ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռու­սա­կան ու­ժեր վեր­ջերս ուղ­ղո­ւե­ցան Աֆ­րի­նի մեր­ձա­կայ Քա­ֆար Ժան­նաթ գիւ­ղը: «­Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ քրտա­կան Ժո­ղո­վուր­դի Պաշտ­պա­նու­թեան Ջո­կատ­նե­րու բան­բեր Ռի­տոր Խա­լիլ յայտ­նած է.- « Ռու­սիան Սու­րիոյ հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քը ռազ­մա­կա­յան կը ստեղ­ծէ` շրջա­նին տի­րա­պե­տող ջո­կատ­նե­րուն հետ հա­մա­ձայ­նա­բար»:
Ա­նոր այդ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն քա­նի մը ժամ ետք` Եր­կու­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան Ռու­սիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­լով հաս­տա­տեց լու­րը` նշե­լով.- «­Հաշ­տու­թեան կեդ­րո­նին (­Լա­թա­քիոյ մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նին) մէկ մա­սը պի­տի փո­խադ­րո­ւի Աֆ­րի­նի մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող շրջան մը»: Սու­րիա­կան ա­զատ բա­նա­կէն ղե­կա­վար մը նա­խա­պէս «Ա­րա­պի Ժա­տիտ» օ­րա­թեր­թին յայտ­նած էր, որ թրքա­կան բա­նա­կի «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից ու­ժե­րը կը պատ­րաս­տո­ւին Հա­լէ­պի հիւ­սի­սա­յին գիւ­ղա­կան շրջա­նին մէջ քրտա­կան ու­ժե­րուն դէմ յար­ձա­կում մը շղթա­յա­զեր­ծե­լու:
Այլ խօս­քով` ռու­սա­կան ու­ժե­րը ի­րենց այս քայ­լով յստակ պատ­գամ մը յղե­ցին եւ կան­խար­գի­լե­ցին թրքա­կան բա­նա­կին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը:
Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը նոյն­պի­սի քայ­լով մը ա­մե­րի­կա­ցի զի­նո­ւոր­ներ ու­ղար­կած էին Մըն­պեժ, որ Թուր­քիոյ կող­մէ Ալ Պա­պի` ՏԱՀԵ­Շի ձեռ­քէն խլու­մէն ետք, թուրք ղե­կա­վար­նե­րու կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, պի­տի դառ­նար թրքա­կան բա­նա­կի յա­ջորդ թի­րա­խը: Այս­տեղ եւս յղո­ւա­ծը միեւ­նոյն յստակ պատ­գամն էր: Ա­մե­րի­կեան կող­մը ար­դէն Թուր­քիան դուրս ձգած էր Ռաք­քա­յի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թե­նէն` զայն վստա­հե­լով քրտա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու­ժե­րուն:
Վեր­ջին­ներս ի­րենց կար­գին Մըն­պե­ժի ա­րեւմ­տեան գիւ­ղա­կան շրջա­նին մէջ թրքա­կան բա­նա­կին հետ շփման գի­ծը «զի­ջե­ցան» Ռու­սիոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող սու­րիա­կան բա­նա­կին: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ քրտա­կան Ժո­ղովրդա­վա­րա­կան Միու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւ­նը քա­նի մը օր ա­ռաջ Մըն­պե­ժի մէջ «ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ինք­նա­կա­ռա­վա­րում» յայ­տա­րա­րած էր: Մըն­պե­ժը Հա­սա­քէի, Գա­միշ­լիի, Աֆ­րի­նի եւ Ա­րաբ Բու­նա­րի կող­քին 5րդ շր­ջանն է, ուր քիւր­տե­րը կը յայ­տա­րա­րեն այդ­պի­սի դրու­թեան մը հաս­տա­տու­մը:
Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կո­ւա, ի­րենց այս՝ ի­րա­րու կրկնօ­րի­նա­կող քայ­լե­րով Սու­րիոյ մէջ, Թուր­քիոյ բա­նա­կը ա­ռին վե­րոնշեալ կար­միր գի­ծե­րով ձե­ւա­ւո­րո­ւած օ­ղա­կի մը մէջ, սա­կայն ի՞նչ նպա­տա­կով. վե­րոն­շեալ բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ քրտա­կան ազ­դա­կի գո­յու­թիւ­նը մտա­ծել կու տայ, թէ ա­տի­կա քիւր­տե­րը պաշտ­պա­նե­լու կամ սու­րիա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման հե­ռան­կա­րի մը ծի­րին մէջ քրտա­կան 5 «քան­թոն­նե­րը»` Մըն­պե­ժը, Աֆ­րի­նը, Այն Ա­րա­պը, Գա­միշ­լին եւ Հա­սա­քէն պահ­պա­նե­լու հա­մար է:
Ռուս-ա­մե­րի­կեան քայ­լե­րուն ան­մի­ջա­կան ու իս­կա­կան նպա­տա­կը քրտա­կան ու­ժե­րուն եւ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից սու­րիա­կան ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն մի­ջեւ միջ-սու­րիա­կան բա­խում­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ճամ­բով Սու­րիոյ մէջ Ռու­սիոյ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ գո­յա­ցած զի­նա­դա­դա­րի պահ­պա­նումն է:
Իսկ այն հար­ցը, թէ գետ­նի վրայ ստեղ­ծո­ւած ներ­կայ ի­րո­ղա­կան սահ­մա­նագ­ծում­նե­րը հե­տա­գա­յին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի հա­մա­պար­փակ լուծ­ման վրայ ի՛նչ ազ­դե­ցու­թիւն եւ ի­րա­ւա­կան ինչ­պի­սի՛ ի­մաստ մը պի­տի ստա­նան, կը մնայ սպա­սել եւ տես­նել: