Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ին, Գավալայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, նշուեցաւ ս. եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։
Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալ տիկինները սկսան պատրաստել մատաղը։
Ժամը 12։00-ին, հանդիպում տեղի ունեցաւ Գավալայի Տ. Սթեֆանոս մետրոպոլիտին հետ, ուր քննարկուեցան յարաբերութիւնները երկու եկեղեցիներու միջեւ։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք։
Կիրակի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ։
Պատարագը մատուցեց Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու միացեալ 3 եկեղեցիներու դպրաց դասերը ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ, Քսանթիի, եւ Տիտիմոթիքոյի Թաղային խորհուրդի անդամներ, Հ. Գթ. Խաչի վարչութեան անդամներ, նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։
Պատարագիչ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Ս. Խաչի պատմութեան, փոխանցեց խաչափայտին խորհուրդը եւ շեշտեց խաչին խորհրդանշական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց Քրիստոսի յատկանիշները՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, աղօթական կեանք եւ ամբողջական նուիրում։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սրբազան հայրը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն՝ հայապահպանման եւ հայակերտումի կարեւոր աշխատանքին մէջ, յատկապէս շրջանի հայութեան խաւերէն ներս։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Այնուհետեւ, օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն։
Կէսօրուան ժամը 1։30-ին տեղի ունեցաւ տօնի պաշտօնական ճաշկերոյթը «Եալոս» ճաշասրահին մէջ։
Թղթակից