Ե­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը տուաւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ փրոֆ. Եոր­ղոս ­Գա­մի­նի­սին:
Ա­ռաջ­նորդ Ս­բա­զա­նին կ’ըն­կե­րա­նա­յին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, փոխ-ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Կիւ­րիւն­լեան եւ վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, որ ա­ռա­ջին հան­դի­պումն է ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­լէն ետք, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տի ա­նոր պաշ­տօ­նը, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար բա­ւա­կան մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն են­թադ­րող պե­տա­կան պաշ­տօն­նե­րէն մէկն է։
Պրն. քա­ղա­քա­պե­տը իր կար­գին շնոր­հա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց՝ յա­տուկ կեր­պով նշե­լով ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին գոր­ծու­նէու­թիւնն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Յի­շեց Ա­թէն­քի հա­յոց մայր ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճին գե­ղեց­կու­թիւ­նը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը պրն. քա­ղա­քա­պե­տին ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­ցին հե­տե­ւեալ ե­րեք փա­փաք­նե­րը.- Ա­թէն­քի մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բուն եւ շրջա­պա­տի բա­րե­զար­դու­մը, ինչ­պէս նաեւ լու­սա­ւո­րու­մը, Ա­թէն­քի «­Վա­սի­լէոս ­Ղէոր­ղիու» պո­ղո­տա­յին վրայ զե­տե­ղո­ւած հայ­կա­կան խաչ­քա­րի լու­սա­ւո­րու­մը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս դադ­րած էր լու­սա­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լէ, ինչ­պէս նաեւ պրն. քա­ղա­քա­պե­տին կա­տա­րե­ցին վեր­յի­շե­ցում մը՝ Ա­թէնք-Ե­րե­ւան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու եղ­բայ­րաց­ման գծով առ­նո­ւած նախ­կին քա­ղա­քա­պետ­նե­րու ո­րո­շում­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը սոյն անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ պրն. քա­ղա­քա­պե­տին յանձ­նեց յար­գան­քի յու­շա­տախ­տակ մը իր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­նու­նով։ Պրն. քա­ղա­քա­պե­տը իր կար­գին Սր­բա­զան ­Հօր յանձ­նեց գիրք մը՝ ­Պէ­նա­քի թան­գա­րա­նէն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