Ե­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Մա­յիս 2021-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը՝ գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ ­Քոս­թաս ­Պա­քոեա­նի­սին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կ’ըն­կե­րա­նա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տի իր պաշ­տօ­նը, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար բա­ւա­կան մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն են­թադ­րող պե­տա­կան պաշ­տօն­նե­րէն մէկն է, եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Ա­թէնք մայ­րա­քա­ղա­քի զար­գաց­ման հա­մար իր կա­տա­րած բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն։
Պրն. քա­ղա­քա­պե­տը իր կար­գին յա­տուկ կեր­պով նշեց ­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քին գոր­ծու­նէու­թիւնն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­կա­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ա­ջա­կից ըլ­լա­լու յու­նա­հայ հա­մայն­քին թէ կա­րիք­նե­րուն եւ թէ փա­փաք­նե­րուն։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը սոյն այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ պրն. քա­ղա­քա­պե­տին յանձ­նեց հայ­կա­կան խաչ­քա­րի ման­րա­քան­դակ մը։

­Դի­ւան Ազգա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի