Խաչիսար կամ Չարդախլու գիւղը ներկայիս կը գտնուի Ատրպէյճանի Շամխորի շրջանին մէջ, Շամխոր քաղաքէն դէպի արեւմուտք: Ան պատմական Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի Շակաշէն գաւառի գիւղերէն է։ Մինչեւ Արցախեան հակամարտութիւնը ունեցած է բացառապէս հայկական բնակչութիւն։
Չարդախլուն հին, բազմադարեան մշակոյթ ունեցող գիւղ է։ Ան եկած է դարերու խորերէն։ Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ յուշարձանները՝ խաչքարերը, տապանաքարերը, մատուռները, եկեղեցին։
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին՝ Չարդախլուէն պատերազմի մեկնած է 1250 հոգի. 12ը՝ զօրավար դարձած են, 57ն` գնդապետ, իսկ 7 չարդախլեցի արժանացեր են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման։
Չարդախլու գիւղը 1987 թուականին հայաթափուած է Շամխորի շրջանի առաջին քարտուղար Ասադովի անմիջական ջանքերով։ Ան նաեւ բռնութեամբ ձերբակալեր է գիւղի հայ տղամարդիկը: Գիւղի տեղահանուած բնակչութեան 310 ընտանիքը, ինչպէս նաեւ՝ 12 ընտանիք Շահումեանի շրջանէն, ապաստան գտան Տաւուշի Զօրական գիւղին մէջ:
Չարդախլուի նշանաւոր անձնաւորութիւններէն՝
– Յովհաննէս Բաղրամեան. Խորհրդային Միութեան մարշալ (մարաջախտ), կրկնակի հերոս։
– Համազասպ Բաբաջանեան. Խորհրդային Միութեան զրահատանկային զօրքերու գլխաւոր մարշալ։
– Արշակ Տէր-Ղուկասով. Ցարական բանակի հայազգի զօրավար, տեղապահ-գնդապետ։
– Գարեգին Ա. Յովսէփեան. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս (1943-1952)։
– Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ՝ արմատներով հերոսական Չարդախլու գիւղէն (ծնեալ 1954ին)։
– Ջհան Մարգարեան. Ցարական բանակի տեղապահ-տասնապետ։
– Եուրի Մարտիրոսեան. տեղապահ-տասնապետ։
– Իլիա Բաղրամեան. տեղապահ-տասնապետ։
– Լէոնիդ Մարտիրոսեան. տեղապահ-տասնապետ։
– Գարեգին Գաբրիէլեան. տեղապահ-տասնապետ։
– Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան. տեղապահ-տասնապետ։
– Գրիգորի Ղարակէօզեան. տեղապահ-գնդապետ։
– Աբգար Մանուչարեանց. Գէորգիեւեան Խաչերու ասպետ, օդաչու։
– Սարգիս Մանասեան. հայ ազգային-ազատագրական պայքարի մասնակից, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի տեղակալ, ներքին գործերու նախարար։
– Սմբատ Դանիէլեան. զինուորական գործիչ, պահակախումբի գնդապետ (1940), բաժանմունքի հրամանատար։
Չարդախլու՝ հայ զօրականներու գիւղը
Չարդախլու՝ հայ զօրականներու գիւղը