Հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական Ուսանողական Միութիւնը (All-ASA), Փետրուար 9ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ բողոքի լուռ ցոյցեր իրականացուց Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի աւելի քան 20 համալսարաններու մէջ, համագործակցութեամբ Հ.Ե.Դ.ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, Հ.Յ.Դ. «Շանթ» Ուսանողական Միութեան, ինչպէս նաեւ՝ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ» օրաթերթը։«Ուրացման Արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ կայացած բողոքի ցոյցերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ միաժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ առաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ անոր մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը: