Ուիլեըմ Սարոյեան (1908-1981).

Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան (1908-1981). ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րուն խոր­հուր­դով բա­բա­խուն սիր­տը ա­մե­րի­կա­հայ մե­ծա­տա­ղանդ գրո­ղին Ն.

0
1150

­Մա­յիս 18ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կ’ո­գե­կո­չէ մա­հո­ւան 37րդ ­տա­րե­լի­ցը իր մե­ծա­տա­ղանդ գրող­նե­րէն եւ աշ­խար­հահռ­չակ ար­ժէք­նե­րէն Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեա­նի։
­Հա­յե­րէն լե­զո­ւով չգրեց ­Սա­րո­յեան։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծեց ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան ա­ւանդ­նե­րուն հա­մա­հունչ։ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գան­ձը հարս­տա­ցուց ա­մէն գոյ­նի եւ սե­ռի մարդ էա­կին հան­դէպ ան­հուն սի­րոյ յոր­դա­ռատ պար­զու­թեամբ։ ­Կեան­քին ու աշ­խար­հին փա­րե­ցաւ ան­կեղծ ժպի­տով ու մեղմ, բա­րի եր­գի­ծան­քով՝ լա­ւա­գոյն ա­պա­գայ մը ցան­կա­լով ողջ մարդ­կու­թեան։
Այդ բո­լո­րով՝ ­Սա­րո­յեան հա­նուր մարդ­կու­թեան ժա­ռան­գու­թիւն ձգեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ գրա­կա­նու­թիւն մը, ուր միշտ տի­րա­կան կը մնայ անձ­նա­պէ՛ս ինք՝ ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա՛յ ­Սա­րո­յեա­նը, ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­յա­շո՛ւնչ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով ու բա­բա­խու­մով։
Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան միշտ հպար­տու­թեամբ շեշ­տեց, որ անգ­լե­րէն գրե­լով եւ ա­մե­րի­կեան մի­ջա­վայ­րէն իր նիւ­թե­րը քա­ղե­լով հան­դերձ՝ խո­րա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ գրող է ինք եւ ան­պայ­ման մաս կը կազ­մէ հայ գրող­նե­րու տա­ղան­դա­շատ ըն­տա­նի­քին։
Ծ­նած է 1908ին, Ֆ­րեզ­նօ (­Քա­լի­ֆոր­նիա), ­Բիթ­լի­սէն գաղ­թած հայ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ ­Հայ­րը՝ Ար­մե­նակ ­Սա­րո­յեան 1905ին, 30 տա­րե­կա­նին եւ ա­ռան­ձինն, պան­դուխտ գա­ցած է ­Նիւ Եորք, բա­ւա­րար դրամ շա­հե­լու եւ եր­կիր մնա­ցած նո­րա­կազմ ըն­տա­նի­քը իր մօտ բե­րե­լու յոյ­սե­րով։
Այդ­պէ՛ս ալ ե­ղաւ։ Ար­մե­նակ շու­տով յա­ջո­ղե­ցաւ կի­նը՝ ­Թա­գու­հին ու ե­րեք զա­ւակ­նե­րը բե­րել ­Նիւ Եորք, բայց ա­նոնք չսի­րե­ցին ­Նիւ Եոր­քի կլի­ման եւ Ար­մե­նակ իր ըն­տա­նի­քով ան­ցաւ ­Քա­լի­ֆոր­նիա, ո­րուն օդն ու բնու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­րա­զատ էին։ 1908ին ծնաւ ըն­տա­նի­քի չոր­րորդ զա­ւակն ու երկ­րորդ տղան՝ Ո­ւի­լեը­մը։ ­Բայց ե­րեք տա­րի ետք, ա­նակն­կալ եւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւն մը պատ­ճառ դար­ձաւ Ար­մե­նա­կի մա­հո­ւան։
Իր ­Հեն­րի եղ­բօր եւ ­Զա­պէլ ու ­Կո­զէթ քոյ­րե­րուն հետ Ո­ւի­լեըմ որ­բա­ցաւ հօր­մէ։ ­Մայ­րը ստի­պո­ւե­ցաւ իր դե­ռա­տի զա­ւակ­նե­րը յանձ­նել Fred Finch Orphanage ա­նու­նով Օք­լէնտ գտնո­ւող որ­բա­նո­ցի խնամ­քին, իսկ ինք աշ­խա­տանք գտաւ մեր­ձա­կայ ­Սան Ֆ­րան­սիս­քօ քա­ղա­քին մէջ։ ­Քա­նի մը տա­րի ետք ըն­տա­նի­քը վե­րա­միա­ցաւ Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ, ­Սան ­Յո­վա­կիմ ­Հո­վի­տի շրջա­նը։ Ա­նոնց միա­ցաւ նաեւ ­Թա­գու­հիի մայ­րը՝ նոր այ­րիա­ցած ­Լիւ­սին, որ խոր ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի գոր­ծէր մա­նուկ Ո­ւի­լեը­մի կազ­մա­ւոր­ման վրայ։
Որբ ման­կու­թեան կեան­քի դա­ժան պայ­ման­նե­րը, որ­բա­նո­ցա­յին կեան­քը, Ֆ­րեզ­նո­յի գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը եւ սո­վո­րա­կան մար­դոց պար­զու­թիւ­նը շա­ղա­խե­ցին Ու­լիեը­մի ան­սահ­ման մարդ­կայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­նի տա­րի­քէն, ապ­րուս­տի հո­գե­րով, ստի­պո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ, սի­րեց եւ փա­րե­ցաւ թերթ բաշ­խե­լու գոր­ծին։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ կա­նո­նա­ւոր ուս­ման բա­ցա­կա­յու­թեան բե­րու­մով, կլա­նո­ւե­ցաւ ինք­նա­դաս­տիա­րա­կու­թեամբ ու ինք­նա­զար­գա­ցու­մով։ Ան­յա­գօ­րէն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­մե­րի­կեան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան ան­կորն­չե­լի գո­հար­նե­րու ըն­թեր­ցու­մին եւ իւ­րա­ցու­մին։ ­Յատ­կա­պէս սե­փա­կան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան, ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, պատ­մու­թեան եւ շրջա­պա­տի հայ­կա­կան կեան­քի խու­զար­կու ու­սա­նո­ղը դար­ձաւ։
Այդ­պէ՛ս սկսաւ գրել եւ ա­ռա­ջին ան­գամ 1933ին, ­Պոս­թո­նի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք» շա­բա­թա­թեր­թի է­ջե­րուն, ­Սի­րակ ­Կո­րեան ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին պատ­մո­ւած­քը։ ­Տա­րի մը ետք ար­դէն, 1934ին, լոյս ըն­ծա­յեց «­Խի­զախ պա­տա­նին թռչող ճօ­ճա­ձո­ղի վրայ եւ այլ պատ­մո­ւածք­ներ» խո­րագ­րով իր ա­ռա­ջին անգ­լե­րէն գիր­քը, որ ան­մի­ջա­պէս լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ եւ մեծ հռչակ ա­պա­հո­վեց 26ա­մեայ ար­ձա­կա­գի­րին։
Այդ առ­թիւ ա­մե­րի­կեան ծա­նօթ քննա­դատ Պ. ­Ռաս­քոն գրեց.- «Ի՞նչն է յատ­կան­շա­կան ­Սա­րո­յեա­նի պա­րա­գա­յին իբ­րեւ գրո­ղի: ­Սա­րո­յեան բուռն է, պոռթ­կուն եւ խե­լա­ցի. ան թախ­ծոտ է, քնքոյշ ու մարդ­կա­յին. ան միա­միտ կը ձե­ւա­նայ, սա­կայն բնաւ միա­միտ չէ…։ ­Սա­րո­յեան կ­’ա­տէ դա­ժա­նու­թիւնն իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով. ան կը յար­գէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը»:
Այս­պի­սի՛ ող­ջեր­թի խօս­քե­րով ­Սա­րո­յեան մուտք գոր­ծեց ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան լայն աս­պա­րէ­զը։ ­Յա­ջորդ տա­րի իսկ, 1935ին, ­Սա­րո­յեան այ­ցե­լու­թեան գնաց հայ­րե­նի հո­ղին, ե­ղաւ թրքա­կան գրաւ­ման տակ գտնո­ւող Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան, նաեւ՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան, ուր շու­տով մտեր­մու­թիւն հաս­տա­տեց ­Չա­րեն­ցի եւ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի օ­րի­նա­կով հա­յոց մե­ծե­րուն հետ։
Այդ տա­րի­նե­րուն եր­կար ժա­մա­նա­կով ­Սա­րո­յեան ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց ­Փա­րի­զի մէջ։ Իր գրա­կան կեան­քի ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին, ան գրեց եւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ա­ւե­լի քան տա­սը հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յեց մի քա­նի հա­րիւր պատ­մո­ւածք։ Քն­նա­դատ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ ­Սա­րո­յեան «յատ­կա­պէս կարճ պատ­մո­ւած­քի ու նո­րա­վէ­պի ժան­րին մէջ, ներ­մու­ծած է տե­ղի ու ժա­մա­նա­կի ի­րո­ղու­թեան հետ սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած ըն­կե­րա­յին-հո­գե­բա­նա­կան թարմ խնդիր­ներ, ար­դիա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող մար­դա­սի­րա­կան-բա­րո­յա­կան հար­ցեր, պա­տու­մի նոր ձե­ւեր, քնա­րա­կա­նու­թեամբ ու հիւ­մու­րով լի հնչե­րանգ­ներ, բնա­կա­նու­թիւն եւ ճշմար­տա­ցիու­թիւն, պատ­կեր­նե­րու եւ կեր­պար­նե­րու գու­նա­գե­ղու­թիւն»:
­Սա­րո­յեա­նի գրա­կան կեր­պար­նե­րէն շա­տեր կը ներ­կա­յաց­նեն հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րը՝ ազ­գա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րով ու բար­քե­րով: ­Յատ­կա­պէս «Իմ ա­նունս Ա­րամ է» (­Սա­րո­յեա­նի որ­դին՝ Ա­րամ, նոյն­պէս տա­ղան­դա­ւոր ար­ձա­կա­գիր ե­ղաւ) հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ, ­Հայ­րե­նի­քի ա­ռանց­քա­յին նիւ­թը, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ­նե­րը պահ­պա­նող մար­դոց կեր­պար­նե­րը կը հա­կադ­րո­ւին ա­մե­րի­կեան ապ­րե­լա­կեր­պի հա­մա­հար­թեց­նող չա­փա­նիշ­նե­րուն: Ի­րա­կա­նու­թեան հետ նոյն­պի­սի յա­րա­բե­րու­թեան մէջ են «տա­րօ­րի­նակ» ու ձա­խորդ մար­դոց սա­րո­յեա­նա­կան կեր­պար­նե­րը ու մա­նա­ւանդ մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու տպա­ւո­րիչ հե­րոս­նե­րը: Ա­նոնք հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ մտան իբ­րեւ մարդ­կա­յին հո­գիի մաք­րու­թեան խորհր­դա­նիշ: Ի­րա­կա­նու­թեան եւ ե­րա­զան­քի մի­ջեւ հա­կադ­րու­թեան, ան­հա­տի ներ­քին ա­զա­տու­թեան եւ հո­գեմ­տա­ւոր գե­ղեց­կու­թեան, սի­րոյ եւ բա­րիի հաս­տատ­ման հար­ցերն են մարմ­նա­ւո­րո­ւած ­Սա­րո­յեա­նի ար­ձակ է­ջե­րուն, ո­րոնք հե­տաքրք­րա­կան լու­ծում ստա­ցած են նաեւ ա­նոր թատ­րեր­գու­թեանց մէջ («Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է», «­Կեան­քիդ ժա­մա­նա­կը», «­Քա­րան­ձա­ւի մար­դիկ», «­Հէ՜յ, ո՞վ կայ այդ­տեղ», «­Կո­տո­րածն ման­կանց», «­Խա­ղո­ղի այ­գին» ե­ւայլն)»։
1942ին ­Սա­րո­յեան զօ­րա­կո­չո­ւե­ցաւ բա­նակ, ուր աշ­խա­տե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան բե­մագ­րու­թեանց ստեղծ­ման վրայ: Ան պա­տե­րազ­մը ըն­կա­լեց իբ­րեւ ա­ղէտ եւ այդ նիւ­թը ար­տա­ցո­լո­ւած է իր «­Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վի­պա­կին եւ «Ո­ւես­լի ­Ճէք­սը­նի ար­կած­նե­րը» վէ­պին մէջ:
1950-1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ­Սա­րո­յեան դար­ձեալ ապ­րե­ցաւ Եւ­րո­պա, ա­պա՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ։ Այդ տա­րի­նե­րուն, ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան նիւ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մով, ­Սա­րո­յեան ստեղ­ծեց հո­գե­բա­նա­կան վի­պակ­նե­րու ար­ժէ­քա­ւոր շարք մը:
1960ա­կան­նե­րէն, ­Սա­րո­յեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ յու­շագ­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղծ­ման: ­Յատ­կա­պէս ու­շագ­րաւ են ­Պեռ­նարտ ­Շո­յի, ­Չառ­լի ­Չափ­լի­նի, ­Թո­մաս Է­լիո­թի, Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի նո­ւի­րո­ւած է­ջե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Սա­րո­յեա­նի մտո­րում­նե­րը գրա­կա­նու­թեան կո­չու­մին վե­րա­բե­րեալ:
Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան վախ­ճա­նե­ցաւ 18 ­Մա­յիս 1981ին, իր ծննդա­վայր Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ։ ­Հայ մեծ գրո­ղի ա­ճիւ­նին մէկ մա­սը թա­ղո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան զբօ­սայ­գիի պան­թէո­նը:
­Սա­րո­յեա­նի մա­հո­ւան 37րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել ­Հա­յու իր հան­րա­ծա­նօթ պոռթ­կու­մով՝
«Կ’ու­զէի տես­նել այս աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ ուժ, որ բնաջն­ջէ այս սե­րուն­դը. այս փոքր ցե­ղին ան­կա­րե­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը մղո­ւած են եւ յաղ­թո­ւած, կա­ռոյց­նե­րը՝ փշրո­ւած, գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ չէ կար­դա­ցո­ւած, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ չէ լսո­ւած եւ ա­ղօթք­ներն ալ չեն պա­տաս­խա­նո­ւած: ­Հա­մար­ձա­կե­ցէ՛ք բնաջն­ջել ­Հա­յաս­տա­նը: ­Տե­սէ՛ք, թէ կրնա՞ք։ Աք­սո­րե­ցէ՛ք դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րը, ա­ռանց հա­ցի եւ ջու­րի: Այ­րե­ցէ՛ք ա­նոնց տու­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:
«­Յե­տոյ տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք կրկին չե՞ն խնդար, եր­գեր կամ ա­ղօ­թեր: Ո­րով­հե­տեւ երբ ա­նոնց եր­կու­քը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մա­սին մէջ ի­րա­րու հան­դի­պին, տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք ­Նոր ­Հա­յաս­տան մը չե՞ն ստեղ­ծեր»։

Մ­տա­ծու­մի ­Շի­թեր՝ ­Սա­րո­յեա­նէն

1.- Ես հա­յե­րէն չեմ գրեր, բայց աշ­խար­հին կը նա­յիմ հա­յե­րէն։
2.- Ափ­սո՜ս, որ չեն յօ­րի­նած մրցա­նակ մը այն գրող­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը կա­րո­ղա­նան խու­սա­փիլ աշ­խար­հին եւս մէկ ան­պէտք գիրք նո­ւի­րե­լու գայ­թակ­ղու­թե­նէն:
3.- ­Հա­յե­րէ­նը հա­յուն խոր­հուրդն է:
4.- Եր­բեմն ես կը մտա­ծեմ, որ հա­րուստ մար­դիկ կը պատ­կա­նին բո­լո­րո­վին ու­րիշ մէկ ազ­գու­թեան, ան­կախ այն բա­նէն, թէ ի՞նչ ազ­գու­թիւն ու­նի ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը։
5.- Ինչ­քան շատ կը սպա­սենք, այն­քան ա­ւե­լի քիչ բան պէտք է ակն­կա­լենք:
6.- Իւ­րա­քան­չիւ­րը, ով եր­բե­ւէ ճա­շա­կած է տխրու­թիւ­նը, չու­նի տա­րիք:
7.- ­Սէրն ան­մահ է եւ ան­մա­հու­թիւն կու տայ այն ա­մէ­նուն, որ մեզ կը շրջա­պա­տէ: Իսկ ա­տե­լու­թիւ­նը վայր­կեան առ վայր­կեան կը մա­հա­նայ։
8.- Ա­մէ­նուր բա­րին փնտռէ՛, իսկ գտնե­լով` ի ցոյց դիր աշ­խար­հին, եւ թող ան ա­զատ ու հպարտ ըլ­լայ:
9.- ­Հա­յոց լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը հա­ւատ­քի հարց է:
10.- ­Յի­մա­րը, ով հա­ճոյք կը փնտռէ ա­մէն պահ, ի վեր­ջոյ կը յայտ­նա­բե­րէ, որ իւ­րա­քան­չիւր ժամ ի­րեն միայն յու­սա­հա­տու­թիւն եւ պա­րա­պու­թիւն կը բե­րէ:
11.- ­Տա­րօ­րի­նակ է, բայց հայ­րե­նիքդ կը սկսիս իս­կա­պէս սի­րել միայն այն ա­տեն, երբ ան դժո­ւա­րու­թեան մէջ է, մնա­ցած ժա­մա­նա­կը զայն կ’ըն­դու­նիս սո­վո­րա­կա­նի պէս, այն­պէս՝ ինչ­պէս ծնող­ներդ:
12.- Իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­խայ կ’ու­զէ մե­ծե­րու­ն մէջ ման­կա­կան ինչ-որ բան գտնել: Եւ, ե­թէ ար­դէն գտնէ ա­տի­կա ինչ-որ մէ­կուն մէջ` այդ մար­դուն կը սի­րէ բո­լո­րէն ա­ւե­լի:
13.- ­Միայն յի­մար­նե­րը կը ձգտին կա­տա­րե­լու­թեան, որ ոչ այլ ինչ է, քան մա­հը:
14.- Ա­ղօթ­քը ով­կիա­նոս է, որ կը դառ­նայ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ, ինչ­քան ա­ւե­լի հե­ռու կը լո­ղաս ա­նոր մէջ:
15.- Ա­ռաջ կը մտա­ծէի, որ մարդն այ­լեւս չի լար, երբ կը մեծ­նայ, բայց յե­տոյ պար­զո­ւե­ցաւ, որ ան կը սկսի լալ ճիշդ այդ ժա­մա­նակ՝ հասկ­նա­լով, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րո­ւի աշ­խար­հի մէջ։
16.- Ա­մէն ճիշդ բան ան­մահ է։
17.- Փնտ­ռէ բա­րի՛ն ա­մէ­նու­րեք… Արթն­ցուր ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, ո­րո՛ւ սրտին մէջ ալ որ ան գաղտ­նի ու տրտում թաք­նո­ւած ըլ­լայ՝ աշ­խար­հի սար­սափ­նե­րէն ու ա­մօ­թէն: Եւ քա­նի կ­’ապ­րիս… ո­րե­ւէ բան մի ա­ւելցնե աշ­խար­հի ա­ղէտ­նե­րուն ու տխրու­թեան վրայ, այլ ժպտա՛ կե­ցու­թեան ան­ծայր խնդու­թեան ու գաղտ­նի­քին հան­դէպ: