Ա­րիս­տո­թե­լուս հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղադ­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի տա­ղա­ւա­րին առ­ջե­ւէն, Եր­կու­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին, ճամ­բայ ե­լաւ բո­ղո­քի բազ­մա­մարդ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը, դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն եւ շրջա­կայ­քի քա­ղաք­նե­րէն ժա­մա­նած էին ե­րի­տա­սարդ կամ տա­րեց հայ­րե­նա­կից­ներ, մաս­նա­կից դառ­նա­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղո­քի ցոյ­ցին։ ­Հայ ցու­ցա­րար­նե­րու կող­քին գտնո­ւե­ցան յոյն բա­րե­կամ­ներ եւս։ «­Թուր­քեր, ֆա­շիստ­ներ, ոճ­րա­գործ­ներ, ցե­ղաս­պան­ներ», «­Պոն­տոս, ­Կիպ­րոս, ­Հա­յաս­տան. ո՛չ ու­րիշ ցե­ղաս­պա­նու­թեան» եւ այլ կար­գա­խօս­նե­րը, ո­րոնք ե­րի­տա­սար­դա­կան մեծ թա­փով ար­ձա­գանգ կը ստա­նա­յին ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­մէ, պայ­քա­րի զօ­րա­ւոր մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի փո­ղոց­նե­րուն մէջ։ Ե­ռան­դուն բո­ղո­քի ցոյ­ցը, կեդ­րո­նա­կան պո­ղո­տա­նե­րէն յա­ռա­ջա­նա­լով, հա­սաւ թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նին առ­ջեւ, ուր ստի­պո­ւե­ցաւ կանգ առ­նե­լու ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք ար­գե­լա­փա­կած էին հիւ­պա­տո­սա­րա­նի շրջա­կայ թա­ղա­մա­սը։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցաւ, թրքա­կան պե­տու­թեան ուղ­ղո­ւած յու­շա­գի­րը յանձ­նե­լու նպա­տա­կով, բայց որ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փակ դրան վրայ։