Առաջնորդանիստ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր Եկեղեցւոյ զոյգ զանգակատուներու նորոգութեան խիստ կարեւոր աշխատանքներուն հետեւանքով, որոշ ժամանակով, դժբախտաբար, Ս. եւ Անմահ պատարագներու մատուցում եւ խորհրդակատարութիւններ պիտի չկատարուին։
Աստուծոյ կամքով, ի մօտոյ, յիշեալ աշխատանքները յաջողութեամբ կ’աւարտին ու ծխական ժողովուրդը ըստ առաջնոյն կը շարունակէ մասնակցիլ կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագներուն։
Զանգակատուներու նորոգութեան աշխատանքներուն մասնակցած ըլլալու ջերմ փափաքով, այսօր իսկ ըսէ՝ «Ես ալ կը մասնակցիմ այդ աշխատանքներուն» ու կատարէ քու նուիրատուութիւնդ։
Փափաքողները կարելի է իրենց նուիրատուութիւնը կատարել
Alpha Bank GR9701401050105002002027684:
Լուսաբանական ոեւէ տեղեկութեան համար կարելի է հեռաձայնել
տիկ. Դշխուհի Պօզիկեանին 6978892493:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով՝ ողջ ու առողջ մնաք։
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