«Ազդակ»ի խմբագրական
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ Պաղեստինի մէջ դեսպանատուն բանալու մասին, կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Անգարայի կողմէ նախաձեռնուած եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան արտակարգ ժողովի ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին:
Անգարա այս հարցին մէջ գերաշխուժ վարքագիծ կը դրսեւորէ: Շարժառիթային քանի մը հանգամանքներ կարելի է մտաբերել այս յայտարարութիւններուն առիթով:
Նախ՝ բնականաբար Անգարա պահը պիտի փորձէր լիարժէքօրէն շահարկել համարաբական եւ այս պարագային նոյնիսկ համաիսլամական հարթութիւններու վրայ հեղինակութիւն ամրագրելու: Շրջանին մէջ ի վերջոյ Անգարայէն աւելի Թել Աւիւին թշնամի նկատուող եւ ըստ էութեան թշնամի եղող այլ երկիրներ ու պետութիւններ կան, որոնք Անգարայի օգտագործած հռետորաբանութենէն եւ նախաձեռնողականութենէն ետ կը մնան:
Համակրանք, զօրակցութիւն շահելու, բայց նաեւ հեղինակութիւն վերահաստատելու քաղաքական այս քայլը թիրախային տարբեր ուղղութիւններ ունի. սիւննի զանգուածը, արաբական աշխարհը ընդհանրապէս եւ անշուշտ իսլամ զանգուածները:
Ներ-սէուտական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով եւ Ռիատի համեմատական թուլացումի ժամանակները օգտագործելով` Անգարան այսպիսով կը շրջանցէ նաեւ Եգիպտոսը եւ նախ սիւննի դաւանանքին պատկանող զանգուածներուն, ապա ընդհանրապէս արաբական իսլամական աշխարհին` ներքին սպառման շուկային համար վաճառուող յարմար արտադրանքով կը ներկայանայ:
Բայց բնականաբար միայն այդ չէ շարժառիթը: Յայտարարողական թիրախը որքան Թել Աւիւը, նոյնքան Ուաշինկթընն է այս պարագային: Ի վերջոյ որոշումի յայտարարութիւն կատարողը Միացեալ Նահանգներու նախագահն է, որուն հակաքայլ որոշումներ եւ համարժէք պատասխան քայլեր առնելու վճիռներ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ նախագահը:
Տարածաշրջանին մէջ բեւեռացում յառաջացուցած Երուսաղէմի քաղաքային կարգավիճակի այս խնդիրին մէջ Անգարա կ՛ուզէ խաղալ երկրորդ բեւեռի դերը: «Էրտողան ընդդէմ Թրամփի» այս խաղին մէջ Էրտողանի առած քայլը յենած է սակայն Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա վերջին շրջանին դրսեւորուած ռազմաքաղաքական առանցքին վրայ: Թէեւ զիրար ոչնչացնելու ամբաստանութիւններով ոչ-վաղ անցեալին հանդէս եկած Թել Աւիւն ու Թեհրանը Անգարայի այս գերաշխույժ դրսեւորումները չեն ցուցաբերեր: Անգարայի լարումի տանող հռետորաբանութենէն հեռու է նաեւ Մոսկուան, որ միայն վերջերս շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընին, Փեթերսպուրկի մէջ ապահովական հարցերու հետ կապուած կանխարգիլումի գործողութեան իրականացման օժանդակած ըլլալու փաստին առիթով:
Անշուշտ Անգարայի այս մեղադրական շեշտերն ու առած հակաքայլերը միտումնաւոր են եւ տեսանելիօրէն կը բացատրուին նշուած հանգամանքներով:
Հայկական առումով եւս դիտարկելի կէտեր կան այստեղ. նախ անմիջապէս յիշենք, որ պաշտօնական Թեհրանը իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութենէն բխած յայտարարութեան առումով հրապարակած էր որոշ վերապահութիւններ: Նկատի ունենալով նաեւ Պաքուին ոչ-աշխույժ դիրքորոշումը Երուսաղէմի գծով ստեղծուած երկուութեան մէջ, կը նշմարուի անմիջապէս, որ Անգարա եւ Պաքու այս հարցին մէջ չեն որդեգրած համահունչ դիրքորոշումներ: Պաքու կը յատկանշուէր վերջերս Թել Աւիւի նկատմամբ իր որդեգրած սերտ յարաբերութիւններով, եւ աւելի՛ն` շեշտուած ռազմական գործակցութեամբ:
Այս հանգոյցներուն հետ, թէեւ ոչ ուղղակի, այնուամենայնիւ քաղաքական տրամաբանութեամբ աղերս կրնայ ունենալ նաեւ Դեկտեմբերի 17ին տեղի ունեցած Նախիջեւանի օրէնսդիր մարմնի ղեկավար Վասիֆ Թալիպովի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հանդիպման առիթով, ատրպէյճանական մամուլի շեշտուած քննադատութիւնները Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի արտաքին քաղաքականութեան մասին: Չմոռնանք, որ ատրպէյճանական մամուլը ամբողջովին կը վերահսկուի Պաքուի կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ:
Այս բոլորով հանդերձ, դժուար թէ Էրտողանի հրապարակային յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ պաղեստինեան Երուսաղէմի ճանաչման առումով առարկայանայ: Այս խնդիրը կը շարունակէ մնալ իբրեւ գլխաւոր նիւթ` սկսուած պարանաձգութեան: Առ այս պահը Անգարա եւ Թել Աւիւ ռազմավարական յատուկ գործընկերներ են: