24 ­Յու­նո­ւա­րին, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը տօ­նէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի։ ­Քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ հա­յաշ­խար­հի հե­ռա­ւո­րա­գոյն ա­փե­րը, հա­յը ա­մե­նայն հնչե­ղու­թեամբ աշ­խար­հին լսե­լի կը դարձ­նէ մշտա­նո­րոգ պատ­գա­մը հա­յոց Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տան խրոխտ բա­նաս­տեղ­ծին՝ «­Ղօ­ղանջ Ե­ղեռ­նա­կան»ի ա­հա­զան­գին ուժգ­նու­թեամբ.

«Երկ­րի մէջ մարդ չըմ­նաց՝
­Մարդ թա­ղէր մար­դու նման…
Ա՜խ, մնար մէ­կը գո­նէ
Ու կան­չէր.
— ­Տը­լէ եա­ման…
Ա՜խ, ինչ­պէ՞ս, ո՞նց մո­ռա­նալ
Ար­հա­ւիրքն այն օ­րե­րի.
— Աշ­խար­քում ո՛վ մո­ռա­նայ,
­Ջուխտ աչ­քով թո՛ղ քո­ռա­նայ…»

­Պա­րոյր ­Սե­ւակ 1959ին գրեց իր գլուխ-գոր­ծո­ցը հան­դի­սա­ցող «Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տու­նը»։ Գ­րեց ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ թէեւ տա­պա­լած էր ստա­լի­նեան բռնա­պե­տու­թիւ­նը եւ խրուշ­չո­վեան ձիւն­հա­լի պտուղ­նե­րը ա­մէ­նուր նկա­տե­լի էին, այ­դու­հան­դերձ՝ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին կառ­չած էր իր դա­ժա­նու­թեան, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը «ար­գի­լո­ւած պտուղ» էր…
­Սե­փա­կան գլու­խը ստոյգ եւ դա­ժա­նա­գոյն վտան­գի տակ կը դնէր խորհր­դա­յին ոե­ւէ հայ մարդ, որ կը հա­մար­ձա­կէր ­Մեծ Ե­ղեռ­նին անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը հնչեց­նել իր ամ­բողջ զօ­րու­թեամբ, հո­գեմ­տա­ւոր թա­փով եւ մար­տու­նակ պատ­գա­մով։
­Պա­րոյր ­Սե­ւակ հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հնչեցնե­լու մեր ժա­մա­նակ­նե­րու մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թեանց ա­մէ­նէն ա­հա­ւո­րին՝ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը։ Ան­շուշտ վտան­գի տակ դրաւ սե­փա­կան կեան­քը եւ ընտ­րեց ու­ղի մը, որ ետ­դար­ձի կա­մուրջ­ներ չու­նէր, շա­րու­նակ շղթա­ներ փշրե­լու եւ ար­գելք­ներ յաղ­թա­հա­րե­լու ծա­ռա­ցում կ­þեն­թադ­րէր, իշ­խա­նու­թեանց հետ մնա­յուն բա­խու­մի եւ ան­կու­մի վտան­գա­ւոր փոր­ձու­թիւն­նե­րով լե­ցուն էր եւ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, մա­հո­ւան հետ առ­ճա­կատ­ման կ’ա­ռաջ­նոր­դէր։
Ան­խու­սա­փե­լի այդ վախ­ճա­նը ի­րա­կա­նա­ցաւ՝ ան­հե­թեթ ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծի տես­քով, բայց խստա­գոյն դա­ժա­նու­թեամբ։
47 տա­րե­կա­նին ան­դարձ փշրո­ւե­ցաւ մարմ­նե­ղէն ա­նօ­թը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ ա­նուն մե­ծու­թեան։
­Քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան կար­ճա­տե­սու­թիւ­նը խոր­հե­ցաւ, որ այդ­պէ­սով պի­տի կա­րե­նար այ­լեւս լռու­թեան մատ­նել ­Սե­ւա­կեան ­Հա­մար­ձա­կա­խօ­սու­թիւ­նը…
­Բայց չա­րա­չար սխա­լե­ցաւ։
Ան­կա­րե­լի էր լռեց­նել ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի ձայնն ու շուն­չը։
Ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճած էր ար­դէն հայ ժո­ղո­վուր­դի Ար­հա­ւիր­քին մե­ծա­գոյն եր­գի­չը։
Անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն դար­ձած էր նաեւ ինք՝ ան­զու­գա­կան ­Սե­ւա­կը։
Ան­շուշտ ան­պա­րա­գիծ մե­ծու­թիւն է ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կը եւ իր բազ­մա­հուն վաս­տա­կին ու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ ա­նար­դա­րու­թիւն գոր­ծած կ­’ըլ­լանք, ե­թէ միայն «Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տուն»ով սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ յա­ւէտ հնչե­լու ի­րա­ւուն­քին ար­ժա­նաց­նենք հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ այս ծնուն­դին։
­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նը հան­ճա­րեղ շնչա­ւո­րումն է հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու եր­թին՝ դա­րե­րու մա­շու­մին դի­մա­նա­լու կո­չո­ւած ­Հա­յու, ­Քա­ղա­քա­ցիի եւ Մ­տա­ւո­րա­կա­նի ե­զա­կի հա­մադ­րու­մով։
24 ­Յու­նո­ւար 1924ին հայ­րե­նի Ա­րա­րա­տի մար­զի նախ­կին ­Չա­նախ­չի եւ, ­Սե­ւա­կի յի­շա­տա­կին, այժմ ­Զան­գա­կա­տուն ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած գիւ­ղը ծնած էր ­Ղա­զա­րեան­նե­րու ­Պա­րոյր զա­ւա­կը։ ­Սե­ւակ գրչա­նու­նը ան ստա­ցաւ իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նող ­Ռու­բէն ­Զա­րեա­նէն, որ ի յի­շա­տակ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրող­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի, այդ­պի­սով,՝ նո­րա­յայտ տա­ղան­դին՝ ­Պա­րոյր ­Ղա­զա­րեան բա­նաս­տեղ­ծին ոչ միայն տո­ւաւ դի­պուկ գրչա­նուն, այ­լեւ՝ կո­չում, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տակ­նե­րուն ամ­բողջ ձայնն ու շուն­չը խտաց­նէ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ։
Եւ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ ե­ղաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ու մշա­կոյ­թին ան­խոնջ եւ ան­յագ ու­սա­նողն ու վեր­ծա­նո­ղը։ Ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած մեծ տա­ղան­դին՝ ան միա­ցուց հայ գրո­ղի գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւնն ու բա­նա­սի­րա­կան-մշա­կու­թա­յին հա­րուստ պա­շա­րը։ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քը 1945ին ա­ւար­տե­լէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ա­կա­դե­միա­յի Գ­րա­կա­նու­թեան ­Հիմ­նար­կին մէջ թեկ­նա­ծո­ւա­կա­նը պաշտ­պա­նե­լէ ետք, 1951ին, ­Սե­ւակ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Մաք­սիմ ­Կոր­քիի ա­նո­ւան հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ուր­կէ վկա­յո­ւե­լով՝ միեւ­նոյն հաս­տա­տու­թեան մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րեց իբ­րեւ դա­սա­խօս։ 1963ին վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ե­րե­ւան, 1966ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան քար­տու­ղար եւ մին­չեւ ող­բեր­գա­կան մա­հը գոր­ծեց ա­ռա­ջին դիր­քե­րու վրայ թէ՛ իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ, թէ՛ իբ­րեւ բա­նա­սէր եւ թէ իբ­րեւ հա­մար­ձա­կա­խօս հայ քա­ղա­քա­ցի։
