ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ո­ւինս­թըն ­Չըր­չիլ իր ժա­մա­նա­կի մի­ջազ­գա­յին պատ­մու­թիւ­նը իր ա­նու­նով դրոշ­մած էր եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հիաց­մուն­քին ար­ժա­նա­ցած՝ հռչա­կո­ւե­լով քսա­նե­րորդ դա­րու մեծ յաղ­թա­կա­նը, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան փրկի­չը:
Հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ա­նոր ցու­ցա­բե­րած վճռա­կա­նու­թիւնն ու պատ­մակ­շիռ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար էին, որ իր ա­նու­նին հետ նաեւ իր երկ­րին՝ Բ­րի­տա­նիոյ հմայ­քը տա­րա­ծո­ւէր աշ­խար­հով մէկ եւ ան նկա­տո­ւէր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ան­գե­րա­զան­ցե­լի եւ իր նմա­նը չու­նե­ցող հնա­րա­միտ վար­չա­պետ՝ կա­ռա­վար­ման գոր­ծին մէջ:
­Հիթ­լե­րի ջախ­ջա­խու­մէն եւ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ 1945-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, հա­կա­ռակ իր բազ­մակի ար­ժա­նիք­նե­րուն ու համ­բա­ւին, անգլիա­ցի քուէար­կող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Չըր­չի­լին զլա­ցաւ իր քո­ւէն եւ նա­խընտ­րեց ա­նոր մրցա­կի­ցը՝ վար­չա­պե­տա­կան պաշ­տօ­նին հա­մար:
­Կա­րե­լի է տար­բեր-տար­բեր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տալ, թէ Ին­չո՞ւ շշմեց­նող ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող ի­րենց ազ­գա­յին հե­րո­սը՝ ­Չըր­չիլ պար­տուե­ցաւ: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ եւ ըստ ին­ծի, բա­ցա­ռո­ւած չէ, որ ժո­ղովր­դա­յին բնազ­դով ու ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեամբ, քո­ւէար­կող անգ­լիա­ցի­նե­րը հա­մա­րած ըլ­լան, որ ի­րենց մե­ծա­նուն վար­չա­պե­տը պատ­մա­կան իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լիո­վին կա­տա­րած է ար­դէն, ու՝ տուն պէտք է եր­թայ…:
Գ­րու­թեանս նպա­տա­կը ­Չըր­չի­լի կեն­սագ­րու­թիւ­նը տալ չէ, այլ ա­նոր այս օ­րի­նա­կը իբ­րեւ խթան ծա­ռա­յեց­նե­լով հայ­րե­նի բնակ­չու­թեան քա­ղա­քա­կան բնազ­դը գրգռե­լու մի­տու­մը ու­նի այն տե­սա­կէ­տով, որ երբ քա­ղա­քա­կան մար­դիկ ի­րենց առ­ջեւ բա­ցո­ւած փառ­քի ճամ­բուն դի­մաց չեն կա­րո­ղա­ցած ի­րենք զի­րենք զսպել, ու­զած են շա­րու­նակ ու ա­նար­գել ըն­թա­նալ ան­կէ, յա­ճախ պա­տա­հած է, որ ա­նոնք հան­դի­պին ընդ­դի­մու­թեա­նը ժո­ղովրդա­յին զան­գո­ւած­նե­րու, ո­րոնք գտած են զա­նոնք զսպե­լու եւ տուն ղրկե­լու ձե­ւը՝ խա­ղաղ ցոյ­ցե­րով, ըմ­բոս­տու­թեամբ, յե­ղա­փո­խու­թեամբ կամ ընտ­րու­թեանց մի­ջո­ցով…:
Ը­սո­ւա­ծին ա­մէ­նէն թարմ օ­րի­նա­կը պա­տա­հարն է Հ.Հ.-ի եր­րորդ նա­խա­գա­հին, որ տա­սը տա­րո­ւան նա­խա­գա­հու­թե­նէն ետք եւ նոյն ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով, բայց այս ան­գամ իբ­րեւ վար­չա­պետ, փոր­ձեց երկ­րին իշ­խա­նու­թեան ղե­կը պա­հել ինք­զին­քին եւ հան­դի­պե­ցաւ «մեր­ժի՛ր ­Սեր­ժին» կար­գա­խօ­սով ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոստ շար­ժու­մին…: ­Քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան հե­տա­գայ հո­լո­վոյ­թը ծա­նօթ է բո­լո­րիս, ո­րով հարկ չկայ վե­րա­քա­ղի:
­Թարմ է տա­կա­ւին 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ա­ղե­տը, ո­րուն նո­րա­գոյն ա­րա­րը՝ Ար­ցա­խի անձ­նա­տո­ւու­թեան ու բռնի հա­յա­թափ­ման ող­բեր­գու­թեան խո­րու­թիւ­նը կ­՚ա­հա­բե­կէ տան­թէա­կան ա­մէ­նէն յան­դուգն ե­րե­ւա­կա­յողն ան­գամ: Այս ամ­բողջ ող­բեր­գու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ եւ մին­չեւ այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը «­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը լու­ծե­լու իր ա­նի­ծեալ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը» կա­տա­րե­լով հան­դերձ փո­խա­նակ ինք­նասպան ըլ­լա­լու կամ առ­նո­ւազն հրա­ժա­րե­լու, կը շա­րու­նա­կէ յո­խոր­տալ ու կառ­չած մնալ վար­չա­պե­տա­կան փառ­քի ա­թո­ռին: ­Բա­ցա­յայտ է, որ մար­դը զուրկ է քա­ղա­քա­կան զգա­յա­րան­քէ եւ անձ­նա­կան պա­տի­ւէ: ­Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հայ­րե­նա­կոր­ծան վար­չա­պե­տը չի զսպեր, ա­նար­գան­քի սիւ­նին չի գա­մեր, լուռ ու կրա­ւո­րա­կան կը հե­տե­ւի հայ­րե­նի­քի կոր­ծան­ման հո­լո­վոյ­թին: Իսկ ընդ­դի­մու­թիւ­նը կը թո­ւի, թէ ժո­ղովր­դա­յին զան­գո­ւած­ներ շար­ժե­լու կա­րո­ղու­թե­նէ զուրկ՝ մատ­նո­ւած է ան­զօ­րու­թեան եւ ըստ իս՝ մո­լո­րան­քի:
­Հայ­րե­նի­քի ներ­կա­յով ու ա­պա­գա­յով մտա­հոգ մար­դոց յոյ­սը ընդ­դի­մու­թեան յա­ջո­ղու­թիւնն էր ան­կաս­կած, գոր­ծող վար­չա­պե­տին հե­ռա­ցու­մը եւ երկ­րի գա­հա­վի­ժող ըն­թաց­քին կա­սե­ցու­մը, բայց եւ այն­պէս ան­ցեա­լի ու այ­սօ­րո­ւան մար­տա­վա­րու­թեամբ դժո­ւար թէ ան յա­ջո­ղի իր նպա­տա­կին մէջ: Այս մա­սին ե­րեք մատ­նանշում­ներ.
Ա) Ա­ռա­ջին օ­րէն ընդ­դի­մու­թեան կար­գա­խօ­սը ե­ղաւ «­Հա­յաս­տան ա­ռանց ­Նի­կոլ(ի)…»: Այ­սինքն՝ «­Փա­շի­նեան հե­ռա­ցի՛ր»: Են­թադ­րենք, թէ ան ներ­քին կծկում մը ու­նե­ցաւ եւ հրա­ժա­րե­ցաւ, ինչ որ ան­հա­ւա­նա­կան է: ­Վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րուան մէջ, 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի պար­տու­թե­նէն ետք էր միայն, որ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կա­տար­նե­րու հրա­ժար­ման դէպ­քեր ե­ղան թէեւ, այ­դո­ւա­մե­նայ­նիւ պա­տա­հած դժբախ­տու­թեանց բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հրա­ժար­ման ո­րե­ւէ շար­ժու­ձե­ւի չհան­դի­պե­ցանք…:
Ը­սինք. են­թադ­րենք թէ հրա­ժա­րե­ցաւ ­Փա­շի­նեան: Ի՞նչ է հե­տե­ւու­թիւ­նը: Ո՞վ պի­տի նշա­նա­կէ նոր վար­չա­պե­տը. բնա­կա­նա­բար՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը եւ ինք՝ ­Փա­շի­նեան պի­տի մնայ մե­ծա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վա­րը, տե­սակ մը «ան­թագ թա­գա­ւոր» եւ խա­մա­ճիկ վար­չա­պետ ու «ազ­գա­յին փրկու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւն»: Այն­պէս, ինչ­պէս պատ­կերն է ընդ­դի­մու­թեան, ո­րուն ղե­կա­վա­րը ա­ռա­ջին օ­րէն վար դրաւ պատ­գա­մա­ւո­րի իր ման­տա­թը ա­ռար­կե­լով, որ ինք օ­րէնսդրա­կան գոր­ծե­րու հա­մար չէ, այլ…: Այ­սինքն, ի­րեն քո­ւէ տուող­նե­րուն զլա­ցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­ռաջ­նագծի պայ­քա­րին մաս կազ­մե­լու եւ կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­կակշ­ռե­լու իր պարտ­քը, բայց մնաց ընդ­դի­մա­դիր պլո­քին ղե­կա­վա­րը…:
