ այս կեցուածքին։
Բողոքի եւ զայրոյթի մեր զգացումները բնաւ չեն ամոքեր գիտակցութիւնը, թէ ապրանքները վերջապէս հասան նախարարութիւն, բայց դեղօրայքի այնքան թանկագին դեղերու մէկ մասը ժամկէտանց ու անգործածելի դարձաւ ու երբեք չի ծառայեց հայ վիրաւոր զինուորի կարիքներուն, իսկ նոյն պահուն, ոեւէ անձնաւորութիւն ո՛չ հետեւանք, ո՛չ ալ որեւէ պատիժ կրեց իր պատասխանատութեան մէջ թերացած ըլլալու պատճառով։
Վերջապէս յայտնի է, թէ աժան սրտով դիմաւորուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդի ազնուութիւնը Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդներուն եւ հայ զինուորին հանդէպ։Բողոքի եւ զայրոյթի
զգացումներով

Վերջապէս յայտնի է, թէ աժան սրտով դիմաւորուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդի ազնուութիւնը Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդներուն եւ հայ զինուորին հանդէպ։