Հ.Հ. կառավարութեան այսօրուան նիստին հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ «ճարտարագիտական-տնտեսական համագործակցութեան մասին» համաձայնագրի կնքման առաջարկին համաձայնութիւն տալու մասին հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am։
Ըստ այդ համաձայնագրին` Չինաստանը 2017ին հաւանութիւն տուած է Հայաստանին 200 շտապ օգնութեան մեքենայ եւ վերակենդանացման համար անհրաժեշտ սարքեր նուիրելու ծրագրին: Համաձայն առողջապահութեան նախարարութեան` նշեալ 200 մեքենաները ստանալով` հայկական կողմը պիտի կարենայ ամբողջութեամբ բաւարարել հանրապետութեան մէջ շտապ օգնութեան մեքենաներուն կարիքը: Ստացուող մեքենաներուն մեծ մասը պիտի տրամադրուի մարզերուն: Մեքենաները Հայաստան պիտի հասնին աշնան:
Չինաստան — Հայաստան
Չինաստանը Հայաստանին 200 շտապ օգնութեան մեքենայ պիտի նուիրէ