Վատիկանի գաղտնի արխիւները հետազօտող Վալենթինա Վարդուհի Կարախանեան տեղեկութիւններ հաւաքած է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Հռոմի Պենետիքթ ԺԵ. Պապի նուիրակը տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ փորձած կասեցնել զայն:
Հետազօտողը «Ռոմ Ռիփորթզ»ին պատմած է, թէ պատրաստուող գիրքի գլխաւոր դերակատարներէն է Պապի ներկայացուցիչ, կարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն փորձած է զօրաշարժի ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ դիւանագիտական խումբը, դատապարտած է կատարուող դէպքերը ու, թէեւ առանց յաջողութեան, սակայն այդ խնդիրով հասած է նոյնիսկ մինչեւ սուլթանին:
«Մենք փորձած ենք փաստաթուղթները դասաւորել այնպէս, որ անոնք ինքնաբերաբար արդէն փաստեն հայերու կոտորածին մասին: Գիրքի դերակատարներուն մէջ կան հայեր, եպիսկոպոսներ, նուիրակներ եւ դեսպաններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած են 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան»,- նշած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան պատմած է, որ Վատիկան այդ տարիներուն ըրած է կարելի եւ անկարելի ամէն բան, քանի որ նուիրակը հանդիպում ունեցած է նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք դուրս են դիւանագիտական շրջանակէն:
«Պատուիրակը իրաւունք չէ ունեցած դիմելու բազմաթիւ մարմիններու: Սակայն ան գացած եւ ցոյց տուած է պատուիրակութեան յատուկ փաստաթուղթներ, քանի որ սուլթանին հասնելու համար անհրաժեշտ էր ցոյց տալ Հռոմի Պապին ստորագրութիւնը: Ան հանդիպում ունեցած է նախարարներու, գլխաւոր վեզիրին եւ սուլթանին հետ: Ան խօսած է Պապին եւ Սուրբ Աթոռին անունով, քանի որ վստահ էր, թէ Հռոմի օրուան Պապը կ՛ուզէր օգնել եւ փրկել այս ժողովուրդը»,- դիտել տուած է Կարախանեան:
Վատիկանի գաղտնի արխիւէն գտած նիւթերուն մէջ կան այդ տարիներուն արձանագրուած փաստեր՝ իրենց տուներէն վտարուած քրիստոնեաներու ոչնչացման վերաբերեալ: «Որոշ տարածքներու մէջ անոնք կը կոտորուէին, միւսները կ՛աքսորուէին անյայտ ուղղութիւններով՝ ճամբաներուն վրայ մահանալով։ Կային մայրեր, որոնք նոյնիսկ իրենց զաւակները կը վաճառէին՝ զանոնք մահուան ճիրաններէն պաշտպանելու նպատակով»,- պատմած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան նշած է, որ Պապին պատուիրակը գիտակցած է, որ տեղի ունեցածը ո՛չ միայն հայերուն կը վերաբերէր, այլ այդ տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ էր։