Ուր­բաթ՝ 31 ­Մարտ 2017ին, ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ պրնք. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան ու ­Նա­զար Ա­ւա­գեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւին ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րը։ Ա­նոնց միա­ցաւ նաեւ շրջա­նի մօտ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան։ ­Գա­վա­լա­յի օ­դա­կա­յա­նին մէջ Սր­բա­զան ­Հօր դի­մա­ւո­րեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը օ­դա­կա­յա­նէն ուղ­ղո­ւե­ցաւ Ք­սան­թիի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի։ ­Զինք դի­մա­ւո­րեց ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Քա­րաօղ­լա­նեան։ ­Կարճ զրոյ­ցէ մը ետք, Սր­բա­զան ­Հայ­րը այ­ցե­լեց ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տուն եւ ա­պա մեկ­նե­ցաւ ­Գո­մո­թի­նի։ ­Միջ-թա­ղա­յի­նի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան կէ­սօ­րո­ւան ճա­շով պա­տո­ւեց Սր­բա­զան ­Հօր։
­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հսկու­մի ժա­մեր­գու­թիւն, ա­պա՝ նա­խա­տօ­նակ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւոր­չի մուտն ի վի­րա­պի յի­շա­տա­կին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը։ ­Ներ­կայ էին ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան եւ ան­դամ­ներ, Ք­սան­թիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­ներ, Կ.­Կո­մի­տէի ան­դամ տիկ. Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան, ­Միջ-թա­ղա­յի­նի ա­տե­նա­պե­տը եւ մեծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։
­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը քա­րո­զով մը հան­դէս ե­կաւ։ Ան ը­սաւ.- «­Մեծ պահ­քը լա­ւա­գոյն ա­ռիթն է մար­դուն հա­մար՝ իր սրտով ու հո­գիով ա­ռանձ­նա­նա­լու եւ ծուն­կի գա­լով ա­ղօ­թե­լու Աս­տու­ծոյ։ Այս­պէս ը­րաւ նոյ­նինքն մեր մեծ ­Հայ­րա­պե­տը՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ, ­Խոր ­Վի­րա­պին մէջ։ Ա­ղօ­թեց եւ Աս­տուծ­մով զօ­րա­ցաւ»։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու դե­րին։ Ան շեշ­տեց, թէ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին ազ­գին ե­կե­ղե­ցին է, ուր պահ­պա­նո­ւե­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն ու մշա­կոյ­թը։ Ա­ւար­տին, ­Կո­մի­տաս Ար­քե­պիս­կո­պոս քա­ջա­լե­րեց ժո­ղո­վուր­դին՝ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­ւա­քո­ւե­լու եւ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լով պահ­պա­նո­ւե­լու։
­Գի­շե­րը Սր­բա­զան ­Հայրն ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի կող­մէ հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը, ուր ա­մէն Ուր­բաթ ե­րե­կոյ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ըն­կե­րա­յին ու ըն­տա­նե­կան ե­րե­կոյ։ ­Մեծ թի­ւով ըն­տա­նիք­ներ կը հա­ւա­քո­ւին սրահ եւ միաս­նա­բար կը ճա­շեն, գե­ղե­ցիկ ու հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, տես­նե­լէ ետք ներ­կա­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ մթնո­լոր­տը, ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տեց զի­րենք եւ քա­ջա­լե­րեց այդ սո­վո­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու։
­Շա­բաթ՝ 1 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տուն, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Տէր ­Հօր ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ ­Տի­տի­մո­թի­քօ եւ այ­ցե­լեց Ս. ­Գէորգ պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան դի­մա­ւո­րեց ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ պրն. Հ­մա­յեակ Ան­տո­նեան։ Ետ­քը ուղ­ղո­ւե­ցան Օ­րէս­թիա­տա՝ տես­նե­լու եւ քննե­լու հա­մար ­Գա­լուս­տեան Կ­տա­կէն բա­ժին ին­կած կա­լո­ւա­ծին վի­ճա­կը։ Պրն. ­Վա­նի ­Գա­սա­պեան եւ տիկ. ­Զա­պէլ ­Փա­փա­զեան դի­մա­ւո­րե­ցին հիւ­րե­րը։ Ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին նաեւ միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րան, ուր դաս­տիա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ տիկ. ­Սու­լա ­Գա­սա­պեան եւ ու­սուց­չու­հի տիկ. ­Սա­թիկ Ան­տո­նեան բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւին վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ետ­քը ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կէ­սօ­րո­ւան ճաշ մը հիւ­րե­րուն հա­մար։
­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ա­պա այ­ցե­լեց ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տուն, ուր Սր­բա­զան ­Հայ­րը «­Հոգ­ւոց» ա­ղօթ­քը ար­տա­սա­նեց ազ­գա­յին բա­րե­րար ­Յա­րու­թիւն ­Գա­լուս­տեա­նի դամ­բա­րա­նին վրայ։
­Վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ, Սրբա­զան ­Հայ­րը, ­Տէր ­Հայրն ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ այ­ցե­լե­ցին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին։ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Գուր­պա­նեան եւ ան­դամ­ներ պրն. ­Վար­դօ ­Մա­րու­քեան եւ տիկ. ­Սօ­ֆի Ա­միր­խա­նեան դի­մա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։
Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րո­գու­թեան, գոր­ծու­նէու­թեան եւ միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մա­սին։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը։
­Գո­մո­թի­նի վե­րա­դար­ձին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը այ­ցե­լեց նաեւ տեղ­ւոյն ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։
­Շա­բաթ՝ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00ին, ­Գո­մո­թի­նիի ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Միջ-թա­ղա­յին ժո­ղով, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի։
­Ներ­կայ էին ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նախ­կին ան­դամ տիկ. ­Ման­նիկ Աշ­րեան եւ հիւ­րեր։ Սր­բա­զան ­Հօր ա­ղօթ­քով բա­ցո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վը։ Ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեա­նի բա­րի գալս­տեան խօս­քէն ետք, ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Կո­մի­տաս Ար­քե­պիս­կո­պոս։ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան իր կար­գին զե­կոյց մը տո­ւաւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ա­պա՝ քա­նի մը կէ­տե­րու շուրջ ե­ղան յա­տուկ քննար­կում­ներ։
­Միջ թա­ղա­յի­նի ան­դամ­ներ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւին շրջան­նե­րու ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թեանց մա­սին։ Ա­ւար­տին շեշ­տո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ծի­րէն ներս մնա­յուն կապ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Սր­բա­զան ­Հօր ա­ղօթ­քով փա­կո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վը։
­Գի­շե­րը հիւ­րե­րը մեկ­նե­ցան Ք­սան­թի, ուր տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ յա­տուկ ճաշ­կե­րոյթ մը։ ­Կի­րա­կի՝ 2 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, Սր­բա­զան ­Հայրն ու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձան Ա­թէնք։

ԹՂԹԱԿԻՑ