Չծրարուած նամակ մը

Յովսէփ Պարազեանի քառասունքին առիթով

0
4001

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

— Չէ՛, չե­ղաւ, չէ՛, այս ան­գամ չյար­գե­ցիր խոս­տումդ։ Ո՞ւր է եր­րորդ գիրքդ։ Դուն առ­հա­սա­րակ քու խօս­քիդ տէրն էիր միշտ, իսկ գոր­ծերդ՝ գրա­ւա­կա­նը քու խօս­քե­րուդ։
Ես կը սպա­սէի քու եր­րորդ գիր­քիդ ու հե­տաքրք­րո­ւած էի, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լար այս ան­գամ քեզ մտա­հո­գող թե­ման։ Հա­յու­թեամբ տրո­փող սիրտդ իր սլա­քը վստա­հա­բար պի­տի դնէր ներ­կայ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։
— Ա­յո՛, վստահ էի, որ այդ­պէս պի­տի ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ դուն ամ­բողջ կեանքդ ապ­րե­ցար քու ազ­գիդ ու ա­նոր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար՝ զո­հե­լով քու նո­ւի­րա­կան ժա­մերդ։
Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին ին­ծի հա­մար հո­գի ու շունչ կը դառ­նար յա­ճախ ձեռ­քիս տակ իմ գոր­ծիս բեր­մամբ ճանչ­ցո­ւած ստո­րագ­րու­թիւ­նը։
Յով­սէփ Պա­րա­զեան՝ պատ­կա­ռե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ իր ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի աշ­խու­ժու­թեամբ կու գար բնո­րո­շե­լու իր բազ­մաշ­նորհ նկա­րա­գի­րը։
Ու­րախ մարդ մը ու պա­տաս­խա­նա­տու անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ չի խնա­յեր ո­րե­ւէ ճիգ՝ ի­րեն տրո­ւած պաշ­տօ­նին նկատ­մամբ։ Թա­փան­ցիկ էր իր հո­գին՝ իր դժո­ւար ման­կու­թեան ու ան­ցեա­լի օ­րե­րուն նման։
Հա­կա­ռակ շատ մը դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ճա­շա­կած ըլ­լա­լուն՝ իր հո­գին մնա­ցած էր սրտա­մօտ ու ծա­ռա­յա­սէր։ Բ­ծախն­դիր էր ու ա­ռա­տա­ձեռն հոգ­ւով իր գիտ­ցածն ու տե­սա­ծը ան­պատ­ճառ պի­տի ծա­նօ­թաց­նէր ին­ծի ալ։ Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին չմնաց շրջան մը, ո­րուն ան­գի­տակ մնա­յի՝ Բի­րէա նա­ւա­հան­գիս­տէն մին­չեւ Լի­քա­վի­թոս բար­ձուն­քը, շնոր­հիւ Յով­սէ­փին։ Ա­հա ան­շա­հախն­դիր անձ մը, ո­րուն ճա­կա­տին կը կար­դա­յի իր ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւն՝ իր ազ­գին, կու­սակ­ցու­թեան ու թեր­թին։ Իր բո­լոր ճի­գե­րը այդ մէ­կը ցոյց կու տա­յին, ինչ որ այս օ­րե­րուն առ­հա­սա­րակ կը պակ­սի մեր ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ։
Ա­սի­կա իր մա­քուր նկա­րագ­րի տէր անձ ըլ­լա­լուն կը պար­տէր։ Իս­կա­կան գա­ղա­փա­րա­կան մա­քուր մարդն էր ըն­կեր Յով­սէփ Պա­րա­զեա­նը, որ տո­ւած էր իր ա­մէ­նէն լաւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը իր ազ­գին եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թին։
Եր­կար տա­րի­ներ «Ա­զատ Օր»ի խմբա­գի­րը տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով լու­սա­ւո­րեց յու­նա­հայ
գա­ղու­թի ի­մա­ցա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք տե­ղեակ պա­հե­լով ազ­գա­յին ու հա­մազ­գա­յին բո­լոր տագ­նապ­նե­րուն։ Ե­ղաւ բո­լո­րին հա­մար բա­րի օ­րի­նակ մը՝ ծա­ռա­յե­լու ազ­գա­յին զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն, ուր ա­մէն տեղ դրած էր իր ծաղ­կող մա­տը։
Սի­րե­լի՛ ըն­կեր Յով­սէփ,
Շր­ջա­պատդ շատ ու­րախ էր քու ներ­կա­յու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ մէ­կը չէիր ու­զեր նե­ղաց­նել եւ ճկուն գոր­ծու­նէու­թեամբդ վարժ էիր ա­մէն դեր վերց­նե­լու՝ տե­ղին եւ ժա­մա­նա­կին հա­մա­ձայն։
Իս­կա­պէս մա­հո­ւանդ բօ­թը շատ դժո­ւար էր ըն­դու­նիլ։
Չէի կրնար հա­ւա­տալ, որ այս­քան կեն­սու­նակ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը կրնար յան­կարծ լռել, երբ դեռ շատ բան ու­նէր տա­լիք։
Կեան­քի դա­ւե­րէն մէկն ալ՝ այս չսպա­սո­ւած մա­հը, որ կու գայ ան­ժա­մա­նակ, երբ դեռ պատ­րաստ չենք զինք ըն­դու­նե­լու։
Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ պի­տի մնայ քեզ իս­կա­պէս ճանչ­ցող­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ։
Թող այս քա­նի մը տո­ղե­րը վեր­ջին եր­թաս բա­րո­վը ըլ­լան քե­զի, ազ­նիւ ու մեծ­հո­գի ըն­կե՛ր Յով­սէփ։
Ա­մե­նայն­դէպս դուն պէտք է վստահ ըլ­լաս, որ քու դրած մատ­նա­հետ­քերդ պի­տի ծաղ­կին քու շրջա­պա­տիդ մէջ, ուր տքնե­ցար լաւ սե­րունդ մը պատ­րաս­տե­լու հա­մար՝ քու օ­րի­նա­կիդ հե­տե­ւո­ղ։