Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան տասնօրեայ ամառնային բանակումը, որ տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոսէն մինչեւ 27 Օգոստոս 2018, Քալամոսի նոր բանակավայրէն ներս, այսօր վերջ գտաւ խանդավառութեան եւ յուզումի մթնոլորտի մէջ:
Այս տարուան Պատանեկան Միութեան բանակողները բախտաւորութիւնը ունեցան ծանօթանալու եւ 10 օրեր միասին անցընելու Արցախէն ժամանած 23 պատանիներուն եւ անոնց 2 ուղեկցողներուն հետ՝ առիթը ունենալով անոնց հետ հաղորդակցելու, մտերմանալու եւ գիտելիքներ փոխանակելու:
Շաբաթ՝ 25 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ բանակումի փակման հրապարակային հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ՝ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Ֆիքսի ու Գոքինիոյ Հոգեւոր Հայրերուն, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, գաղութի միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով ծնողներու, մեծ մայրերու, մեծ հայրերու եւ Պատանեկան Միութեան բանակումները քաջալերող հայրենակիցներու:
Բանակումին մասնակցող 95 պատանիներուն իրենց վարիչներու օգնութեամբ պատրաստած կոկիկ հանդիսութիւնը խանդավառեց ներկաները՝ հայկական երգերով ու պարերով: Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշկերոյթ՝ բանակավայրին մէջ, ուր ներկաները առիթը ունեցան ընկերային մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցընելու իրենց բարեկամներուն հետ:
Վաղուան մեր թիւով պիտի անդրադառնանք բանակումի աշխատանքներուն եւ մթնոլորտին, ինչպէս եւ փակման հանդիսութեան յայտագրին:
Պատանեկան Միութեան 38րդ տասնօրեայ բանակումը
Իր աւարտին հասաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 38րդ տասնօրեայ բանակումը Շաբաթ՝ 25 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ փակման հրապարակային հանդիսութիւնը