10 Մարտէն սկսեալ, երբ կառավարութեան որոշումով, բոլոր վարժարաններն ու մանկապարտէզները ընդհատեցին իրենց դասաւանդութիւնները, տունը մնալու եւ ընկերային-ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելու կոչ ուղղելով աշակերտութեան, Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան», «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային նախակրթարաններն ու մանկապարտէզները եւ «Ճէնազեան» Միջնակարգը ծրագրեցին եւ ի գործ դրին Կրթութեան նախարարութեան կողմէ թելադրուած՝ հեռավար դասաւանդութեան դրութիւնը։
Կիրարկուած հեռակայ դասաւանդութեան մասին մեր վարժարաններու տնօրէնները մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած են հանրութեան, «Ազատ Օր»ի կատարած անդրադարձին միջոցով, օրաթերթի Ապրիլ 7ի թիւին մէջ:
Ուսումնական Խորհուրդը լաւ կ’ըմբռնէ մեր աշակերտներուն, ընտանիքներուն եւ ուսուցչական կազմերուն ապրած իրավիճակը: Խորապէս կը գնահատենք բոլորին համբերութիւնը եւ այն աջակցութիւնը որ կը ցուցաբերէք, օրուայ պայմաններէն պարտադրուած՝ դասերու այս տարբեր ձեւը հեզասահ ընթացնելու համար:
Ուսումնական Խորհուրդը մօտէն կը հետեւի առողջապահութեան մասնագէտներու պատուէրներուն եւ տեղական կրթական համակարգի թելադրանքներուն: Խորհրդակցած է տնօրէններուն հետ, որպէսզի լաւագոյնս դիմագրաւուի այս արտասովոր կացութիւնը եւ հեռակայ ուսման ընթացքը ըլլայ կարելիին չափ արդիւնաւոր:
Բացի դպրոցի կայքէջի, աշակերտներու ելեկտրոնային հասցէներուն եւ e-class միջոցներէն, գոհունակութեամբ կը հաստատենք որ, կ’օգտագործուի webex առցանց հանդիպումներու միջոցը ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն միջեւ Միջնակարգին մէջ, որոշ դասանիւթերու պարագային: Webex առցանց փորձարական դասեր իրագործելէ ետք նաեւ մեր նախակրթարաններու վերի դասարաններուն հետ, այժմ ծրագրուած եւ սկսած են համացանցային հերթական այս հանդիպումները բոլոր կարգերուն համար:
Նախարարութեան որոշումով միջնակարգ վարժարանները պիտի վերսկսին կանոնաւոր գործել Մայիս 18էն, մինչ նախակրթարաններն ու մանկապարտէզները պիտի շարունակեն հեռակայ դասընթացքները: Այս առթիւ նշենք նաեւ թէ, Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մասնագէտներու կողմէ հականեխուած են արդէն մեր վարժարաններու շէնքերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներն ու բոլոր ազգային կառոյցներու նստատեղիները: Միջնակարգի վերամուտին, բծախնդրութեամբ պիտի պահուին մաքրութեան եւ նախարարութեան որոշած՝ դասարաններու մէջ հեռաւորութեան կանոնները:
Բոլորս միասնաբար պիտի ջանանք, ամէն մէկս իր բաժինով, որ մեր վարժարանները յաջողութեամբ եւ ապահովութեամբ ամբողջացնեն ուսումնական տարեշրջանի պահանջները, ստեղծուած այս աննախընթաց եւ արտասովոր իրականութեան մէջ:
Ուսումնական Խորհուրդ
6-5-2020










