­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ կայք հաս­տա­տած ­Հա­յաս­տա­նէն հայ­րե­նա­կից­նե­րու ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լու ի խնդիր կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, յատ­կա­պէս ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի յա­րա­բե­րա­կան կա­պե­րուն եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քով, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կեան­քէն ներս ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ հա­յան­պաստ կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն մը:
Ե­րեք­շաբ­թի՝ 25 ­Սեպ­տեմ­բեր 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1ին, ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ, ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Յու­նաց Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի մի­ջեւ կա­րե­ւոր հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ըստ ո­րուն՝ ­Մե­սի­նիայ­սի ­Յու­նաց Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը, օ­րի­նա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րով, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ 20 տա­րո­ւան հա­մար ­Քա­լա­մա­թա­յի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ են­թա­կայ «­Սուրբ ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղե­ցին: ­Հա­մա­ձայ­նագ­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նէն ներս: ­Ներ­կայ էին ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան եւ ան­դամ­ներ՝ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան ու ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Սո­ֆիա ­Մար­գա­րեան եւ ան­դամ տի­կին ­Վար­սե­նիկ ­Գալս­տեան: ­Յու­նաց կող­մը կը ներ­կա­յաց­նէին՝ Խ­րի­սոս­թո­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տը, Ա­ւա­գե­րէց ­Ֆի­լի­փոս ­Վար­դա­պե­տը եւ խումբ մը ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ու պրն. ա­տե­նա­պե­տի ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան խօսք առ­նե­լով յա­նուն յու­նա­հայ գա­ղու­թին իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին, որ ար­դէն մօ­տիկ կա­պեր հաս­տա­տած է տեղ­ւոյն հա­յու­թեան հետ եւ, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան դի­մու­մին ու գա­ղու­թի կա­րի­քին, Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի կից գտնո­ւող «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղե­ցին ո­րո­շած է տրա­մադ­րել հայ­կա­կան գա­ղու­թին: ­Խօս­քի ա­ւար­տին՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կաթո­ղի­կո­սա­րա­նի պատ­րաս­տած «­Նա­րեկ» Ա­ղօ­թա­մա­տեա­նի 1173 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին ձե­ռագ­րի հա­րա­զատ պատ­ճէ­նա­հան­ման ար­ծա­թա­պատ հա­տո­րէն օ­րի­նակ մը նո­ւի­րեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին:
Իր կար­գին՝ Խ­րի­սոս­թո­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ու ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:
­Հարկ է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, թէ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ յոյն ­Մետ­րո­պո­լիտ մը իր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մին կը տրա­մադ­րէ յու­նա­հա­յու­թեան, ուր ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ­Պա­տա­րագ­ներ: ­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նի ա­ռա­ջար­կով՝ Խ­րի­սոս­թո­մոս Ար­քե­պիս­կո­պոս իր ըն­կե­րա­կից­նե­րով եւ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լե­ցին «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղե­ցին, ուր կա­տա­րո­ւե­ցաւ կարճ ա­ղօթք մը:
Կէսօրին, Ազգային Վարչութիւնը պաշտօնական ճաշկերոյթով մը պատուեց Մետրոպոլիտն ու պատուիրակութիւնը: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, Ազգային Վարչութիւնն ու Կրօնական Ժողովը հանդիպում մը ունեցան Քալամաթայի Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ եւ, միասնաբար, ծրագրեցին յառաջիկայ կազմակերպչական աշխատանքները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ բացատրութիւն մը տուաւ յունահայ գաղութային կառոյցին մասին եւ իր շեշտը դրաւ շրջանի հայութիւնը միատեղ հաւաքելու եւ զօրացնելու հրամայականին վրայ:
Եկեղեցին պիտի գործէ Քալամաթայի հայութեան եկեղեցական եւ հոգեւոր կարիքներու մատակարարման համար։ Նկատի ունենալով՝ որ շրջանը չունի մնայուն հոգեւոր հովիւ, առ այժմ արարողութիւնները եւ խորհրդակատարութիւնները պիտի կատարուին Կրօնական Ժողովի տնօրինումով։
Ըստ նախնական ծրագրումին ամիսը անգամ մը, Շաբաթ օրով, Ատտիկէի հոգեւոր հովիւներէն մին հերթաբար պիտի այցելէ Քալամաթա, Պատարագ պիտի մատուցէ, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպում պիտի ունենայ տեղւոյն հայութեան հետ: Եկեղեցիէն ներս պիտի կատարուին նաեւ խորհրդակատարութիւններ: Առաւել եւս, ամէն Դեկտեմբերի սկիզբը, Ս. Նիկողայոս Հայրապետի տօնին առթիւ, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի