Միհրան Քիւրտօղլեան
Իրաւունքի տիրացման ուրիշ ճամբայ չկայ, բացի պայքարէն:
Համամարդկային պատմութիւնը բիւրեղացուցած է իր վճռական եզրակացութիւնը, թէ կեանքը, ծառայութեան կերպ մը ըլլալէ առաջ, սկիզբէն մինչեւ վերջ անկասելի պայքար է, միաժամանակ եւ փոխադարձաբար պայքարն ալ կեա՛նք է ու կենսագործութի՛ւն, ինչպէս սոսկական անհատի, նոյնպէս եւ ազգերու համար:
Նոյնիսկ ամէնէն խաղաղապաշտն ու «քեզ ապտակողին միւս երեսդ դարձուր» պատուէրին ծայրայեղօրէն հետեւող հաւատացեալը խուսափում չունին պայքարելու հարկէն, քանի որ խաղաղասէր կամ բարեպաշտ ըլլալը ամէն բանէ առաջ իրաւունք մըն է եւ իրաւունքը կ’ապահովուի ու կը պահպանուի միակ ճանապարհով՝ պայքարով:
Ահա թէ ինչու պատմութենէն անհետ կորսուած են ու մոռացութեան տրուած այն ազգերը, որոնք չեն հետեւած պայքարի տրամաբանութեան:
Ահա նաեւ, թէ ինչու մենք կարողացանք դարերու աւերածութիւններէ, նոյնիսկ ցեղասպանութենէն յառնել եւ պատմական մեր երթը շարունակելով հասնիլ ներկային: Եւ մեր ներկան պահ մը տեսնենք ցեղասպանութեան 100ամեակի խորապատկերին վրայ:
Խոստովանինք, որ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նոյնիսկ մեզի համար անսպասելի էին 100ամեակի կոչին համազգային մաշտապով հայ զանգուածներու մեծածաւալ ընդառաջումը եւ անոր յառաջացուցած համաշխարհային արձագանգին անչափելի տարողութիւնը: Հաստատուեցաւ, որ ցեղասպանութիւնը մշտարծած պահելու խնդիրը, բացի ազգային արժանաւորութիւն մը ըլլալու հրամայականէն, իբրեւ ազդակ՝ է՛ նաեւ քաղաքական շատ կարեւոր ու չմաշող դրամագլուխ մը՝ հայ զանգուածներ զօրաշարժելու, Թուրքիան շփոթի ու ջղաձգութեան մատնելու եւ միջազգային համակրանք շահելու համար:
Սակայն հիմա, Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին, ինքզինք կը պարտադրէ հարցականը, թէ անցնող չորս տարիներուն ի՞նչ ըրինք արդեօք, որ նո՛ր իրագործում մը, նո՛ր յաջողութիւն մը արձանագրած ըլլանք ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման պահանջքի մեր արշաւին մէջ: Կրնա՞նք ըսել, թէ ներկայիս քայլ մը առաջ ենք, քան ուր որ էինք 100ամեակին:
Այս հարցումին պատասխանելու համար նախ արագ ու համառօտակի պարզենք, թէ ինչպէ՞ս հասանք հոն՝ 100ամեակին:
Մինչեւ յիսնամեակ վերապրումի եւ յիսնամեակէն 100ամեակ ինքնահաստատման ու վերականգնումի մեր ճամբորդութիւնը երբե՛ք, երբե՛ք դիւրին չեղաւ սփիւռքեան պայմաններու մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Միջին Արեւելքի սփիւռքակեդրոն հայօճախներուն՝ Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Պարսկաստանի եւ միւս երկիրներու պատերազմական ու տնտեսական ահաւոր տագնապները, որոնց բովին մէջ՝ սարսռալի ներկայի եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջէ հալածուած ըլլալով հանդերձ չդադրեցանք մաքառելէ, որպէսզի բարձր պահենք ազգային արժանաւորութիւնը եւ տիտանեան ճիգերով յաջողեցանք ոչ միայն սերունդները ներշնչել ցեղասպանութեան դատով, այլեւ զուգահեռ՝ բազմակողմանի աշխատանք ծաւալեցինք եւ կարելի դարձուցինք ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը միջազգային ատեաններէ ու անջատ երկիրներու խորհրդարաններէ:
Այս յաջողութիւնները, առաջ քան ամենայն, առաւեաբար կը պարտինք յաջորդական սերունդներու քաղաքականացած կորիզին, որ ազգովի մղուած պայքարին մղիչը հանդիսացաւ բազմաճիւղ ճակատներու վրայ. յարաբերական-քաղաքական ու ակադեմական շրջանակներ մեր դատին ուղեկից դարձնելու ջանքերով, քարոզչական ու ցուցական ելոյթներով, նաեւ՝ ընդյատակեայ պայքարով:
Հայաստանի մէջն ալ հողերու պահանջքով հայրենի մեր ազգակիցներուն յիսնամեակի քաղաքական զարթօնքը, ապա Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կառուցումը եւ իբրեւ ուխտավայր հոն կատարուած շարունակական այցելութիւնները վառ պահեցին ցեղասպանութեան դատը: Եւ այսպէս, խայտաբղէտ ու բազմաշերտ սփիւռքի եւ հայրենի հայութիւնը միասնական ճակատ կազմած բոլորուեցաւ միեւնոյն նպատակին շուրջ, որ հայ դատն է:
Ահա այս խորապատկերին վրայ եւ անկախ Հայաստանի պետական կշիռով նախաձեռնուած 100ամեակը ունեցաւ համաժողովրդական աննախընցած տարողութիւն, որուն ականատեսները եղան աշխարհն ու մենք:
«Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ».Պետականօրէն եւ ազգային միասնութեամբ բանաձեւուած ու յայտարարուած այս լոզունգը կ’արտայայտէր ազգին հետապնդած 100ամեայ նպատակը եւ կը վերածուէր հայ զանգուածները համախմբող մագնիսի:
Հայ դատի, ազգային իրաւունքի ու արժանաւորութեան ի խնդիր մեր ծաւալած անյուսահատ պայքարին, յաղթական յառաջխաղացքին ու արձանագրած յաջողութիւններուն առջեւ, իբրեւ մարդ կարելի է միա՛յն զարմանալ ու հիանալ եւ իբրեւ հայ՝ միա՛յն հպարտանալ:
Այս այսպէս ըլլաով հանդերձ, չենք կրնար հանգիստ ըսել, թէ յիշելու եւ պահանջելու համար պատրաստեցինք կամ պատրաստի ունէինք ընելիքներու ցուցակ մը՝ ռազմավարական ուղի մը: Գիտենք, որ Ռազմավարութեան մը բովանդակութիւնը ճշդելու գլխաւոր նախապայմանը ինքնաճանաչումն է, սեփական տկարութիւններուդ դարմանումն է, ունեցած ուժիդ ու կարելիութիւններուդ ճշգրիտ գնահատումն է եւ անշուշտ թշնամիիդ ճանաչողութիւնը:
Չտարածուելու համար, միա՛յն շեշտենք, թէ Հայաստանի «տկարութիւնը» իր դիմագրաւած բոլորիս ծանօթ բազմապիսի դժուարութիւններն են, իսկ սփիւռքի պարագային՝ գործող կառոյցներու յոգնածութիւնն է, չըսելու համար սպառուածութիւնը: Չանտեսելով ոչ-արհամարելի այլ պատճառներու գոյութիւնը, գլխաւորաբար վերոնշեալ տկարութիւններուն հետեւանքով ստեղծած ենք ազգին սպառնացող մեր ներքին ահարկու թշնամին՝ արտագա՛ղթը:
Արտագաղթ՝ Հայաստանէն: Այս արտագաղթը չնշանաւորուեցաւ իբրեւ ներգաղթ՝ դէպի սփիւռքեան հայօճախներ, այսինքն դէպի կազմակերպ հայագաղութներ: (Բայց ասիկա արդէն լրջագոյնս քննարկուելիք ուրիշ թեմա է):
«Արտագաղթ»՝ նա՛եւ սփիւռքի մէջ՝ հայկականութենէ, գաղութային կառոյցներէ, կազմակերպ կեանքէ: Այս «արտագաղթ»ի ախտը համատարած է: Անկէ վարակուած է նոյնիսկ սփիւռքի արիւնատար երակը համարուող լիբանանահայութիւնը:
Ի՞նչ կրնայինք ընել ու չըրինք մեր էութիւնը կրծող-հիւծող ներքին այս մեծ «թշնամին» չէզոքացնելու կամ անոր չարիքը գէթ թեթեւացնելու համար:
Այս հարցումին պատասխանը գտած ու տուած էր Աբօ Պողիկեան՝ Ասպարէզի «օրը-օրին» սիւնակէն, 100ամեակին յաջորդող օրերուն: Դէպի հեռակայ թիրախներ սլացող մեծ-մեծ գաղափարներու չէր վերաբերեր ըսածը, այլ իր սիւնակէն, պարզ ու յստակ ցոյց կու տար այդ օրէն վերջ անմիջական մեր ընելիքը, ինչ որ, ստորագրողիս յաւելեալ զարդարանքով կը բանաձեւուի հետեւեալ տողերով.
«…Թողունք մտքի դարձդարձիկ մարզանքները, որոշ ժամանակի մը համար ձերբազատինք իրարու յաջորդող ցուցադրական խորհրդաժողովներու ծախսէն ու շռայլանքէն եւ անոնցմով տպաւորութիւն գործած ըլլալու խաբկանքէն: Տքնինք-խոկանք, մեր կառոյցներու գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար կենդանի գործի ծրագիր մշակենք, հետամտինք այդ ծրագրի իրացման, որպէս զի մեր կառոյցներուն շուրջ համախմբել կարենանք Գալիֆորնիոյ 130.000-160.000, Լիբանանի 50.000, Աթէնքի 2.500-3.000 ու այլ քաղաքներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ 100ամեակի ցոյցերուն թէ երթերուն բազում հազար թիւերով մասնակից հայ զանգուածները: Ա՛յս է անմիջականը, անյետաձգելի՛ն, մեր նո՛ր պայքարը»:
Գիտենք, որ ըստ ժամանակի ու թիրախի ամէն պայքար կ’ունենայ իրեն յատուկ զէնքը: Տեղ մը նետն է կամ գնդացիրը, այլ պարագայի՝ քարոզչութիւնը: Գիտենք, որ զէնքի էութիւնը չի փոխուիր, կը մնայ նոյնը, կը փոխուի անոր բնոյթը միայն:
Ներկայ ժամանակին մէջ եւ մեր ձեռնարկելիք նոր պայքարին համար հուժկու եւ ազդեցիկ զէնքը համացանցն է եւ անոր առնչակիցը՝ social mediaն: Այսօրուան պատանիին, երիտասարդին եւ միջին տարիքի մարդուն անբաժան ընկերներն են բջիջայինը, համացանցը, որոնք գոհացում կու տան անոնց հետաքրքրութիւններուն, նաեւ՝ զբօսնելու պահանջին: Կարելի է ըսել, որ անոնք հոգեմտաւոր սնունդը կը հայթայթեն պատանի-երիտասարդին ու տարիքաւորին: Հոն ամէն ինչ կայ, բացի մեզմէ: Հոն՝ մեծ բացական ենք մենք: Հայօճախները պիտի կարենա՞ն հայկական մետիա (արմինիան մետիա) հիմնադրել եւ տարիքային մանկավարժ-հոգեբաններու գործակցութեամբ բջիջայիններուն ու համակարգիչներուն վրայ բարեկամական «յարձակումներով» կաթիլ առ կաթիլ սերունդին եւ ուծացման ճամբուն վրայ գտնուող արտագաղթողներուն ներարկելու համար հայրենիքի սէր, կարճ՝ մեր ազգի արժեհամակարգը, ներկայի մեր խնդիրներն ու նպատակները եւ ապագայի տեսլականները: Ի հարկին՝ նաեւ տեղական լեզուն օգտագործելով օտարախօս հայերու համար:
Մեր ներքին ու սարսափազդու այս «թշնամիին»՝ (արտագաղթին) յաղթելու, ինչպէս նաեւ հայ զանգուածները համախմբելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար պէտքը չունինք ռազմական պատրաստուածութեան, ռմբաձիգ սարքերու: Բաւարար են հաւատքը, տեսլականը, վճռականութիւնը, աշխատանքի տրամադրուածութիւնը:
Առաքինութիւններ, որոնք իբրեւ առանցքը մարտավարական բովանդակութեան, նախապայման են հայ կեանքի վերակառուցման միտուած նոր պայքարին համար:
Ասիկա առաւելագոյն կարելին է, որու շնորհիւ թերեւս նուազագոյն ձեռքբերումներ ունենանք:
Հայաստանէն սփիւռք հայ կեանքը այնքան բարդութիւններ ունի, որ մեզ կը պարտաւորէ բազմամակարդակ օրակարգով գործելու…: