Յունաստանի «Թա Նէա» ծանօթ թերթը, իր Զատկուան թիւին մէջ ներառած է ուշագրաւ գեղատիպ հրատարակութիւն մը անջատ գիրքի չափով, որ կը ներկայացնէ Ս. Յարութեան տաճարի ներքնամասը գտնուող Քրիստոսի Դամբարանի (Ιερό Κουβούκλιο) վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքը, տաճարի պատմութիւնը եւ այլ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնք հարստացած են մեծ թիւով նկարներով եւ պատմական արձանագրութիւններով։
Մեր հրատարակած նկարին մէջ, կ՚երեւի գիրքի ետեւի կողքին վրայ արձանագրուած, յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն առընթեր, նաեւ հայերէն լեզուով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» մաղթանքը։
Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստոսի Դամբարանի վերանորոգման աշխատանքը ստանձնած էր Աթէնքի Բազմարուեստից համալսարանը (Εθνικό Μετσόβειο Πολυτεχνείο), գլխաւորութեամբ փրոֆ. Թոնիա Մորոփուլուի։ Հրատարակութեան նախաբանին մէջ նշուած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը, որպէս Ս. Յարութեան տաճարի գործունէութեան համազօր իրաւատէր։