­Յու­նո­ւար 24ի օ­րը ծնած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան հան­ճա­րեղ նո­րա­րա­րը՝ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ։
­Թէեւ միայն 47 տա­րի ապ­րե­ցաւ ե­ղե­րա­բախտ բա­նաս­տեղ­ծը, բայց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դի, հո­գեմ­տա­ւոր ի­մաս­տու­թեան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րու­թեան այն­քա՜ն կեն­սա­յորդ ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ մեր ազ­գա­յին նե­րաշ­խարհն ու երկ­նա­կա­մա­րը լու­սա­ւո­րեց յա­ւեր­ժա­լոյս աստ­ղի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ։
­Միայն հան­ճա­րեղ չէր ­Սե­ւակ, նոյ­նինքն ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին խո­հո՜ւն բա­նաս­տեղծն էր։
Դ­ժո­ւար էր հա­ւա­տալ եւ օ­րին միայն ծա­ռա­յա­միտ­նե­րը ու­զե­ցին հա­ւա­տալ ու հա­ւա­տաց­նել, թէ 17 ­Յու­նիս 1971ին պա­տա­հած եւ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի մա­հո­ւան պատ­ճառ դար­ձած ճամ­բու ար­կա­ծը իս­կու­թեան մէջ այդ­պի­սին էր՝ սո­վո­րա­կան ճամ­բու ար­կած մըն էր։
Ո՛չ, պար­զա­պէս ­Սե­ւա­կը բրտօ­րէն պո­կե­ցին, խլե­ցին եւ ընդ­միշտ հե­ռա­ցու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն։
­Վա­ղա­ժամ լռու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն ձայ­նա­ւոր­նե­րուն վեր­ջին ան­մա­հը, որ իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն նո­ւա­ճած էր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան «անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն»ը շնչա­ւո­րե­լու յա­ւեր­ժա­կան բար­ձուն­քը։
Ե­թէ ար­դա­րա­դատ ենք, ա­պա ան­պայ­ման պէտք է խոս­տո­վա­նինք ու ըն­դու­նինք, որ ­Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, ինչ­պէս եւ ա­նոր ե­ղե­րա­կան մա­հով՝ հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­Հա­յաս­տա­նը փա­կե­ցին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու մեր պատ­մու­թեան խա­ւա­րա­նիստ փու­լե­րէն մէ­կը՝ բիրտ ու­ժով հայ ի­րա­կա­նու­թեան պար­տադ­րո­ւած «սո­վե­տա­կան մարդ»ու եւ «սո­վե­տա­կան հո­գե­կեր­տո­ւածք»ի ծանր բե­ռը խորհր­դանշող «սո­վե­տա­կան դա­րաշր­ջա­նը»…
­Պա­րոյր ­Սե­ւակ գլխա­գիր ՄԱՐԴն ու ՀԱ­Յը մաք­րազ­տեց «սո­վե­տա­կան» ա­մէն կար­գի ա­րատ­նե­րէն ու ժան­գե­րէն.-

Իմ հայ ժո­ղո­վուրդ, դու փոքր ես ե­ղել
Աղ­բի՜ւր ես ե­ղել եւ ո՛չ թէ հե­ղեղ:
­Դու փոքր ես ե­ղել, ե­ղել ես մի բուռ,
­Բայց մեծ է ե­ղել ափդ լիա­բուռ:
­Դու փոքր ես ե­ղել այն մուր­ճի՛ նման,
Որ ձեւ է տո­ւել ժայ­ռե­րին յա­մառ:
­Փո՜քր, բայց նման այն կշռա­քա­րին,
Որ միշտ դրո­ւել է բա­րու նժա­րին
Եւ այդ նժա­րը ներ­քեւ է տա­րել…
Ե­կել են դա­րեր, ան­ցել են դա­րեր,
­Քեզ մատ­նել սրի, ա­ւե­րի, գաղ­թի:
­Բայց տի­րա­ցել ես այ­սօր մի բախ­տի,
Որ մեծ է քո հին վշտե­րի՜ց ան­գամ:
Եւ լա՜ւ է որ­քան, ինչ քա՜ղցր է զգալ,
Որ այ­սօր, երբ աշ­խար­հը հա­մայն
Կ­շեռ­քի եր­կու թա­թի է նման
­Դու քո պատ­մու­թեան դա­սե­րով բո­լոր.
­Քո եր­ջան­կու­թեամբ ու բախ­տով քո նոր,
­Քո հին ա­նու­նով, կեան­քով դժո­ւա­րին՝
ծանր կանգ­նած ես այն մեծ նժա­րին,
Որ ծանր է կշռում ո՛չ թէ ար­կե­րով,
Ո՛չ թէ վա­ռօ­դի, զէն­քի հա­կե­րով,
Ո՛չ թէ ա­ւեր­ման կրքով կա­տա­ղի,
Ո՛չ թէ մայ­րե­րի ար­ցուն­քով ա­ղի,
Այլ եր­ջան­կու­թեան մշտա­վառ հրով,
­Խա­ղաղ ծե­րու­թեամբ, շի­կան­քով սի­րոյ,
Հ­պարտ մայ­րու­թեամբ, ծի­ծա­ղով ման­կան,
­Ձեռ­քի սեղ­մու­մով բա­րե­կա­մա­կան…
Այն մեծ նժա­րին, որ­տեղ ա­պա­գան
Ու պատ­մու­թիւնն են դար­ծել կշռա­քար:

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Պա­րոյր ­Ռա­ֆա­յէ­լի ­Ղա­զա­րեան՝ ­Սե­ւակ ծնած է 24 ­Յու­նո­ւար 1924ին, Ա­րա­րա­տի շրջա­նի ­Չա­նախ­չի (­Սո­վե­տա­շէն) գիւ­ղը, որ այ­սօր «­Զան­գա­կա­տուն» կը կո­չո­ւի, ի յի­շա­տակ ստրկա­միտ լռու­թիւ­նը ճեղ­քած եւ հա­յու էու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայն շնչա­ւո­րած մեծ բա­նաս­տեղ­ծին։
­Հայ գրա­կա­նու­թեան ան­խոնջ եւ ան­յագ ու­սա­նողն ու վեր­ծա­նո­ղը ե­ղաւ ­Սե­ւակ։ Ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած մեծ տա­ղան­դին՝ ան միա­ցուց հայ գրո­ղի գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւնն ու բա­նա­սի­րա­կան-մշա­կու­թա­յին հա­րուստ պա­շա­րը։ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քը 1945ին ա­ւար­տե­լէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ա­կա­դե­միա­յի Գ­րա­կա­նու­թեան ­Հիմ­նար­կին մէջ թեկ­նա­ծո­ւա­կա­նը պաշտ­պա­նե­լէ ետք, 1951ին, ­Սե­ւակ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Մաք­սիմ ­Կոր­քիի ա­նո­ւան հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ուր­կէ վկա­յո­ւե­լով՝ միեւ­նոյն հաս­տա­տու­թեան մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րեց իբ­րեւ դա­սա­խօս։ 1963ին վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ե­րե­ւան, 1966ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան քար­տու­ղար եւ մին­չեւ ող­բեր­գա­կան մա­հը գոր­ծեց ա­ռա­ջին դիր­քե­րու վրայ թէ՛ իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ, թէ՛ իբ­րեւ բա­նա­սէր եւ թէ իբ­րեւ հրա­պա­րա­կա­գիր։
­Պա­րոյր ­Սե­ւակ ար­գա­սա­բեր գրիչ ու­նե­ցաւ։ Ան­կախ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս տե­սած իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան գոր­ծե­րէն՝ «Ան­հաշտ Մ­տեր­մու­թիւն» (1953), «­Սի­րոյ ­Ճա­նա­պարհ» (1954), «­Նո­րից ­Քեզ ­Հետ» (1957), «Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տուն» (1959), «­Մար­դը Ա­փի ­Մէջ» (1962), «Ե­ղի­ցի ­Լոյս» (1971) եւ «­Ձեր ­Ծա­նօթ­նե­րը» (1971) գոր­ծե­րէն, ինչ­պէս նաեւ 1969ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Սա­յաթ-­Նո­վա» մե­նագ­րու­թե­նէն, ­Սե­ւա­կի ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած թէ ան­տիպ ու կի­սա­ւարտ մնա­ցած գոր­ծե­րու ամ­բողջ հարս­տու­թիւն մը։
Իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ՝ ­Սե­ւակ մարմ­նա­ւո­րեց քսա­նե­րորդ դա­րու Ի­րա­ւա­տէ՛ր ­Քա­ղա­քա­ցիի հայ ազ­գա­յին կեր­պա­րը։ ­Մարդ­կա­յին ­Սի­րոյ, Ճշ­մար­տու­թեան ­Լոյ­սի եւ ­Լիի­րաւ Ար­դա­րու­թեան ի­մաս­տա­խոյզ վեր­ծա­նո­ղը ե­ղաւ։ Ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի ­Կեղ­ծի­քի դէմ պայ­քա­րե­ցաւ, սե­փա­կան թե­րի­նե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ան­կեղծ խոս­տո­վա­նու­թեամբ ապ­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Վ­կան դառ­նար ­Մարդ Էա­կի մնա­յուն ճի­գին՝ բարձ­րա­նա­լու ազ­նո­ւաց­ման ու վե­հու­թեան դժո­ւա­րին բար­ձունքն ի վեր։
Այդ ներշն­չու­մով ալ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ քսա­նե­րորդ դա­րու մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ՝ նաեւ օ­տար ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­նա­լով սու­տի ու կեղ­ծի­քի յու­զաշ­խար­հը այս­պէս կո­չո­ւած «­Խորհր­դա­յին ­Մար­դու»ն…
Այս ա­ռու­մով Ի­րա­ւա­տէ՛ր ­Քա­ղա­քա­ցիի ա­ռինք­նող՝ ­Սե­ւա­կեան մարմ­նա­ւո­րու­մը մա­հա­ցու կեր­պով խո­ցե­ցին ա­նոնք, որ 17 ­Յու­նիս 1971ին, բրտօ­րէն խեղ­դել ու­զե­ցին ստեղ­ծա­գործ ձայ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին։
­Բայց ­Սե­ւա­կի ար­ժէ­քով մե­ծու­թիւն­ներ ծնող ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին կա­րե­լի չէ լռեց­նել։
Ա­յո՛, մեր ժո­ղո­վուր­դին զրկե­ցին ինք­նաքն­նարկ­ման եւ աշ­խար­հըն­կալ­ման այս ի­մաս­տա­խոյզ եւ խռո­վա­հար վեր­ծա­նո­ղին կեն­դա­նի շուն­չէն, ո­րուն ա­ռաջ­նոր­դող խօս­քով պի­տի կա­րե­նա­յինք ազ­գա­յին ու հայ­րե­նա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի մեր դժո­ւա­րին եր­թը ա­պա­հո­վագ­րել ա­մէն կար­գի թու­լու­թեանց եւ շե­ղում­նե­րու, սայ­թա­քում­նե­րու եւ մո­լո­րու­թեանց դէմ։
­Ճա­կա­տա­գի­րը նման դառն ու դա­ժան խա­ղով մեզ­մէ հե­ռա­ցուց ­Սե­ւա­կը ճիշդ այն ժա­մա­նակ, երբ ազ­գո­վին կը թե­ւա­կո­խէինք հա­զա­րա­մեակ­նե­րու մեր պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն փու­լե­րէն՝ ­Հա­յոց ­Հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խաց­ման եւ հո­ղա­յին մեր ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման դա­րաշր­ջա­նը։
­Բայց նաեւ պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ, ­Սե­ւա­կի բա­ցա­կա­յու­թեան այս քա­ռա­սու­նութ տա­րի­նե­րուն ան­գամ, մեր ու­ղին շա­րու­նակ լու­սա­ւո­րեց ­Սե­ւա­կեան անս­պառ հա­ւատ­քը ­Հա­յո՛ւ լիար­ժէ­քու­թեան հան­դէպ, ան­խախտ հա­ւատ­քով երկ­նո­ւած այն պատ­գա­մով, որ՝

­Մենք քիչ ենք‚ ա­յո՛‚ բայց կոչ­ւում ենք հայ —
­Գի­տենք դեռ չան­ցած վէր­քե­րից տնքալ‚
­Բայց նոր խնդու­թեամբ ցնծալ ու հրճո­ւել.
­Գի­տենք թշնա­մու կո­ղը մխրճո­ւել
Ու բա­րե­կա­մին դառ­նալ ա­ջա­կից.
­Դուրս գալ մեզ ա­րո­ւած բա­րու­թեան տա­կից՝
­Մէ­կի փո­խա­րէն տասն հա­տու­ցե­լով…
­Յօ­գուտ ար­դա­րի եւ ա­րե­գա­կի
­Գի­տենք քո­ւէար­կել մեր կեան­քով նաեւ…
­Բայց թէ կա­մե­նան մեզ բռնի վա­ռել՝
­Մենք գի­տենք մխա՛լ — եւ կրա՜կ մա­րել.
Իսկ ե­թէ պէտք է խա­ւա­րը ցրել՝
­Գի­տենք մոխ­րա­նալ որ­պէս վառ կե­րոն.
Եւ գի­տենք նաեւ մեզ կրքոտ սի­րել‚
­Բայց ու­րիշ­նե­րին մի˜շտ­ էլ յար­գե­լով…

­Մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում‚
­Բայց մեզ էլ գի­տենք —
­Մեզ հա՜յ են ա­սում։
Եւ ին­չո՞ւ պի­տի չհպար­տա­նանք…
­Կա՛նք։ ­Պի­տի լի­նե՛նք։ Ու դեռ — շա­տա­նա՜նք։

Այս հա­ւատ­քով ալ մեր մէջ եւ մե­զի հետ կ­’ապ­րի հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան — բա­ռին ե՛ւ ի­րաւ, ե՛ւ թե­ւա­ւոր ի­մաս­տով — անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը, որ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ կը կո­չո­ւի եւ ան­խոնջ յու­շա­րարն է հա­յոց փոքր ա­ծո­ւի ա­նընկ­ճե­լի մե­ծու­թեան՝

Իմ ժո­ղո­վուրդ հնա­մե­նի,
Ինչ­պէ՞ս գտնել դեռ չստեղ­ծո­ւած
­Բառն այն, ո­րով հնար լի­նի
­Քեզ ճշտօ­րէն ա­նո­ւա­նե­լու…
­Դու՝
­Պատ­մու­թեան մութ ա­ռեղ­ծո­ւած,
­Դու՝
­Մարդ­կու­թեան բարդ հա­նե­լուկ,
­Տեղն ու տեղդ՝ զար­մա­նա­լի…
­Քեզ որ­տե­ղի՞ց այն բա­նա­լին,
Ո­րով կեան­քի դուռն ես բա­ցել,
Այն դա­րա­ւոր
­Հաստ դու­ռը, որ
­Ճա­կա­տի դէմ քո լու­սա­ւոր
­Փա­կո­ւել է միշտ, շրխկա­ցել։
­Քեզ դա­րէ դար հա­լա­ծե­լով,
խուժ­դու­ժօ­րէն սրա­ծե­լով՝
Ս­պան­նե­ցին,
­Խաչ հա­նե­ցին,
­Սա­կայն մնաց դեռ հա­յու­թիւնն,
Ա­ռանք նո­րից մենք յա­րու­թիւն,
Եւ ո՛չ իբ­րեւ մի նոր ­Յի­սուս,
Այլ… հա­յի՛ պէս։

­Դա­րեր ի վեր վա­ռում են մեզ,
Այ­րում են մեզ,
­Դարձ­նում մո­խիր
Հ­նո­ցի մէջ խուլ չա­րու­թեան,
խա­րոյ­կի մէջ քէն ու ո­խի,
Ու տաք մո­խիրն ան­գամ թրջու՜մ…
­Սա­կայն ո­գին մեր հա­յու­թեան
­Թէ այ­րո­ւեց էլ, ո՛չ, չի՜ կոր­չում,
Ելք է ճա­րում նո՛ր յա­րու­թեան,
Եւ… ո՛չ որ­պէս փիւ­նիկ թըռ­չուն,
Այլ… հա­յի՛ պէս…

­Սա­կայն ո­գին մեր հա­յու­թեան
Ա­ւե­լի ճիշդ՝ չի՜ մոխ­րա­նում,-
­Միեւ­նոյնն է, թէ չա­րու­թեան
­Հու­րը թէժ է կամ մար­մանդ է,
­Չի մոխ­րա­նում,
Այլ ճախր ա­նում,
­Սա­ւառ­նում է ո­գին հա­յի,
Եւ… ո՛չ իբ­րեւ հե­քիա­թա­յին
­Կա­խար­դա­կան սա­լա­ման­դըր,
Այլ… ի՛ր նման՝
­Հայ ո­գո՜ւ պէս…

­Դիակ­նե­րով ձորն է լցւում,
­Դիակ­նե­րով վիհն է խցւում,
Ա­րիւն հագ­նում սա­րա­ւան­դը…
­Հա­րո­ւա­ծում են մեզ մա­հա­ցու,
­Վէր­քի վրայ նոր վէրք բա­ցում…
­Ջար­դեր յայտ­նի, դա­ւեր ծա­ծուկ,
­Կոր­ծա­նում­ներ գու­նակ-գու­նակ…
Դժ­խեմ բախ­տի մա­տեա­նի մէջ
Ս­պա­ռու­մի հա­զա՜ր սիւ­նակ…
Իսկ մենք տո­կուն ու կեն­սու­նակ,
Ին­չի՞ նման,- դէ եկ ա­սա՛…
Իսկ մենք՝ տո­կուն ու կեն­սու­նակ
­Հէնց… որ­պէս հա՜յ,
­Հէնց… որ­պէս հա՜յ…

Ար­ցունքն՝ աչ­քին,
­Վէր­քը՝ կրծքին,
­Պա­տա՜ռ-պա­տա՜ռ, ծո­ւատ թէ­պէտ,
­Քո ժո­ղո­վուր­դը, վար­դա­պե՛տ,
Զն­դա­նու­միդ քսան տա­րում
­Ջա­նաց ա­սել մնաս բա­րեաւ
Ա­մէն բան­տի ու զնդա­նի,
Մ­տաւ հզօր մի ըն­տա­նիք,
Ուր յոյ­սը նոյն
­Դար­ձել էր սիւն,
­Նոյն ե­րա­զը՝ ծած­կող տա­նիք…

­Մեր կե­ղեք­ման ու մեր տանջ­ման,
­Մեր վե­րա­հաս բնաջնջ­ման
Ա­հեղ մտքից ցնո­րո­ւե­լով,
­Դու չի­մա­ցար, որ հոր­վե­լով՝
­Յանձ­նո­ւե­լով խա­ւար հո­ղին,
Չփտ­տե­ցինք մենք հո­ղի տակ,
Այլ վա­զի պէս մեր խա­ղո­ղի,
Երբ որ հա­սաւ գա­րու­նը տաք,
­Հո­ղի մէջ էլ մեզ ուղ­ղե­ցինք,
­Գար­նան շնչով ըն­ձիւ­ղո­ւե­ցինք
Ու կանգ­նե­ցինք՝ նո­րից շի­տակ,
Իսկ գա­րո՜ւն էր,
Ի՜նչ գա­րուն էր…

Եւ դա­րա­ւոր մեր ա­րիւ­նը
­Պա­տա­նօ­րէն տաք պղպջաց,
­Հին ա­ւի­շը, նոր ա­ւիւ­նը
Կր­կին ե­ռաց մեր բնի մէջ,
Ան­ցաւ ջար­դո­ւած ճիւղ­քի մի­ջով,
Ու մեր ծե­րուկ հո­գին ճչաց
­Նո­րա­ծի­նի զնգուն ճի­չով։

Չ­լիա­ցանք փրկո­ւած քի­չով,
­Թէ պաղ էինք, շուտ հա­լո­ւե­ցինք
Ու շա­տա­ցա՜նք, ծա­ւա­լո­ւե­ցի՜նք,
Եւ ուր կ’ու­զես՝ հայ մի ա­նուն,
Որ մեր պա­տիւն է պահ­պա­նում,
­Մեր մե­ծու­թիւնն է վեր հա­նում,
Դռ­ներ բա­ցում պան­ծա­ցու­մի,
­Հե­ռո՜ւ տա­նում համ­բա­ւը մեր…

­Դա­րեր ի վեր
­Մար­մի­նը մեր,
­Մար­մի­նը մեր խեղճ ու տո­կուն
­Յի­սու­սի պէս չար­չա­րե­ցին,
­Բայց քիչ էր դա,
­Հա­սան հո­գուն,
­Նաեւ հո­գուց մեզ զրկե­լու
­Մի ան­հո­գի ճար ճա­րե­ցին,
… Ո՛չ մի եր­գիչ՝ մեզ եր­գե­լու,
­Մեր մահն ան­գամ ող­բեր­գե­լու
Ո՛չ մի եր­գիչ…
Եւ չա­րե­ցի՞ն։
Այն էլ ինչ­պէ՜ս, ի՜նչ ա­րե­ցին…
­Բայց — ո՛վ հրաշք — պէտք չէր մի դար,
Ոչ էլ կէս դար, որ­պէս­զի մենք
Ծ­նունդ տա­յինք մեր… ­Չա­րեն­ցին,
Որ… չծնո­ւեց մօ­րից ար­դար
Եւ ուժ չա­ռաւ նրա կա­թից,
Այլ… դուրս թռավ մեր հե­քիա­թից՝
Իբ­րեւ եղ­բայր մի ար­ժա­նի
­Սիա­ման­թօ-­Վա­րու­ժա­նի,
Կրտ­սեր եղ­բայր, կրտսեր զա­ւակ,
Որ պի­տի գայ եւ այն ա­նի,
Ինչ չա­րե­ցին միջ­նեկ-ա­ւագ…։