Բ) Ընդ­դի­մու­թեան ձեռ­նար­կած «փո­ղո­ցա­յին պայ­քար»ը ի սկզբա­նէ դա­տա­պար­տո­ւած էր ձա­խո­ղու­թեան: «­Փո­ղո­ցա­յին» բառն իսկ խրտչեց­նող է: ­Քա­նի մը հա­զար ան­ձե­րով փո­ղո­ցա­յին անհնա­զան­դու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին դժգոհ կը ձգէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րոնք ա­ռօ­րեայ հեւ­քը ու­նին եւ ի­րենց օ­րա­պա­հիկ հա­ցը ա­պա­հո­վե­լու մղձա­ւան­ջը եւ ո­րոնց զօ­րակ­ցու­թեան ու քո­ւէ­նե­րուն պի­տի ա­պա­ւի­նի ո­րե­ւէ ընդ­դի­մու­թիւն: Այն­պէս որ, չհա­մակ­րե­լով անհ­նա­զանդ­նե­րուն, քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կ­՚ու­զեն, որ փո­ղո­ցի կար­գը պահ­պա­նո­ւի…:
Գ) ­Ժո­ղովր­դա­յին յե­նա­րան դժուար թէ ու­նե­նայ ո­րե­ւէ ընդ­դի­մու­թիւն, ո­րուն ղե­կա­վար­նե­րը ա­տե­նը մէկ հրա­պա­րակ կը կան­չեն ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րը, որ­պէս­զի… ինք­զինք­նին կրկնեն:
Որ­քան որ կրցած եմ հե­տե­ւիլ, չեմ նկա­տած ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած հա­մո­զիչ ու գոր­ծադ­րե­լի ծրա­գիր մը, զոր պի­տի ձգտի ի­րա­կա­նաց­նել ան ­Փա­շի­նեա­նէն վերջ: Ա­ռանց հա­մո­զիչ ծրագ­րի ո­րե­ւէ ընդ­դի­մու­թիւն կու տայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ինք «բո­ղո­քող ընդ­դի­մու­թիւն» է եւ ոչ թէ իշ­խա­նու­թեան այ­լընտ­րանք, երբ մա­նա­ւանդ չի ներ­կա­յա­ցո­ւիր նաեւ նոր ընտ­րու­թեանց ձեռ­նար­կե­լու պա­հանջ:
­Քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի մէջ կը գոր­ծէ այն օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը գնա­հա­տուի իր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քէն, իսկ ընդ­դի­մու­թիւ­նը՝ հա­մո­զիչ խօս­քէն:
Դ­ժո­ւար է նաեւ ա­ռար­կել այն վար­կա­ծին, որ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ քո­ւէար­կող­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար կը հա­կին վար­չա­պետ­ցու թեկ­նա­ծո­ւի ան­ձին եւ նո­ւազ չա­փով՝ ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրագ­րին:
Ն­կա­տե­լի է, որ մին­չեւ հի­մա վար­չա­պե­տա­կան պաշ­տօ­նին հա­մար ո­րե­ւէ թեկ­նա­ծո­ւի ա­նուն չու­զեց կամ չկրցաւ յայ­տա­րա­րել ընդ­դի­մու­թիւ­նը:
­Փա­շի­նեա­նին գոր­ծե­րուն ար­դիւն­քը կը շա­րու­նա­կէ ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն կոր­ծա­նա­րար ըլ­լալ: ­Զահ­րու­մա՛ր: Ար­ցա­խի վեր­ջին ե­ղե­րա­կան ա­րա­րէն ետք ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տի յստակ սպառ­նա­լի­քին դի­մաց, երբ վար­չա­պե­տը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ «թա­գա­ւո­րել», կը նշա­նա­կէ թէ ընդ­դի­մու­թիւ­նը հա­մո­զիչ չէ, այ­լա­պէս մեր ազ­գին պի­տի խնա­յո­ւէր ներ­կայ ող­բեր­գու­թիւ­նը:
44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­հաւոր ող­բեր­գու­թե­նէն ետք, ընտ­րու­թեանց մէջ քո­ւէար­կող­նե­րու շշմե­ցու­ցիչ թի­ւով ձեռն­պա­հու­թիւ­նը են­թադ­րել կու­տայ, որ մե­ծա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­մար ըն­դու­նե­լի չէին ի­րա­րու մրցորդ եր­կու թեկ­նա­ծու­ներն ալ, ո­րով ա­նոնք նա­խընտ­րե­ցին տու­նը նստիլ ու չմաս­նակ­ցիլ քո­ւէար­կու­թեանց…: Մ­տա­ծե­լու խնդիր մըն է սա եւ ճիշդ չէ ժո­ղո­վուր­դը ան­դա­դար դա­տա­փե­տել իբ­րեւ ան­տար­բեր ու ոչ­խա­րա­յին զան­գո­ւած:
Մ­տա­հան չը­նենք, որ սխալ շար­ժու­ձեւ մը նոր սխա­լով չի սրբագրուիր. եւ սա՝ ա­մէն մար­զի մէջ:
Ա­ռայժմ՝ այս­քան:

7 ­Հոկտ. 2023