Այս տա­րի դար­ձեալ, ­Նոր ­Տա­րո­ւան ծա­գու­մին ա­ռի­թով, ­Շա­բաթ՝ 14 ­Յու­նո­ւար 2017ին ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան գա­թա­յի կտրու­մի հա­ւա­քոյ­թը։
Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան օրհ­նեց գա­թան եւ տա­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց։ Ըստ ա­ւան­դու­թեան, եր­կու խում­բե­րու՝ ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի խմբա­պետ­նե­րը փո­խա­նա­կե­ցին նո­ւէր­ներ, մաղ­թե­լով բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւն եւ ա­ռա­ջըն­թաց՝ ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Ֆիք­սի «­Զար­թօնք» եւ ­Գո­քի­նիոյ «Ք­րիս­տա­փոր» խում­բե­րը փո­խա­նա­կե­ցին նո­ւէր­ներ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Լե­ւոն ­Շանթ» խում­բին հետ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան
­Գո­քի­նիոյ «Ք­րիս­տա­փոր» խում­բի վար­չու­թիւն