­Պահ­պա­նել յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մա­կան հա­րուստ շտե­մա­րա­նը

0
196

­Շա­բաթ, 25 ­Մար­տին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագրուե­ցաւ կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դարձ մը։ 100 տա­րի ա­ռաջ, 25 ­Մարտ 1923-ին լոյս տե­սած «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­ջին թի­ւին հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­մա­կան օրն էր, որ յատ­կան­շեց յու­նա­հայ մա­մու­լի նոր դա­րաշրջա­նի մը բա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ երբ հսկա­յա­կան զան­գո­ւած­նե­րը ­Փոքր Ա­սիա­յէն հա­զիւ ա­պաս­տան գտած էին ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը։
­Թեր­թը հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր՝ տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը ի մի բե­րե­լու եւ աս­տի­ճա­նա­բար գաղ­թա­կա­նու­թեան ցիր ու ցան բե­կոր­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը վե­րա­ծե­լու նպա­տա­կին հա­մար։ «­Նոր Օր»-ը շատ ա­րագ գտաւ լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն՝ ոչ միայն Ա­թէն­քի ու շրջա­կայ տա­րածք­նե­րը հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան մէջ, այ­լեւ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քէն ներս, ուր հա­յու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւոր կամ մնա­յուն կայք հաս­տա­տած էր։ ­Թեր­թը դար­ձաւ ի­րար կա­պող, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող այն մի­ջո­ցը, ո­րուն մէ­ջէն յու­նա­հայ գա­ղու­թը ստա­ցաւ իր ու­րոյն դի­մա­գի­ծը եւ հա­ւա­քա­կան կազ­մա­կերպ պատ­կե­րը։
Եր­կար գրո­ւած է «­Նոր Օր»-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն, աշ­խա­տող­նե­րուն, ա­նոր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րած դաշ­նակ­ցա­կան մար­մին­նե­րուն եւ գոր­ծիչ­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քը նաեւ «Ազատ Օր»-ի կազ­մէն ներս, եւ «­Նոր Օր»-ի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնն ու կշի­ռը սրսկե­ցին 1945-էն սկսեալ հրա­տա­րա­կո­ւող «Ա­զատ Օր»-ին մէջ եւս, մեր թեր­թը ար­ժա­նի յա­ջոր­դը դարձ­նե­լով հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նէն ներս։
«­Նոր Օր»-ը յու­նա­հայ գա­ղու­թի վեր­ջին 100 տա­րո­ւան պատ­մու­թեան մէջ ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին պատ­մա­կան վկա­յա­խօ­սը կը հան­դի­սա­նայ։ Իր հրա­տա­րա­կու­թեան 18 տա­րի­նե­րը ու­րիշ բան չեն ե­թէ ոչ՝ Ս­փիւռ­քի կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին յու­նա­հայ պատ­կե­րին ամ­բող­ջաց­ման հա­րա­զատ աղ­բիւ­րը, սփիւռ­քա­հայ նոր կեան­քի պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցում­նե­րու հա­յե­լին, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան խօսքն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ մար­դուն մէջ մարմ­նացնե­լու ու ար­մա­տա­ւո­րե­լու բե­մը, նոյ­նիսկ խորհրդայ­նա­ցած հայ­րե­նի­քի վառ ապ­րում­նե­րը պա­հող պեր­ճա­խօս վկան։
100 տա­րի ան­ցած է ա­ռա­ջին թի­ւէն, իսկ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան 18 տա­րո­ւան թի­ւե­րը ար­դէն դեղ­նած ու մա­շու­մի վտան­գին մէջ ին­կած են։ Ու­շադ­րու­թեամբ պէտք է դարձ­նել իւ­րա­քան­չիւր էջ, այ­լեւս ոչն­չա­նա­լու աս­տի­ճա­նին հա­սած ի­րենց տես­քով։ Հ­րա­մա­յա­կան դար­ձած է ա­նոնց թուայ­նա­ցու­մը, որ պի­տի փրկէ պատ­մա­կան հա­րուստ շտե­մա­րա­նը ան­վե­րա­դարձ կո­րուս­տէ։
­Թո­ւայ­նա­ցու­մը ինք­նին մեծ պա­հանջ­ներ ներ­կա­յաց­նող աշ­խա­տանք մըն է։ Սկ­սե­լով յա­տուկ մաս­նա­գի­տա­կան սար­քե­րու ա­պա­հո­վու­մէն մին­չեւ մար­դու­ժի կար­գա­ւո­րումն ու լու­սան­կա­րու­մը, ան­կէ ետք հա­մա­կարգ­չա­յին մաս­նա­ւոր ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով լու­սան­կա­րո­ւած է­ջե­րը մէկ առ մէկ թո­ւայ­նաց­նե­լու, ըն­թեռ­նե­լի ու գոր­ծա­ծե­լի վի­ճա­կին բե­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը, նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րու կը կա­րօ­տի։
­Հոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, թէ ­Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ կա­րե­ւոր ներդ­րում մը լու­սան­կար­չա­կան ու հա­մա­կարգ­չա­յին սար­քե­րու ա­պա­հով­ման եւ լու­սան­կար­ման աշ­խա­տան­քը ի գործ դնե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րով հնա­րա­ւոր կը դառ­նայ թո­ւայ­նաց­նել գա­ղու­թի ար­խի­ւա­յին հարս­տու­թիւ­նը, մա­մու­լը եւ պատ­մա­կան գան­ձա­րա­նը։ Այս ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման ճամ­բուն վրայ, թո­ւայ­նա­ցած նիւ­թե­րը աս­տի­ճա­նա­բար հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նան հա­մա­ցան­ցին մէջ՝ հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն եւ պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րող­նե­րուն հա­մար։ Ու­րախ ենք յայտ­նե­լու, թէ այս աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս, ար­դէն կա­րո­ղա­ցանք լու­սան­կա­րել «­Նոր Օր»-ի ա­ռա­ջին հա­տո­րը եւ ա­նոր կարգ մը հիւ­ծած է­ջե­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը փրկել ամ­բող­ջա­կան կո­րուս­տէ։
Աշ­խա­տան­քը եր­կար վազ­քի վրայ պի­տի կա­տա­րո­ւի։ Մ­նա­ցեալ 17 հա­տոր­նե­րու լու­սան­կա­րու­մը կը կա­րօ­տի ժա­մա­նա­կի ու բծախն­դիր գոր­ծի։ Եր­կա­րա­շունչ եւ պա­հանջ­կոտ աշ­խա­տանք մըն է, որ ա­ռանց հա­ւա­քա­կան ներդ­րու­մի, անհ­նար կ­՚ըլ­լայ իր ա­ւար­տին հասց­նել։
Վս­տահ ենք, որ հայ մա­մու­լի հե­տե­ւորդ­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ մեր թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ պի­տի ըն­կա­լեն այս հսկայ աշ­խա­տան­քի տա­րո­ղու­թիւնն ու պա­հանջ­նե­րը եւ պի­տի սա­տա­րեն «­Նոր Օր»-ի հրա­մա­յա­կան եւ ան­յե­տաձ­գե­լի թուայ­նաց­ման ծրա­գի­րին։
­Միայն հա­ւա­քա­կան ներդ­րու­մով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ փրկել յու­նա­հայ գա­ղու­թի գան­ձե­րը։ Ա­նոնք սոսկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ չեն, այլ կը հան­դի­սա­նան մեր պատ­մու­թեան ան­չա­փե­լի եւ անգ­նա­հա­տե­լի ժա­ռան­գու­թեան շտե­մա­րա­նը՝ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։