­Մա­յիս 18-ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայկ ­Յա­կո­բեա­նի «Չ­մօ­տե­նաք ին­ծի տի­կին» թա­տե­րա­խա­ղի ներ­կա­յա­ցու­մը. մէկ ա­րա­րով կա­տա­կեր­գու­թիւն «wine bar theater» ո­ճով, այ­սինքն` գի­նիի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ թատ­րոն։
­Գար­նա­նա­յին ե­րե­կո­յեան` բա­ւա­կան թի­ւով թա­տե­րա­սէր­ներ ժա­մա­նե­ցին ա­կումբ, սպա­սե­լով ե­լոյ­թին։ Ար­դէն 8 տա­րի ան­ցած էր վեր­ջին թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մէն։ ­Բա­ցա­ռե­լով թա­գա­վա­րա­կի պա­հը, թա­տե­րա­խում­բը այս ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը մնար գոր­ծօն. կը կա­տա­րո­ւէին յա­տուկ դա­սեր ար­հես­տա­վարժ յու­նա­հայ դե­րա­սան­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ։
Վեր­ջերս, զու­գա­հեռ, կ­‘ըն­թա­նան հայ­րե­նա­սի­րա­կան «­Զար­թօնք» թա­տե­րա­խա­ղի փոր­ձե­րը։ Այս գոր­ծե­րուն` զար­մա­նա­լի է տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը և­ ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րու խան­դա­վառ ներ­կա­յու­թիւ­նը։ ­Բարձ­րո­րակ բե­մադ­րու­թիւն` ընկ. ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի փոր­ձա­րու դե­րա­սան, որ իր ա­ռա­ջին գոր­ծը իբ­րեւ գլխա­ւոր բե­մադրիչ լոյս տե­սաւ այդ ե­րե­կոն։
Ս­րա­հին մէջ ար­դէն շա­րո­ւած էին սե­ղան­նե­րը, զար­դա­րո­ւած յա­տուկ ո­ճա­յին մօ­մե­րով, որ­պէս­զի ներ­կա­նե­րը վա­յե­լեն ի­րենց խմիչքն ու թե­թեւ խոր­տիկ­նե­րը։ ­Մուտ­քը` նոյն­պէս խորհր­դա­ւոր, սի­րուած յու­նա­հայ ե­րա­ժիշտ ­Լեֆ­թե­րիս ­Խա­վու­ցաս դաշ­նա­մու­րի ա­քորտ­նե­րու գե­ղե­ցիկ հայ­կա­կան մե­ղե­տի­նե­րու ներ­քոյ։
Յա­ջոր­դա­բար` ­Գա­յա­նէ ­Մալ­խա­սեա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան զա­ւեշ­տա­լի խօս­քը, որ մե­զի կը փո­խան­ցէր «տի­կին ­Յաս­մի­կին պատ­մած տա­րօ­րի­նակ ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ»։
Ա­պա` պահն էր յի­շե­լու «ինչ ե­ղած էր 8 տա­րի ա­ռաջ պա­րոն ­Վար­դե­վա­ռեա­նի տու­նը»… Այս­պէս` պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան դրո­ւագ­ներ «­Մար­դասպա­նու­թիւն մը» թա­տե­րա­խա­ղէն, որ ներ­կա­յա­ցո­ւած էր նոյն վայ­րին մէջ։ Գլ­խա­ւոր դե­րե­րը կը մարմ­նա­ւո­րէին ­Ժագ ­Տա­մա­տեան և ­Մա­րօ ­Մա­թեան։ 8 տա­րի ետք, ան­գամ մը եւս պատ­րաստ էին դար­ձեալ հմա­յե­լու հա­սա­րա­կու­թեան, ի­րենց խա­ղար­կու­թեամբ։
«Չ­մօ­տե­նաք ին­ծի տի­կին» ժա­մա­նա­կա­կից փիե­սը, կը կեդ­րո­նա­նայ մարդ­կա­յին հո­գե­բա­նու­թեան ու թաք­նո­ւած ցա­ւե­րուն, զա­ւեշ­տի մը մի­ջո­ցաւ ներ­կա­յաց­նե­լով ծաղ­րան­քի ու անձ­նա­ւո­րու­թեան նո­ւաս­տաց­ման հե­տե­ւանք­նե­րը։ Տ­ղա­մար­դը, կա­նա­ցի բժիշկ, չար կա­տակ­նե­րու զոհ դար­ձած իր մթնո­լոր­տի ան­ձե­րէն, փոր­ձե­լով փախ­չիլ իր ե­տե­ւէն վա­զող հի­ւան­դա­պա­հու­հի­նե­րէն կը մտնէ ան­ծա­նօթ կնոջ մը տու­նը, ո­րո­շե­լով անձ­նաս­պան ըլ­լալ։ Ան` կար­ծե­լով որ «իր ա­մուս­նու ազ­գա­կան­նե­րէն մէկն է, որ սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ ու լքեց իր ըն­տա­նի­քը», յար­ձա­կո­ղա­կան է իր հան­դէպ։ ­Սա­կայն, ծա­նօ­թա­նա­լով զայն, «կը մեղք­նայ, ո՛չ ո՛չ կը հիա­նայ իր­մով» ու զա­նա­զան ձե­ւե­րով կը փոր­ձէ փրկել։ Բ­ժիշ­կը խոս­տո­վա­նե­լով իր թու­լու­թիւ­նը կ­‘անդ­րա­դառ­նայ` «տկար­ներն ալ ապ­րե­լու ի­րա­վունք չու­նի՞ն»։
Մինչ այդ «դե­ւեր» հի­ւան­դա­պա­հու­հի­նե­րը, ­Լո­ւի­զա ­Պօ­ղո­սեան, Ա­նա­յիս ­Բար­սե­ղեան և ­Ժաս­մին ­Շա­մա­մեան, կը շա­րու­նա­կեն փնտրել ի­րեն…
­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ծա­փող­ջոյն­նե­րով «վար­ձատ­րեց» գոր­ծը, որ ա­միս­նե­րու աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք էր։ Իսկ «wine bar» թատ­րո­նը կար­ծես թէ կրնայ դառ­նալ ա­ւան­դոյթ, կեդ­րո­նա­կան ե­լոյ­թով մը զու­գա­հեռ։
Ց­տե­սու­թիւն, սպա­սե­լով յա­ջորդ ներ­կա­յաց­մա­նը։

Թղթակից