­Պա­րոյր ­Սե­ւակ ար­գա­սա­բեր գրիչ ու­նէր։ Ան­կախ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս տե­սած իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան գոր­ծե­րէն՝ «Ան­հաշտ Մ­տեր­մու­թիւն» (1953), «­Սի­րոյ ­Ճա­նա­պարհ» (1954), «­Նո­րից ­Քեզ ­Հետ» (1957), «Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տուն» (1959), «­Մար­դը Ա­փի ­Մէջ» (1962), «Ե­ղի­ցի ­Լոյս» (1971) եւ «­Ձեր ­Ծա­նօթ­նե­րը» (1971) գոր­ծե­րէն, ինչ­պէս նաեւ 1969ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Սա­յաթ-­Նո­վա» մե­նագ­րու­թե­նէն, ­Սե­ւա­կի ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած թէ ան­տիպ ու կի­սա­ւարտ մնա­ցած գոր­ծե­րու ամ­բողջ հարս­տու­թիւն մը։
Իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ՝ ­Սե­ւակ մարմ­նա­ւո­րեց քսա­նե­րորդ դա­րու Ի­րա­ւա­տէ՛ր ­Քա­ղա­քա­ցիի հայ ազ­գա­յին կեր­պա­րը։ ­Մարդ­կա­յին ­Սի­րոյ, Ճշ­մար­տու­թեան ­Լոյ­սի եւ ­Լիի­րաւ Ար­դա­րու­թեան ի­մաս­տա­խոյզ վեր­ծա­նո­ղը ե­ղաւ։ Ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի ­Կեղ­ծի­քի դէմ պայ­քա­րե­ցաւ, սե­փա­կան թե­րի­նե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ան­կեղծ խոս­տո­վա­նու­թեամբ ապ­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Վ­կան դառ­նար ­Մարդ Էա­կի մնա­յուն ճի­գին՝ բարձ­րա­նա­լու ազ­նո­ւաց­ման ու վե­հու­թեան դժո­ւա­րին բար­ձունքն ի վեր։
Այդ ներշն­չու­մով ալ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ քսա­նե­րորդ դա­րու մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ՝ նաեւ օ­տար ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­նա­լով սու­տի ու կեղ­ծի­քի յու­զաշ­խար­հը այս­պէս կո­չո­ւած «­Խորհր­դա­յին ­Մար­դու»ն…
Այս ա­ռու­մով Ի­րա­ւա­տէ՛ր ­Քա­ղա­քա­ցիի ա­ռինք­նող՝ ­Սե­ւա­կեան մարմ­նա­ւո­րու­մը մա­հա­ցու կեր­պով խո­ցե­ցին ա­նոնք, որ 46 տա­րի ա­ռաջ, 17 ­Յու­նի­սին, ի զուր փոր­ձե­ցին բրտօ­րէն կտրել ստեղ­ծա­գործ բազ­կե­րա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Չ­գիտ­ցան, որ ­Սե­ւա­կի ար­ժէ­քով մե­ծու­թիւն­ներ ծնող ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին կա­րե­լի չէ լռու­թեան մատ­նել։
Եւ նոյ­նիսկ այ­սօր, այ­լեւ մա­նա­ւա՛նդ այ­սօր, ­Սե­ւակ կը շա­րու­նա­կէ իբ­րեւ անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն ա­նընդ­հատ ղօ­ղան­ջել հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու հո­գիին մէջ՝

­Մենք քիչ ենք‚ ա­յո՛‚ բայց կոչ­ւում ենք հայ —
­Գի­տենք դեռ չան­ցած վէր­քե­րից տնքալ‚
­Բայց նոր խնդու­թեամբ ցնծալ ու հրճո­ւել.
­Գի­տենք թշնա­մու կո­ղը մխրճո­ւել
Ու բա­րե­կա­մին դառ­նալ ա­ջա­կից.
­Դուրս գալ մեզ ա­րո­ւած բա­րու­թեան տա­կից՝
­Մէ­կի փո­խա­րէն տասն հա­տու­ցե­լով…
­Յօ­գուտ ար­դա­րի եւ ա­րե­գա­կի
­Գի­տենք քո­ւէար­կել մեր կեան­քով նաեւ…
­Բայց թէ կա­մե­նան մեզ բռնի վա­ռել՝
­Մենք գի­տենք մխա՛լ — եւ կրա՜կ մա­րել.
Իսկ ե­թէ պէտք է խա­ւա­րը ցրել՝
­Գի­տենք մոխ­րա­նալ որ­պէս վառ կե­րոն.
Եւ գի­տենք նաեւ մեզ կրքոտ սի­րել‚
­Բայց ու­րիշ­նե­րին մի˜շտ­ էլ յար­գե­լով…

­Մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում‚
­Բայց մեզ էլ գի­տենք —
­Մեզ հա՜յ են ա­սում։
Եւ ին­չո՞ւ պի­տի չհպար­տա­նանք…
­Կա՛նք։ ­Պի­տի լի­նե՛նք։ Ու դեռ — շա­տա­նա՜նք։

Այս հա­ւատ­քով ալ մեր մէջ եւ մե­զի հետ կ­’ապ­րի հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան — բա­ռին ե՛ւ ի­րաւ, ե՛ւ թե­ւա­ւոր ի­մաս­տով անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը, որ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ կը կո­չո­ւի եւ ան­խոնջ յու­շա­րարն է հա­յոց փոքր ա­ծո­ւի ա­նընկ­ճե­լի մե­ծու­թեան՝

Իմ հայ ժո­ղո­վուրդ, դու փոքր ես ե­ղել
Աղ­բի՜ւր ես ե­ղել եւ ո՛չ թէ հե­ղեղ:
­Դու փոքր ես ե­ղել, ե­ղել ես մի բուռ,
­Բայց մեծ է ե­ղել ափդ լիա­բուռ:
­Դու փոքր ես ե­ղել այն մուր­ճի՛ նման,
Որ ձեւ է տո­ւել ժայ­ռե­րին յա­մառ:
­Փո՜քր, բայց նման այն կշռա­քա­րին,
Որ միշտ դրո­ւել է բա­րու նժա­րին
Եւ այդ նժա­րը ներ­քեւ է տա­րել…
Ե­կել են դա­րեր, ան­ցել են դա­րեր,
­Քեզ մատ­նել սրի, ա­ւե­րի, գաղ­թի:
­Բայց տի­րա­ցել ես այ­սօր մի բախ­տի,
Որ մեծ է քո հին վշտե­րի՜ց ան­գամ:
Եւ լա՜ւ է որ­քան, ինչ քա՜ղցր է զգալ,
Որ այ­սօր, երբ աշ­խար­հը հա­մայն
Կ­շեռ­քի եր­կու թա­թի է նման
­Դու քո պատ­մու­թեան դա­սե­րով բո­լոր.
­Քո եր­ջան­կու­թեամբ ու բախ­տով քո նոր,
­Քո հին ա­նու­նով, կեան­քով դժո­ւա­րին՝
ծանր կանգ­նած ես այն մեծ նժա­րին,
Որ ծանր է կշռում ո՛չ թէ ար­կե­րով,
Ո՛չ թէ վա­ռօ­դի, զէն­քի հա­կե­րով,
Ո՛չ թէ ա­ւեր­ման կրքով կա­տա­ղի,
Ո՛չ թէ մայ­րե­րի ար­ցուն­քով ա­ղի,
Այլ եր­ջան­կու­թեան մշտա­վառ հրով,
­Խա­ղաղ ծե­րու­թեամբ, շի­կան­քով սի­րոյ,
Հ­պարտ մայ­րու­թեամբ, ծի­ծա­ղով ման­կան,
­Ձեռ­քի սեղ­մու­մով բա­րե­կա­մա­կան…
Այն մեծ նժա­րին, որ­տեղ ա­պա­գան
Ու պատ­մու­թիւնն են դար­ծել կշռա­քար: