­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան

Դար­ձեալ քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մէջ կը գտնո­ւինք։ ­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նէն եր­կար տե­ւո­ղու­թիւն ու խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող պահքն է ան։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով կո­չո­ւած է ­Մեծ ­Պահք։
­Մեծ ­Պահ­քի նա­խօ­րեա­կին, բա­ւա­կան մար­դիկ ո­րո­շում կը կա­յացնեն հե­տե­ւե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ տնօ­րի­նո­ւած քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան, որ կը բա­ցատ­րո­ւի նաեւ որ­պէս ճո­խու­թիւն­նե­րէ զրկո­ւե­լու ժա­մա­նակ մը։ Այդ եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, պա­հե­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ի­րենք զի­րենք կը զրկեն ա­ռա­ւե­լա­բար ճոխ ու­տե­լիք­նե­րէն։ Ո­մանք մսե­ղէն բնաւ չեն ճա­շա­կեր։ ­Շա­տեր ­Չո­րեք­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը պա­հե­ցո­ղու­թիւն կը կա­տա­րեն։ Ու­րիշ­ներ ծխա­խո­տը կը դադ­րեց­նեն։ Ու­րիշ­ներ պա­րա­հան­դէ­սի կամ այլ զո­ւար­ճա­նա­լի ձեռ­նարկ­նե­րու չեն եր­թար։ Եւ այս­պէս ու­րեմն, պա­հե­ցող­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը ճշդէ իր հա­մո­զո­ւած կամ փա­փա­քած ձե­ւը։
­Հարկ է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, թէ պա­հե­ցող­նե­րուն ծրագ­րին մէջ ընդ­հան­րա­պէս տեղ չգտներ ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լը։ Ա­նոնք չեն մաս­նակ­ցիր ա­րե­ւա­գա­լի կամ հսկու­մի ժա­մեր­գու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր լսա­րան­նե­րու։ ­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ ­Մեծ ­Պահ­քը հո­գե­ւոր բնոյթ ու­նի եւ տնօ­րի­նո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ։ Ան­շուշտ ո­րոշ պատ­ճառ­ներ կան։ ­Սա­կայն պա­հե­ցող­նե­րուն մեծ մա­սին մօտ, ­Մեծ ­Պահ­քը ա­ռա­ւե­լա­բար ֆի­զի­քա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու­նի քան հո­գե­ւոր։ ­Մարմ­նա­ւոր ա­ռող­ջու­թեան հետ կապ ու­նի քան հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռող­ջու­թեան։ ­Միայն Ա­ւագ ­Շա­բաթն ու ա­նոր ա­ւար­տին Ս. ­Յա­րու­թեան տօ­նը հո­գե­ւոր մթնո­լորտ մը կը ստեղ­ծեն ժո­ղո­վուր­դին մօտ։
­Դա­րեր շա­րու­նակ, իւ­րա­քան­չիւր տա­րի ե­կե­ղեց­ւոյ ճշդած թո­ւա­կա­նին հա­մա­ձայն կը կա­տա­րո­ւի նոյն քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը։ ­Բայց շատ ան­գամ­ներ, նոյն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կեան­քի նոր պայ­ման­նե­րով ու շրջա­պա­տի նոր կա­ցու­թիւն­նե­րով կը տար­բե­րի նա­խոր­դէն։ Եւ դժբախ­տու­թիւ­նը այն է, որ կեան­քի ու շրջա­պա­տի ա­մէն մէկ նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան, նա­խոր­դէն ա­ւե­լի դժո­ւար ու մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւն մը կը յա­ռա­ջաց­նէ մար­դոց ու աշ­խար­հին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, մար­դիկ միշտ ե­րա­նի կու տան նա­խորդ տա­րի­նե­րուն։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ե­թէ ետ դարձ մը կա­տա­րենք վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն, պի­տի տես­նենք, թէ մար­դիկն ու աշ­խար­հը կրկին տագնա­պա­լի ու ա­նա­պա­հով կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւէին։ Եւ այդ մէ­կը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Տն­տե­սա­կան տագ­նա­պը, գո­րո­նա հա­մա­ճա­րա­կը ա­պա ­Ռու­սիոյ եւ Ուք­րա­նիոյ մի­ջեւ պա­տե­րազ­մը մար­դոց կեան­քը ա­ռա­ւել եւս դժո­ւա­րա­ցու­ցին։ ­Դա­րեր շա­րու­նակ, յա­ջոր­դա­կան այդ ա­ղէտ­ներն ու ա­նոնց վնաս­նե­րը աշ­խար­հի պատ­կե­րը հետզ­հե­տէ տգեղ­ցու­ցին։
­Շատ պարզ է, որ ըն­թեր­ցող մը հարց տայ թէ ի՞նչ կապ ու­նի ­Մեծ ­Պահ­քը կամ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը աշ­խար­հի ի­րա­վի­ճա­կին հետ։ ­Մեծ ­Պահ­քը կրօ­նա­կան կամ հո­գե­ւոր բնոյթ ու­նի, իսկ աշ­խար­հը այլ բնոյթ։ ­Պա­տաս­խա­նը շատ յստակ է. մար­դը։ Ա­յո, մար­դը հիմքն է այս աշ­խար­հին եւ պատ­ճա­ռը գրե­թէ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն։ Ու­րեմն երբ մար­դը հո­գե­պէս, մտա­պէս եւ ֆի­զի­քա­պէս ա­ռողջ է, կը նշա­նա­կէ թէ աշ­խար­հը եւս ա­ռողջ է։ Ա­պա թէ ոչ, հա­կա­ռա­կը։ Եւ կա­րե­լի է հաս­տա­տել, թէ կրօն­քը մեծ դեր եւ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի մար­դու հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռող­ջու­թեան մէջ։ ­Հե­տե­ւա­բար ­Մեծ ­Պահ­քը լա­ւա­գոյն ա­ռիթն է, հո­գեմտա­ւոր ա­ռող­ջու­թեամբ վե­րա­կանգ­նե­լու մար­դը եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ վե­րա­կա­ռու­ցե­լու աշ­խար­հը։ Ար­դա­րեւ ի տես այս ի­րո­ղու­թեան, ­Մեծ ­Պահ­քը ո­գե­ւո­րիչ իր յա­տուկ մթնո­լոր­տով, մար­դուն վերս­տին կը դնէ իր կա­րե­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց դի­մաց։ ­Կը վեր­յի­շեց­նէ Աս­տու­ծոյ կող­մէ ա­նոր յանձ­նո­ւած աշ­խարհն ու ա­նոր տէր կանգ­նե­լու Աս­տո­ւա­ծա­յին պա­տո­ւէ­րը։
­Պա­հենք Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած աշ­խար­հը խա­ղաղ ու գե­ղե­ցիկ։
Ա­րա­րիչն Աս­տո­ւած, Իր ստեղ­ծած աշ­խար­հը յանձ­նեց մար­դուն որ­պէս­զի տէր կանգ­նի ա­նոր։ Այս աշ­խար­հը զոր վստա­հո­ւե­ցաւ մար­դուն, գե­ղե­ցիկ էր իր մա­քուր օ­դով, զու­լալ ջու­րով եւ սքան­չե­լի բնու­թեամբ։ Այս աշ­խար­հը մար­դուն հա­մար ե­ղաւ բա­ւա­րար վայր, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր ըն­ծա­յեց կեան­քի ա­մէն տե­սա­կի դիւ­րու­թիւն եւ կա­րիք­նե­րու գո­հա­ցում։ ­Պէտք է ը­սել, որ մար­դը իր կար­գին, ի­րեն շնոր­հո­ւած մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը դէ­պի լաւն օգ­տա­գոր­ծե­լով զար­գա­ցաւ եւ աշ­խար­հը զար­գա­ցուց։ ­Բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, նոյն այդ աշ­խար­հը քան­դեց։ ­Գի­տու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն զար­գա­ցաւ եւ տա­կա­ւին վե­րել­քի մէջ կը գտնո­ւի։ ­Մինչ աշ­խար­հի պատ­կե­րը տժգու­նե­ցաւ եւ տա­կա­ւին դէ­պի վայ­րէջք կ’ըն­թա­նայ։ ­Պա­տե­րազմ­նե­րը, քի­միա­կան փոր­ձե­րը եւ այլ վնա­սա­կար ե­րե­ւոյթ­նե­րը ա­պա­կա­նե­ցին ու թու­նա­ւո­րե­ցին մա­քուր օ­դը, պղտո­րե­ցին զու­լալ ջու­րը եւ պատ­ճառ դար­ձան կլի­մա­յա­կան հսկայ փո­փո­խու­թեան։
Աշ­խար­հին տէր կանգ­նե­լու Աս­տուա­ծա­յին պա­տո­ւէ­րը, մար­դը կա­մայ թէ ա­կա­մայ սխալ ըմբռ­նեց։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին թա­գա­ւո­րու­թիւն­ներ, կայս­րու­թիւն­ներ կամ պե­տու­թիւն­ներ, ա­ւեր­ներ գոր­ծե­լով փոր­ձե­ցին եւ տա­կա­ւին կը փոր­ձեն տի­րա­նալ աշ­խար­հին ու ա­նոր հա­րուստ աղ­բիւր­նե­րուն։ Այս­պի­սով մեր աշ­խար­հը կորսն­ցուց իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վու­թիւ­նը եւ գե­ղեց­կու­թիւ­նը։
­Պա­հենք Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած մար­դը՝ մենք զմեզ, ա­ռողջ եւ ա­ռա­քի­նի։
Ա­րա­րիչն Աս­տո­ւած, միւս բո­լո­րէն տար­բեր ստեղ­ծեց մար­դը։ Ա­նոր շնոր­հեց մտա­յին յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն ու հա­րուստ ար­ժա­նիք­ներ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ կազ­մա­կեր­պել իր կեան­քը եւ տէր կանգ­նիլ աշ­խար­հին։ ­Մար­դը իւ­րա­յա­տուկ տեղ ու դեր ու­նի այս աշ­խար­հին մէջ եւ աշ­խար­հին հա­մար։ ­Մար­դա­սէրն Աս­տո­ւած, նոյ­նիսկ Իր միա­ծին Որ­դին ա­ռա­քեց աշ­խարհ մար­դու փրկու­թեան հա­մար։
­Մար­դը օգ­տա­գոր­ծե­լով Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւած շնորհ­քը, կա­րո­ղա­ցաւ բազ­մա­տե­սակ օգ­տա­կար ու գնա­հա­տե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րել։ ­Բայց նոյն այդ մար­դը, շատ ա­րագ ինք­զինք ար­ժեզր­կեց եւ պատ­ճառ դար­ձաւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու կոր­ծան­ման։ Մ­տա­պէս յա­ռաջ­դի­մեց, սա­կայն բա­րո­յա­պէս նա­հան­ջեց։ Եւ այդ­պէս, ա­ռա­քի­նի ար­ժա­նիք­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան ի յայտ ե­կան մարդ­կա­յին վատ յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­ղաւ շատ մեծ եւ կոր­ծա­նա­րար։ ­Չա­րին թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը տի­րեց մար­դուն եւ ար­ժեզր­կեց ա­նոր այն աս­տի­ճան, որ մար­դը այս աշ­խար­հի ա­մե­նէն ա­ժան ա­ռար­կան դար­ձաւ։ Աշ­խար­հին տի­րող խումբ մը չար մար­դիկ, մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց չա­րա­չար օգ­տա­գոր­ծե­ցին։ ­Քա­րիւ­ղի, ոս­կիի ու զի­նամ­թեր­քի շա­հա­բեր վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան զո­հե­րը դար­ձու­ցին։ Ա­ռա­ւել եւս, պա­տե­րազմ­ներ ու այլ փոր­ձանք­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին, այդ ան­մեղ մար­դոց աղ­քա­տաց­նե­լու, հի­ւան­դաց­նե­լու կամ կեան­քե­րը խլե­լու։ ­Մարդ ա­ռանց մարդ­կու­թեան, գո­յու­թիւն ա­ռանց ապ­րու­մի եւ զգա­ցու­մի։
­Պա­հե­ցո­ղու­թեամբ պա­հենք Ք­րիս­տո­սի պա­տո­ւի­րան­նե­րը։
­Մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու ան­կու­մով քան­դո­ւե­ցաւ մեր գե­ղե­ցիկ աշ­խար­հը եւ մարդ­կա­յին կեան­քը։ ­Բայց ո՞ւր տե­ղա­փո­խո­ւիլ։ Այս է Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծած ու մար­դուն յանձ­նած ապ­րե­լու միակ վայ­րը։ ­Հե­տե­ւա­բար մար­դը ինք­զինք ու աշ­խար­հը բա­րե­փո­խե­լու հար­կադրան­քին դի­մաց կը գտնո­ւի։ Եւ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար, հարկ է վերս­տին ա­շա­կեր­տիլ Ք­րիս­տո­սի։
Իւ­րա­քան­չիւր մարդ այս աշ­խար­հի վրայ կո­չո­ւած է ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար։ ­Տէրն Աս­տո­ւած մար­դուն կեանք կը շնոր­հէ, ինչ­պէս նաեւ բա­րի նպա­տակ­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թիւն կը փո­խան­ցէ, ու­ղե­ցոյց տա­լով ա­նոր քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը։ Եւ Ք­րիս­տո­սի պա­տո­ւի­րան­նե­րը կը կազ­մեն հիմ­քը այդ ու­սուց­ման։ Ա­յո, Ք­րիս­տո­սի պա­տուի­րան­նե­րը մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը հարս­տաց­նող միակ մի­ջոցն է։ ­Մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նող միակ ուժն է։ Մ­թագ­նած այս աշ­խար­հին ու մարդ­կա­յին կեան­քին լոյ­սի ու յոյ­սի միակ աղ­բիւ­րը։
­Մեծ ­Պահ­քը ու­րեմն, մեր բո­լո­րին ուղ­ղո­ւած կանչ մըն է։ Հ­զօր ու հա­րա­զատ երկ­նա­յին կանչ մը, Աս­տուա­ծա­տուր մեր ար­ժա­նիք­նե­րը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու եւ ­Տի­րոջ աշ­խար­հը վերս­տին գե­ղեց­կաց­նե­լու: