ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Եկեղեցւոյ մէկ ծայրը կանգնած` ճնշուած վիճակ մը կը տիրէ վրաս։ Կը դիտեմ դիմացը երեւցող դագաղը եւ խառնաշփոթ մտածումներ կու գան առջեւս։ Այսպէ՛ս կանգնած էի երկար տարիներ առաջ, սիրելի ուսուցիչի մը՝ Օննիկ Զաքարեանի թաղման արարողութեան եւ կը լսէի օրուան բարձրաստիճան հոգեւորականին ճիչը՝ «արթնցի՛ր, վարժապետ»։ Շնչահեղձ ձայնով կը շշնչամ, «արթնցի՛ր, ուսուցչուհի, եկո՛ւր միասին քովի բակը երթանք»։
Ուսուցչուհին արդէն կանգնած է դպրոցի բակին մէջ։ Ձեռքի զանգակը շարժելով կը կանչէ բոլորս։ Շարքեր կազմած՝ կը սկսինք առաւօտեան աղօթքը։ Հազիւ «…յաւիտեանս, յաւիտենից. ամէն» կ՚ըսենք, ուսուցչուհին ազդանշանը կու տայ եւ ինք կը սկսի երգել «Կու գաս անցեալի ոսկու մշուշէն…»։ Մենք ալ մեքենական կերպով կ՚երգենք այդ երգը։ «Ի՜նչ բարդ ու դժուար բառեր են ասոնք»,- կ՚ըսեմ սրտնեղած։ «Ինչո՞ւ ամէն անգամ ուսուցչուհին մեզ կը ստիպէ երգելու այս անհասկնալի երգը»։ Տարիները պէտք է գլորէին, որպէսզի խորապէս հասկնայինք տիկին Գեշանոյշ Աւշարեանի ներաշխարհը, անոր սէրն ու հաւատարմութիւնը Հայ Կապոյտ Խաչին հանդէպ, որուն մէկ վարժարանէն ներս ինք հայեցի կրթութիւն կը ջամբէր, մենք ալ՝ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» վարժարանի հպարտ աշակերտները եղանք։
Երկու սէր ունեցաւ իր կեանքին մէջ տիկին Գեղանոյշ.- Հայ վարժարանը եւ Հայ Կապոյտ Խաչը։ Երկու օղակներ՝ իրարու շաղկապուած, իր կեանքը իմաստաւորող, իր գոյութեան խորհուրդ տուող երկու սրբութիւններ, մասունքի նման իր մէջ արմատաւորուած, մէկը միւսով համագոյակցած։
Խստապահանջ եւ կարգ ու կանոնի հետեւող ուսուցչուհի մը եղաւ ան։ Քաջ կը ճանչնար դասաւանդութեան մէջ «սկիզբ-շարունակութիւն-վերջ» կիրարկել, կարգ պահել այնպէս՝ ինչպէս իր դասաւանդած առարկան, թուաբանութիւնը՝ կարգի, տրամաբանութեան, սկիզբ ու վերջ պահանջող գիտութիւն մըն է։
Կարգն ու կանոնը պահեց իր կեանքի բովանդակ տեւողութեան ընթացքին։ Ժուժկալ էր ան, կոկիկ հագուածքով, կշռուած խօսքով, սուր նայուածքով, իմացական խոր ըմբռնումով։
Հարցերուն մէջ խորասուզուելու եւ ամէն խնդրի համար լուծում գտնելու իւրայատուկ կարողութիւն ունէր ան։ Դպրոցի սիւնն էր, անոր ոգին, սիրտը, արթուն պահակը։
Յունարէն լեզուով կը դասաւանդէր տիկին Գեղանոյշ։ Սակայն, իր անունին նման գեղեցիկ ու անոյշ հայկականութիւն մը կար յունարէնով արտասանած բառերուն մէջ իսկ։ Յունարէնը սոսկ դասաւանդութիւն մըն էր։ Անկէ անդին, մեր ոսկեղնիկ հայերէնը իր շրթներէն կը լսուէր, բոլորիս մղելով իրեն հետ խօսելու միա՛յն մեր մայրենին լեզուն։
40 տարիներ շարունակ դասաւանդեց.- Կեանքի բնական ընթացքը կ՚ըլլայ՝ ուսուցիչը հանգստեան կը կոչուի եւ այլեւս վարժապետի պատմուճանը ընդմիշտ կախուած կը մնայ։
Տիկին Գեղանոյշ չկրցաւ հաշտուիլ այդ իրականութեան հետ։ Աւելի քան 20 տարիներ, ամէն օր, իր գիտցած կարգով ու կանոնով, կու գար դպրոց, այլեւս նորակառոյց «Զաւարեան» վարժարանը, ու առաջուան նման կը վազէր վարչական աշխատանքներու ետեւէն, գործ կ՚ամբողջացնէր, հարցեր կը լուծէր այնպիսի կերպով, որպէսզի մնացեալ ուսուցիչներու հոգերը թեթեւնան։ Կ՚աշխատէր երիտասարդական խանդով, մնայուն երիտասարդի մը ներշնչումով։
Հայ Կապոյտ Խաչը, իր երկրորդ մեծ սէրը։ Նոյնացաւ Միութեան նպատակներուն հետ։ Երկրորդ ընտանիքի մը նման, բոլոր ժողովներուն, հաւաքներուն, ելոյթներուն կամ գործունէութեան՝ ան միշտ ներկայ եղաւ եւ քաջալերեց ու խրախուսեց, խրատեց ու յորդորեց։ Դպրոցին մէջ իսկ, ան կը զգար որպէս Հ.Կ.Խաչի ինքնատիպ մշտարթուն պահակը՝ մայրական գորովագութ խնամքով, կարգապահ, բայց միաժամանակ վեհ գուրգուրանքով իր անհամար զաւակներուն՝ աշակերտներուն համար։ Սիրեց իր աշակերտները՝ նոյն անդիմադրելի կիրքով, որ հայ դպրոցը սիրեց։
«Հոգւոյ հանգուցելոյն…» աղօթքը կ՚ընդհատէ յուշերու հոսքը։
— «Արթնցի՛ր, ուսուցչուհի» կը շշնչամ անգամ մը եւս։
— «Չէ՛, այլեւս պէտք է երթամ, անդարձ մեկնած իմ սիրելի գործակիցներս զիս կը կանչեն…»,- երեւակայական ձայնը կը լսուի Ուսուցչուհիին։
— «Բարի ճանապարհ, տիկին Գեղանոյշ։ Պալեանին, Սօս Վանիին, Զաքարեանին, Ուշագլեանին, Ֆարաճեանին, Թորոսեանին բարեւ տո՛ւր։ Անմոռանալի են բոլորը։ Անմոռանալի պիտի մնաս նաեւ դո՛ւն, աննման ուսուցչուհի»։