­Դեռ կը սպա­սենք, պէտք է տես­նենք` ար­դեօ՞ք ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամփ Ապ­րիլ 24ին պի­տի նա­խընտ­րէ խօ­սիլ փաս­տե­րու լե­զո­ւով, թէ՞ տուրք պի­տի տայ ­Թուր­քիոյ ճնշում­նե­րուն: Tert.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, խօ­սե­լով Ա.Մ.Ն. նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փին ուղ­ղո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը ըստ ար­ժան­ւոյն յար­գե­լու կո­չին ա­ռի­թով, ը­սած է Ո­ւա­շինկ­թը­նի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան, որ նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն է: «Ե­թէ ան մատ­նան­շէ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու, պատ­մա­կան փաս­տե­րու մա­սին, ան շատ ճշմա­րիտ բան պի­տի ը­նէ: ­Կը նշա­նա­կի, որ ան ըստ ար­ժան­ւոյն կը յար­գէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը»,- ը­սած է ան:
Ա­րամ ­Համ­բա­րեան նշած է, որ Ա.Մ.Ն.ի մէջ ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւող ճնշու­մը ո­րո­շիչ կ­՛ը­լայ միշտ. ա­նոնք ա­մէն ինչ կ­՛ը­նեն, որ Ա.Մ.Ն.ի վար­չա­կազ­մէն եւ ոչ ոք ար­տա­սա­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը:
«­Դեռ ժա­մա­նակ կայ, տես­նենք` ­Տա­նըլտ Թ­րամփ պի­տի հե­տե­ւի՞ պատ­մու­թեան, փաս­տե­րուն, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն, թէ՞ ­Թուր­քիոյ ճնշում­նե­րուն պի­տի են­թար­կո­ւի»,- ը­սած է Ա­րամ ­Համ­բա­րեան:
Անդ­րա­դառ­նա­լով Ա.Մ.Ն. նոր նա­խա­գահ Թ­րամ­փի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան` ան նշած է, որ ի­րենք հի­մա կը փոր­ձեն հասկնալ, թէ ինչ­պէ՞ս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նոր վար­չա­կազ­մը կ­՛աշ­խա­տի, որ­քա­նո՞վ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­մը կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւի նա­խա­գա­հի ո­րո­շում­նե­րով եւ որ­քա­նո՞վ` ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ո­րո­շում­նե­րով:
«­Մենք դեռ կը փոր­ձենք ա­տի­կա հասկ­նալ, դեռ ամ­բող­ջո­վին պարզ չէ: ­Դեռ պէտք է պար­զենք, որ Ա.Մ.Ն. նոր վար­չա­կազ­մին մէջ ինչ­պէս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան եւ այլ հար­ցե­րով ո­րո­շում­նե­րը կը կա­յա­ցո­ւին»,- ը­սած է ան:
­Հար­ցու­մին, թէ ինք, իբ­րեւ հայ­կա­կան հար­ցե­րու լոպ­պին­կը ի­րա­կա­նաց­նող կա­ռոյ­ցի ղե­կա­վար, ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէ Ա.Մ.Ն. նոր վար­չա­կազ­մի հետ աշ­խա­տանք­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, ար­դեօ՞ք հեշտ է ա­նոնց հետ աշ­խա­տի­լը, ան պա­տաս­խա­նած է.- «Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը միշտ կ­՛աշ­խա­տի քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու հետ եւ ա­նոր հետ, որ կ­՛ընտ­րո­ւի նա­խա­գահ: Ա­տի­կա մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է: ­Մենք ո­րե­ւէ ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու ա­տեն կը փոր­ձենք հասկ­նալ, թէ ինչ­պէ՞ս կրնանք օգ­նել ­Հա­յաս­տա­նին: Այդ պատ­ճա­ռով մենք բո­լո­րին հետ գործ կ­՛ու­նե­նանք: Ե­թէ ­Քոնկ­րէ­սի կամ ­Ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ­նե­րը ցան­կան ­Հա­յաս­տա­նին օգ­նել, ցան­կան ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, մենք ա­նոնց հետ կ­՛աշ­խա­տինք: ­Մենք կ­՛աշ­խա­տինք մեր բո­լոր խնդիր­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ»:
Ա­րամ ­Համ­բա­րեան, վե­րա­դառ­նա­լով Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան նիւ­թին՝ նշած է, որ տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Թուր­քիան շատ ա­ւե­լի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նէր այն մար­դոց հետ, ո­րոնք կրնա­յին կան­խել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ:
«­Բայց հի­մա ա­նոնք չու­նին այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: ­Բա­ցի այդ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հի­մա կա­տա­րո­ւո­ղը նման է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, եւ ես կը կար­ծեմ, որ շատ ա­մե­րի­կա­ցի­ներ ա­տի­կա կը տես­նեն: ­Նաեւ պէտք է պա­հել խոս­տու­մը` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­ման միշտ Ա.Մ.Ն.ի մէջ ու­շադ­րու­թեան կենտ­րո­նին պա­հե­լով: Եւ պի­տի գայ օր մը, երբ ­Թուր­քիան այ­լեւս պի­տի չկա­րե­նայ ազ­դել ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ»,- ը­սած է ­Համ­բա­րեան:
Ա­նոր խօս­քով` ան­կախ ա­մէն ին­չէ, ի­րենք կը փոր­ձեն այլ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ալ հայ­կա­կան խնդիր­նե­րը ա­ռաջ տա­նիլ: Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ Ա.Մ.Ն. 4 նա­հանգ ար­դէն ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս տա­րի Ապ­րիլ 20ին Ա.Մ.Ն. նոր նա­խա­գա­հէն ակն­կա­լի­քը մէկն է` ­Թուր­քիոյ վա­րած լռեց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մեր­ժե­լը ու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ազ­նիւ դիր­քո­րո­շում ըն­դու­նի­լը:
­Յի­շեց­նենք, որ նոր ընտ­րո­ւած նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամփ իր քա­րո­զար­շա­ւի ժա­մա­նակ եր­բեք չէ խօ­սած հայ­կա­կան հար­ցե­րու շուրջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հետ կա­պո­ւած եւս ոչ մէկ խոս­տում տո­ւած է:
Ն­շենք նաեւ, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քոնկ­րէ­սի ա­ւե­լի քան 80 ան­դամ­ներ կոչ ուղ­ղած են նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փին՝ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: