Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մ­շա­կու­թային ­Ժա­ռան­գու­թեան ­Կո­մի­տէի 40րդ նս­տաշր­ջա­նին կա­տա­րո­ւած քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւն­քով՝ Ա­նի քա­ղա­քը ընդգր­կո­ւած է հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ:

Յի­շեցը­նենք, որ 2012 թո­ւա­կա­նին Ա­նին ընդգր­կո­ւած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­կին մէջ: ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը իր ե­լոյ­թին մէջ նշած է, որ Ա­նի հին քա­ղա­քը ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնուող թի­ւով 16րդ շր­ջանն է, որ ընդգրկո­ւած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ:

Ան ԵՈՒՆԵՍՔՕի ո­րո­շու­մը ո­րա­կած է իբ­րեւ «հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, բազ­մա­զա­նու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան» հա­մար կա­տա­րո­ւած կա­րե­ւոր քայլ մը.- «Ա­նա­տո­լիան (­Փոքր Ա­սիան) ոչ թէ մշա­կոյթ­նե­րու ու քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու գե­րեզ­ման, այլ՝ թան­գա­րան է: Այս ո­րո­շու­մը հպար­տու­թիւն կը ներշն­չէ:

Այ­սօր ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ յու­սադ­րող ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցինք»,- «Ա­կունք»ի փո­խանց­մամբ ը­սած է ան։ ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ո­րոշ­ման կա­յաց­ման մէջ կա­րե­ւոր հա­մա­րած է Վ­րաս­տա­նի, Ի­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը` շեշ­տե­լով, որ «քա­ղա­քակր­թու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը պէտք է բռնու­թե­նէ եւ տա­րա­կար­ծու­թե­նէ վեր դա­սել»:

Այ­նու­հե­տեւ ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կած է ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը` յայտ­նե­լով, որ այս ո­րո­շու­մը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ո­րուն պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րուն մեծ մա­սը դուրս է իր ներ­կայ սահ­ման­նե­րէն: Ան նշած է, որ միջ­նա­դա­րեան ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ա­նին ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար թան­կար­ժէք զարդ է, այ­նու­հե­տեւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ «Ա­նին կը պատ­կա­նի ոչ թէ մէկ ազ­գի, այլ հա­մայն մարդ­կու­թեան»։