60ա­կան­նե­րուն խոր-հրդա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ս­տե­փա­նա­կերտ քա­ղա­քի մէջ ու­ռուց­քա­բա­նա­կան հի­ւան­դա­նոց հիմ­նե­լու ո­րո­շում կա­յա­ցուց: ­Հի­ւան­դա­նո­ցի շէն­քը ի սկզբա­նէ հի­ւան­դա­նո­ցա­յին պայ­ման­ներ չէ ու­նե­ցած, պար­զա­պէս յար­մա­րե­ցո­ւած է: ­Մօտ 900 քա­ղա­քա­ցիի սպա­սար­կող հի­ւան­դա­նո­ցը, այ­սօր, ա­ւե­լի քան անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ է, բայց դեռ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծա­ծո­ւիլ: 2017 Ապ­րիլ 2ին, «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ֆրան­սա­հայ բա­րե­րար եւ հո­վա­նա­ւոր ­Ռի­շար Օ­հան­նէ­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ՝ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցո­ւե­ցաւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի նոր` ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րո­նը:­Հիմ­նադ­րա­մի ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի դեռ չգոր­ծող ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րո­նը: Ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի գլխա­ւոր բժիշկ Ար­մէն ­Հայ­րի­յեան նշեց, որ կեդ­րո­նը պի­տի բա­ցո­ւի տա­րե­վեր­ջին, երբ ժա­մա­նեն ար­տերկ­րէն պա­տո­ւի­րուած ճար­տա­րա­գի­տա­կան սար­քե­րը: ­Վար­դան եւ ­Գո­հա­րիկ Օ­հան­նէ­սեան­նե­րու ա­նո­ւան հի­ւան­դա­նոց դի­մող քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, նախ­կի­նի պէս, այ­լեւս ստի­պո­ւած չեն ըլ­լար բարդ վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րու հա­մար Ե­րե­ւան մեկ­նե­լու նոր հի­ւան­դա­նո­ցը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ մաս­նա­գէտ­նե­րուն բարդ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու: Ար­ցա­խի մէջ ու­ռուց­քա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած­նե­րը կրծքա­գեղ­ձի, թո­քի, ար­գան­դի վզի­կի քաղց­կեղ­ներն են: