Քանի մը հարիւր ուսանողներ եւ անոնց սատարող քաղաքացիներ Չորեքշաբթի՝ Նոյեմբեր 8ին, դասադուլի դիմեցին՝ պահանջելով պահպանել տարկէտման իրաւունքը, որ ըստ «Զինուորական ծառայութեան մասին» նոր օրէնքին՝ պիտի վերցուի: Ուսանողները առաւօտեան հաւաքուեցան Երեւանի Պետական Համալսարանի (Ե.Պ.Հ.) բակը: Շրջելով համալսարանի բաժանմունքներուն կողքով՝ անոնք քալեցին դէպի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, ուր ներկայացուցչական խումբով հանդիպում ունեցան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ: Նախարարը ընդունեց դասադուլ յայտարարած ուսանողները:
Հանդիպման ընթացքին երկար քննարկում տեղի ունեցաւ նախարարին եւ ուսանողներուն միջեւ՝ տարկէտման իրաւունքի վերացման վերաբերեալ: Ուսանողները նախարարին յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները, որոնք բազմաթիւ էին: Անոնք յայտնեցին, որ տարկէտման իրաւունքին ջնջումը չի նպաստեր հարցի լուծման:
Նախարարը ուսանողներուն բացատրեց օրէնքին կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ օրէնքը չի վնասեր գիտութեան զարգացման:
Հանդիպումը որեւէ արդիւնքի չյանգեցաւ. ուսանողները որոշեցին իրենց բողոքը շարունակել ցոյցով:
Ուսանողները կը պահանջեն
Ուսանողները կը պահանջեն պահպանել ակադեմական տարկէտման իրաւունքը