ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Դանիէլ Վարուժանի գրիչը պէտք է ունենալ, որ արժանաւորապէս նկարագրել կարենաս Յունաստանի պարզած այսօրուան պատկերը, երբ բոլոր աշակերտները առտուան ժամերէն, դպրոցական պայուսակները շալակած երկրին մթնոլորտը կը լեցնեն իրենց ուրախ ու խանդավառ պոռչտուքներով եւ խռնուած խումբերով կ’ուղղուին «դէպի աղբիւրը լոյսին», ընդառաջ՝ վերամուտի «առաջին զանգին« եւ ջրօրհնէքի արարողութեան…: Օրհնաբեր լոյսը պիտի տարածուի կրթական տարեշրջանի բոլոր օրերուն վրայ եւ պիտի լուսաւորէ ուսումնատենչ ուսանողներուն միտքն ու հոգին:
Ամէնքին պէս, հայկակներն ալ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ կը փութան իրենց հարազատ յարկը, ուր իբրեւ համայնքի մը մէկ ու մեծ ընտանիք, ամառնային արձակուրդէ վերջ զիրար կը գտնեն, կրթական օճախին ջերմութեամբ եւ հայկական աղօթքովը պարուրուած՝ աշակերտ, ուսուցիչ ու ծնողք իրարու մաղթանքներ կը փոխանակեն՝ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը համար, որ ըլլայ արդիւնաւոր ու բեղուն:
Իսկապէս, որ կ’արժէ տեսնել պարզուած այս պատկերը ու ապրիլ պահը:
Վերամուտի առիթով հինգ խոհեր.
Ա) Սփիւռքի կազմութեան առաջին տարիներէն, պատառ մը հացի կարօտ գաղթական հայեր առաջնահերթ սեպեցին հայ դպրոցն ու հայակրթութիւնը՝ օրուան ապրուստին չափ կարեւոր: Այդ օրերուն, նիւթական-տնտեսական կարելիութիւններ չկային դպրոցաշինական նախաձեռնութիւն առնելու համար: Բայց գործող պատասխանատուները առաջնորդուեցան հաւատքով, եւ հաւատքը տեսիլք տուաւ եւ յանդգնութիւն ներշնչեց իրենց: Գաղթական հայը իր օրուան հացէն զեղչելով էր, որ ամէն գաղթակայան ունեցաւ իր թիթեղաշէն դպրոցն ու եկեղեցին՝ կողք-կողքի, յաճախ միեւնոյն առաստաղին տակ: Ապա նաեւ այդ օրերու եւ հետագայի անուանի թէ անանուն կրթական մշակներու նուիրուածութիւնը հանդիսացաւ այն խարիսխը, որուն վրայ հաստատուեցաւ, ամրացաւ ու շարունակուեցաւ հայակրթական գործը սփիւռքի տարածքին: Անոնցմէ ոմանք, ուսուցչական գործի զուգահեռ լծուեցան նաեւ դասագրքեր պատրաստելու աշխատանքին, որպէսզի հայ աշակերտը մայրենին սորվի, իր ազգի պատմութեան ծանօթանայ, հայակրթութիւնը բովանդակութիւն ստանայ եւ դպրոցը ազգային իր առաքելութիւնը կատարէ:
Եւ հիմա, իբրեւ մարդ կարելի է զարմանալ ու հիանալ, եւ իբրեւ հայ՝ միայն հպարտանալ, ի տես հայկական սփիւռքի կազմակերպուածութեան, անոր ստեղծած դպրոցական ցանցին, դասագրքերու պէսպիսութեան ու որակին, որոնք մէջտեղ եկան ոչինչէն: Պետութիւններ հսկայ գումարներ, մարդուժ ու արհեստագիտութիւն կը տրամադրեն, անչափ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն ու չեն յաջողիր իրենց սփիւռքներուն ներարկելու այն ներուժը, որ ունինք մենք թէ՛ կրթական եւ թէ՛ այլ ճակատներու վրայ:
Հայակրթութեան եւ ընդհանրապէս ուսման օճախ ունենալու նախաձեռնողները, մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը զոհողութեամբ ու զրկանքով դպրոցներ հիմնեցին՝ ոչ թէ իրենց համար, այլ սերունդներուն համար, այսինքն իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու ծորերուն եւ հետագայ հայածին բոլոր երախաներուն համար, մեզի համար, որպէսզի մենք ազգային ինքնութեամբ ամրապնդուինք:
