«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը կու գայ ուրախութեամբ եւ հպարտանքով ծանուցանելու, թէ գաղութի ծխականներէն տիար Վահագն Գասպարեանի եւ տիկ. Յասմիկ Աթապէկեանի դուստրը՝ Էմիլիա Գասպարեան, որ 16 տարեկան ջութակահարուհի է, Ուրբաթ՝ 18 Մայիս 2018ին Պրիւքսէլի մէջ նշանաւոր ջութակի International Violin Competition Leonid Koganի միջազգային մրցոյթի դափնեկիր հանդիսացաւ։
Յայտնենք, որ Էմիլիա Գասպարեան երաժշտասէր ընտանիքէ սերած է։ Հայրը՝ Վահագն յայտնի կիթառիստ, մայրը՝ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի եւ փոքր եղբայրը՝ Դանիէլը՝ ջութակահար։ Տեղեկացնենք, որ էմիլիա եւ մայրը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Չորեքշաբթի՝ 6 Յունիս 2018ի երեկոյեան ժամը 8։30ին Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100ամեակին նուիրուած բարձրորակ ելոյթին։
Ուրախութիւն եւ հպարտանք
Ուրախութիւն եւ հպարտանք