2019ի ընթացքին լոյս տեսաւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը՝ հրատարակուած գեղատիպ գիրքի մը մէջ:
«Տաղարան» շարքի վերջին բանաստեղծութիւնը՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն, Չարենցը նուիրած է կնոջը՝ Արփենիկին: Չարենց այս բանաստեղծութիւնը սկսած է գրել 1920 թուականին Երեւանի մէջ եւ աւարտած՝ 1921 թուականին Մոսկուայի մէջ, երբ հազիւ քսաներեք-քսանչորս տարեկան էր:
Աշխարհի տարբեր լեզուներով գիրքը թարգմանելու պատասխանատու գործը ստանձնած էր Եղիշէ Չարենցի թոռնուհին՝ Գոհար Չարենց-Ճերրահեանը: Գիրքը նկարազարդուած է Մարտիրոս Սարեանի հրաշալի կտաւներու դրուագներով, որոնք տրամադրած են նկարիչի ընտանիքի անդամները: Գիրքը հրատարակած է «Բուկինիստ» հրատարակչատունը՝ Էթովպահայ ու Անգլիա բնակող՝ Հրաչ Ճերրահեանի հովանաւորութեամբ:
Գիրքի շնորհահանդէսը առաջին անգամ եղաւ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 2019ին: Շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Չարենցի ընտանիքի անդամները` Գոհար եւ Արմէն Չարենցները, յօրինող Տիգրան Մանսուրեան, գիրքի հրատարակման հովանաւոր Հրաչ Ճերրահեան, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեան, «Բուկինիստ» ընկերութեան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան:
Շնորհանդէսի ընթացքին ցուցադրուած են գիրքի մասին պատմող տեսանիւթեր, ուր հնչած են Չարենցի մասին հայ մտաւորականներու կարծիքները, ցուցադրուած են Չարենցին վերաբերող արխիւային նիւթեր եւ բացառիկ ձեռագրեր:
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ եւս 27 Նոյեմբեր 2019ին, Չարենցի մահուան օրը՝ միջոցառումներ տեղի ունեցած են, որոնց ընթացքին եղած է գիրքի ներկայացումը:
Չարենցի թոռնուհին յայտնած է, որ տարբեր լեզուներով բանաստեղծութիւնը թարգմանելու գաղափարը առաջացած էր չորս տարի առաջ:
Ան դիմած է տարբեր թարգմանիչներու ու ստացած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ աշխարհի տարբեր լեզուներով եւ ոչ միայն հայերէ: Շատ դժուար աշխատանք մըն էր, որովհետեւ պէտք էր մասնագէտի հետ խորհրդակցիլ, որ բազմաթիւ տարբերակներէ ընտրուի լաւագոյնը:
Գիրքին մէջ կ’ընդգրկուին երաժշտական նոթեր՝ Տիգրան Մանսուրեանի, Աշոտ Սաթլեանի, Նիկոլ Գալենտէրեան, Համբարձում Պէրպէրեանի:
Գիրքին մէջ կան նաեւ վկայութիւններ սոյն բանաստեղծութեան մասին:
Բանաստեղծութեան մասին Մարտիրոս Սարեան գրած է. «Ես իմ անուշը ե՛ւ աղօթք, ե՛ւ երդում է: Այն կարելի է մրմնջալ մտովի եւ երգել փողոցում իբրեւ ազատութեան հիմն: Եւ, վերջապէս, դա հայկազեան ցեղի ինքնահաստատման ու յարատեւման կնիքն է: Չարենցն անմահ է: … Այդպիսի մի երկ աշխարհ բերելու համար պէտք էր ամենաքիչը կիսաստուած լինել»:
Ուիլեըմ Սարոյեան գրած է. «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում… Զայն մինչեւ այսօր կը նկատեմ մեր երկրին, մեր հողին, մեր պատմութեան նուիրուած ամէնէն գեղեցիկ երգը, գովաբանական աղօթքը: «Հայր մեր»ին նմանուող աղօթք մը»:
Բանաստեղծութեան յունարէն թարգմանութիւնը կատարած է Յակոբ Ճէլալեան:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԱՅԼԱԶԱՆ Գրական Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի…» բանաստեղծութիւնը՝ թարգմանուած է աշխարհի 35 լեզուներով