Խնդիրն այն է, թէ մեր մեծհայրերուն ու մեծմայրերուն մեզի համար իսկ յանձն առած զոհողութեանց, զրկանքին ու յիշատակին դիմաց՝ մենք որքա՞ն հաւատարիմ ենք, կը գուրգուրա՞նք մեր դպրոցներուն վրայ ու կը քաջալերե՞նք անոնց առաքելութիւնն ու գործը, թէ անգիտակցաբար ապերախտ կեցուածքը ունինք:
Բ) Տարին, որ կ՚աւարտի 60-ամեակն է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախակրթարանի շէնքային կառոյցին ու անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ 30-ամեակը Ճենազեան միջնակարգի հիմնադրութեան: Այս տարիներու ընթացքին հայ թէ յոյն նուիրեալ ուսուցիչներու եւ հազարաւոր աշակերտներու շունչը կայ վարժարանի մթնոլորտին մէջ, ուր կու գան աւելնալու նորերունը…: Մօտաւորապէս տակաւին չորս ամիս ունինք տարուան աւարտին: Կը յուսանք, թէ իբրեւ համայնք ու գաղութ կարգ մը միջոցառումներով արժանին կը մատուցենք հիմնադիր սերունդի յիշատակին՝ մեծարելով հայկական դպրոցին առաքելութիւնը եւ շեշտելով հայակրթութեան կարեւորութիւնը:
Գ) Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք արձանագրելով, որ համախումբ կեանքի միջավայրն է անհրաժեշտը, որպէսզի գոյատեւէ հայերէնի գործածութիւնը եւ պահպանուի հայախօսութիւնը: Գիտենք նաեւ, որ հայօճախներու երբեմնի խմբուածութիւնը շատոնց տեղի տուած է ցրուածութեան եւ հայ մարուն կենսամակարդակն ու կենսաձեւը նոյնացած են շրջապատին հետ: Ահա թէ ինչու համայնքը իր կարելին կ՚ընէ, ի շարս այլոց աշակերտութեան փոխադրութեան համար դպրոցական ինքնաշարժեր կը կը տրամադրէ, որպէսզի հեռու բնակող երախաներ չզրկուին հայկական դպրոցի շուքէն, հայախումբ կեանքի բարիքէն:
Դ) Գաղութիս գլխաւոր ապաւէնն է հայկական դպրոցը, ուր իբրեւ հայախօսութեան ջերմանոց, կրթական կազմակերպուած միջավայրի ու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հայ տղաք համախումբ կ՚ապրին եւ որոշ տարիներու վրայ երկարող ուսման ժամանակաշրջանին կը կազմաւորեն իրենց նկարագիրն ու անհատականութիւնը: Հայկական դպրոցը նաեւ այն հանգոյցն է, որ ամէնօրեայ կապ կը ստեղծէ մէկ կողմէն աշակերտին ու ծնողքին եւ միւս կողմէն` ազգային պատկանելիութեան միջեւ: Ամէն առտու դպրոցական պայուսակը իր զաւկին յանձնած պահուն իսկ, արդէն ծնողքին ու աշակերտին ենթագիտակցութեան մէջ անզգալաբար կ’ամրապնդուի ազգային պատկանելիութիւնը:
Ե) Մեր նախակրթարաններն ու միջնակարգը գլխաւոր այն միջավայրն են, ուր հնարաւոր է հայախօսութիւնը քաջալերելով փոքր տարիքէն երեխան կապել հայերէն լեզուին: Հոս արդէն հրամայական կը դառնայ հայակրթութիւնը վստահելու ուսուցչի այն տիպարին , որ իր մէջ պայմանականօրէն կը կեդրոնացնէ երեք յատկանիշեր. խելք, խիղճ եւ աշխատունակութիւն, որոնցմէ զուրկ չեն մեր ուսուցիչները:
Վերամուտի առիթով մաղթենք յաջող ու արդիւնաւէտ տարեշրջան՝ հայ թէ յոյն մեր ուսուցիչներուն, մեծ ու փոքր ուսանողներուն, ծնողներուն եւ կրթական գործի պատասխանատուներուն: