1992ի ներ­կա­յա­ցու­մէն հա­ւա­քա­կան լու­սան­կար մը, ուր կ­þե­րե­ւին գլխա­ւոր դե­րա­սան­ներ՝ ­Կար­պիս ­Վար­դա­նեան, ­Ծա­ղիկ ­Գա­զան­ճեան, ­Սի­րա­նուշ ­Չա­լը­քեան, ­Թագ­ւոր ­Գա­զան­ճեան, ­Տիգ­րան ­Սէ­լի­մեան, ­Մատ­թէոս Ա­ջա­պա­հեան, Ս­տե­փան ­Պա­լեան, ­Յա­րու­թիւն ­Սա­րա­ճեան, ­Համ­բիկ ­Յով­սէ­փեան, Վ­րէժ ­Գա­սա­պեան, ­Վազ­գէն ­Թի­թո­յեան, ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան եւ օ­րո­ւայ բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­կա­տար Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան։ ­Թատ­րեր­գու­թեան մէջ նաեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած է պա­լէի բա­ժին մը՝ պա­րու­սուց­չու­թեամբ ­Ռի­թա ­Մատ­թէո­սեան¬­Փա­լան­ճեա­նի։ ­Յու­շա­րա­րի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան

Չ­ցամ­քող հիւ­մո­րով 1906ին մեր մե­ծա­գոյն եր­գի­ծա­բան-թա­տե­րա­գիր­նե­րէն Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նի (1869-1926) եւ «պան­դուխ­տի կեան­քը» հա­րա­զա­տօ­րէն նկա­րագ­րող գրա­գէտ ­Մել­քոն ­Կիւր­ճեա­նի-Հ­րանդ (1859-1915) կող­մէ գրո­ւած այս թատ­րեր­գու­թիւն-օ­փե­րէ­թը, փաս­տօ­րէն, եր­գի­ծա­կան ո­ճով «կը ծաղ­րէ» ֆրան­սա­կան-հայ­կա­կան-թրքա­կան՝ հայ կեան­քի, մտքի ու ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու, պայ­ման­նե­րու ու «վե­րէն թռող» մտայ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թատ­րո­նի ճամ­բով լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ­Պոլ­սոյ ազ­գա­յին ու ըն­կե­րա­յին դա­սա­կար­գե­րու գա­ւա­ռա­յին վե­րա­բե­րումն ու ապ­րե­լա­կեր­պը։
20րդ ­դա­րու սկիզ­բը ­Թուր­քիոյ հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րու մէջ շեշ­տա­կիօ­րէն տի­րա­պե­տող խորթ ե­րե­ւոյթ­ներ ու ի­րա­վի­ճակ­ներ հան­դի­սադ­րող այս կա­տա­կեր­գու­թիւ­նը, ան­ցnող 100 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, մաս­նա­ւո­րա­բար մին­չեւ 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ե­գիպ­տո­սի, սփիւռ­քա­հայ հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րու, այ­լեւ Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան-ե­րաժշ­տա­կան թատ­րո­նի կող­մէ, տար­բեր ու տար­բեր բե­մադ­րու­թիւն­նե­րով ու մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ան­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թիւն­ներ գոր­ծե­լով թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։
­Թուր­քիոյ մէջ տի­րա­պե­տող ե­ղող մտայ­նու­թիւն­նե­րը ու ­Փոքր Ա­սիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն դէ­պի ­Յու­նաս­տան գաղ­թած հա­յեր՝ ի­րենց հետ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն բե­րին հաս­տա­տո­ւած վայ­րի նոր մտայ­նու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րող ու կազ­մա­ւո­րող հին բար­քեր, ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, ըն­կե­րա­յին բա­խում­ներ, ա­տոնց­մէ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու, կամ առ­նո­ւազն խու­սա­փե­լու հար­կադ­րա­լից պար­տա­ւո­րու­թեամբ։
Եւ այս­պէս, հա­յե­րը հա­զիւ յու­նա­կան հո­ղի վրայ կո­խած, երբ կը փոր­ձէին տուն-տեղ ըլ­լալ, խրճիթ մը կա­ռու­ցել, աշ­խա­տանք գտնել, ի­րենց մատ­ղաշ սե­րուն­դի կրթու­թեան հար­ցը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն դի­մագ­րա­ւել («­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը դեռ կա­ռու­ցո­ւած չէր), եր­բեմ­նի հա­յա­շատ ­Լի­փազ­մա­յի գա­ղու­թին մէջ, տեղ­ւոյն փոք­րիկ Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի համստ սրա­հին մէջ, Հ.Կ.­Խա­չի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գե­ղա­րո­ւես­տա­սէր տղաք ու աղ­ջիկ­ներ կը հա­մար­ձա­կին պատ­րաս­տել ու ի­րենց սե­փա­կան ու­ժե­րով բե­մադ­րել ­Պոլ­սոյ մէջ տե­սած-լսած «­Չար­շը­լը»ի թատ­րեր­գու­թիւ­նը։
­Լի­փազ­մա­յի հա­յե­րը, երբ տա­կա­ւին՝ ա­ւե­լի վերջ ի­րենց թա­ղաշր­ջա­նը փո­խո­ւե­ցաւ ու Տ­րա­փե­ցո­նա ա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ, կը խօ­սէին ու կը գրէին այդ սքան­չե­լի ներ­կա­յաց­ման յա­ջո­ղու­թեան մա­սին, որ ի­րա­գոր­ծո­ւած էր 1925ին, այ­սինքն տա­րագ­րու­թե­նէն ­Յու­նաս­տան ի­րենց հաս­տա­տու­մէն 3 տա­րի վերջ միայն։
­Սոյն օ­փե­րէ­թը իր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին (1929) յօ­րի­նեց մեր երգ­չա­խում­բի սի­րո­ւած ու վաս­տա­կա­ւոր խմբա­վար ու ե­րա­ժիշտ ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան։
Կ’ե­րե­ւի թէ ժա­մա­նա­կը ա­րա­գօ­րէն կը բու­ժէր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը ա­հա­ւոր վէր­քե­րը, ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար որ մա­զա­պուրծ փրկո­ւած էր ա­նա­սե­լի ող­բեր­գու­թե­նէ մը եւ ար­ցուն­քը ժպի­տի կը վե­րա­ծէր մարդ­կա­յին յան­դուգն քա­ջու­թեամբ ու հո­գե­կան վե­հու­թեամբ։
Եւ ինչ­պէս բո­լոր լաւ բա­նե­րը -մա­նա­ւանդ ա­րո­ւես­տը- շու­տով վա­րա­կիչ կը դառ­նան, ­Լի­փազ­մա­յի օ­րի­նա­կը վա­րա­կիչ կը դառ­նայ ­Ֆիք­սի մէջ, ուր Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ (հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րան), ա­ւեիլ վերջ ­Գո­քի­նիա, յա­ջոր­դա­բար ալ «­Քենտ­րի­քօ» այդ օ­րե­րուն ա­մառ­նա­յին թա­տե­րաս­րա­հին մէջ կ­’ար­ժա­նա­նայ ի­րե­րա­յա­ջորդ յա­ջող բե­մադ­րու­թիւն­նե­րու։ ­Թա­տե­րա­կան այս հո­սան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի 40ա­կան եւ 50ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եւս։ ­Համ­բա­ւը կը հաս­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ուր տե­ղի կ­þու­նե­նան եր­կու ան­մո­ռա­նա­լի ներ­կա­յա­ցում­ներ, ա­ռա­ջի­նը 1965ին, երկ­րոր­դը 1977ին, գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­նա­լով այդ քա­ղա­քին մէջ տաս­նա­մեակ­նե­րու հա­րուստ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող «Ա­դա­մեան» թա­տե­րա­խում­բի հին եւ նոր թա­տե­րա­սէր­նե­րու մօտ։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի ներ­կա­յա­ցու­մէն 15 տա­րի վերջ, գե­ղա­րո­ւես­տա­սէր մեր ժո­ղո­վուր­դին փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, ­Հա­մազ­գա­յի­նի թա­տե­րա­խում­բը, բե­մադ­րու­թեամբ իր ան­մո­ռա­նա­լի ու վսա­տա­կա­ւոր «վար­պետ» Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ կը վե­րա­բե­մադ­րէ «­Չար­շը­լը»ն ­Փի­րէա­յի ­Քա­ղա­քա­պե­տա­կան դա­սա­կան թատ­րո­նի բե­մէն, ան­մո­ռա­նա­լի ներ­կա­յա­ցու­մով, թա­տե­րա­կան լա­ւա­գոյն ու­ժե­րով, «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բով ու այդ օ­րե­րու իր խմբա­վար ընկ. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ կեն­դա­նի նո­ւա­գա­խում­բով։

***
Ու հա­սանք ­Կի­րա­կի՝ 5 ­Մարտ 2017ին։ Այ­սինքն, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ թատ­րո­նի ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մէն 92 տա­րի վերջ, մօտ մէկ դար։ Ար­ժէ­քա­յին ըմբռ­նում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը շատ մեծ բան է փոք­րիկ գա­ղութ­նե­րու մեծ կեան­քին մէջ։ Այս­քա՜ն շատ տա­րո­ւան մէջ այս­քա՜ն շատ բան ե­ղած է։ Ապ­րի՛ն բո­լո­րը։
­Թատ­րո­նը, եր­գը, պա­րը՝ բնո­րո­շած է յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­րուստ ան­ցեալն ու ներ­կան։ ­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տով ինք­նա­սու­նու­ցո­ւած գա­ղութ մը ե­ղած է եւ ա­րո­ւես­տը դա­սած է ա­մէն ինչ վեր ու ա­ւե­լի վեր։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի յանձնա­խում­բը՝ ներշն­չեց, որ ան­ցեա­լի ժա­մա­նա­կը իր յու­շը պար­տադ­րէ, որ յուշն ալ իր ներ­կայ ժա­մա­նա­կը վա­յել­քի օ­րո­ւայ վե­րա­ծէ։
­Յանձ­նա­խում­բը՝ ա­տե­նէ մը ի վեր լծո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի մէջ անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ի­րա­գոր­ծո­ւած թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն video-նե­րը թո­ւայ­նաց­նե­լու — dvd-ի վե­րա­ծե­լու աշ­խա­տան­քին, հին փրկե­լու, ո­րա­կա­ւո­րե­լու եւ ար­խի­ւա­յին ի­մաս­տով ճիշդ ու մնա­յուն վի­ճա­կի մէջ պահ­պա­նե­լու հե­ռան­կա­րով։ Ան­ցեալ ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեանը ­Ֆիք­սի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծը, այդ աշ­խա­տան­քին մէկ կեն­դա­նի նմու­շը կը կազ­մէ։
­Յանձ­նա­խում­բը՝ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հետ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած լծո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն ու Ս­փիւռ­քի այլ գա­ղութ­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւած ներ­կա­յա­ցում­նե­րու նմուշ­ներ ա­պա­հո­վել իր դա­սա­ւո­րե­լիք ա­պա­գայ ընտ­րա­ցան­կը հարս­տաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Այս գոր­ծին հա­մար դի­մած է նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան, ­Պէյ­րութ։

***

«­Չար­շը­լը Ար­թին Ա­ղա» օ­փե­րէ­թի ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 5 ­Մարտ, ժա­մը 7։30ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի սրա­հին մէջ, Wine bar Theatre ո­ճով։ ­Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, իր խօս­քի իբ­րեւ բնա­բան ընտ­րե­լով «­Վե­րա­դարձ դէ­պի ան­ցեալ», խոր­հուրդ քա­ղե­լով այն ա­սա­ցո­ւած­քէն, որ նա­յե­լով դէ­պի ետ, հնա­րա­ւոր է դա­սեր քա­ղել եւ ա­պա­գայ կեր­տել։
Ըն­կե­րը խօ­սե­ցաւ «­Չար­շը­լը» օ­փե­րէ­թի ան­ցեա­լի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մա­սին, պար­զե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի հնա­մե­նի պատ­կե­րը։ Ն­շեց, թէ ըն­թաց­քի մէջ է հին video-նե­րը թո­ւայ­նաց­նե­լու ծրա­գիրն ու աշ­խա­տան­քը եւ կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն՝ յանձ­նա­խում­բի տրա­մադ­րու­թեան տակ դնել ան­ցեա­լի թա­տե­րա­կան նիւ­թեր զա­նոնք լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու, ա­պա վե­րա­դարձ­նե­լու տէ­րե­րուն։
Ե­րե­կոն ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մէջ։ Dvdի ներ­կա­յա­ցում, բա­ժակ մը խմիչք, ա­ղան­դեր­ներ, զո­ւար­ճա­խօ­սու­թիւն­ներ ու յի­շա­տակ­նե­րու պա­տու­մը կեն­դա­նի պա­հե­ցին մթնո­լոր­տը։
Ա­ւար­տին, փա­փա­քող­նե­րը գնե­ցին թո­ւայ­նա­ցած dvdին եւ յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած հա­ւա­քա­ծոյ մը։
­Վարձ­քը կա­տար յայտ­նի թէ ան­յայտ բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րուն։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