Նոր տա­րի մը կը թե­ւա­կո­խենք՝ ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան մեր ու­ժե­րը լա­րե­լու եւ հա­յաշ­խար­հով ու հա­յու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։
­Հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քեան ա­փե­րու ցա­նու­ցիր հա­յօ­ճախ­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի ­Յու­նաս­տա­նի եր­կին­քին տակ հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րը ի­րեն սե­ւե­ռա­կէտ ընտ­րած մեր գա­ղու­թը, դէմ յան­դի­ման կանգ­նած ենք ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին տակ տկա­րա­ցած կազ­մա­կերպ մեր կռո­ւան­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու, յոգ­նած կամ հե­ւաս­պառ մեր կամ­քե­րը կռա­նե­լու եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րու մտքին եւ նե­րաշ­խար­հին մէջ հայ­կա­կա­նու­թեան պաշ­տա­մունքն ու հա­յե­ցիու­թեան հպար­տու­թիւ­նը ո­գե­ւո­րե­լու հա­մընդ­հա­նուր մար­տահ­րա­ւէ­րին։
Ինչ­պէս որ ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նը պրկած է իր գօ­տի­նե­րը, որ­պէս­զի յաղ­թա­հա­րէ կամ, առ­նո­ւազն, նո­ւա­զա­գոյն կո­րուս­տով դուրս գայ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մէն, այն­պէս եւ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր առ­ջեւ ու­նի ա­մէն բա­նէ վեր ազ­գա­յին-կազ­մա­կերպ իր կա­ռոյց­նե­րով, յատ­կա­պէս կրթա­կան իր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով եւ ա­կումբ­նե­րով ու թեր­թե­րով զո­հո­ղու­թեանց տո­կա­լու, ընկրկում­նե­րէ վե­րա­կանգ­նե­լու եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու մե­ծա­գոյն օ­րա­կար­գը։
­Յատ­կա­պէս հա­յը ազ­գա­յին իր կեն­սա­փոր­ձով բո­լո­րէն ա­ռաջ խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցի, որ նոյ­նիսկ դի­մա­նա­լու եւ վե­րապ­րե­լու հա­մար՝ անհ­րա­ժեշտ ու բա­ւա­րար գլխա­ւոր պայ­մա­նը վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւնն է, եր­թը վերս­տին սկսե­լու եւ նո­րո­վի թա­փով յա­ռաջ մղե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւնն է։
­Նոր տա­րին կը սկսինք ա­հա՛ մար­տու­նակ նոյն ո­գիով՝ գա­ղու­թա­յին մեր կա­ռոյց­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ յա­ռա­ջա­պահ կռո­ւան­նե­րուն նո­րո­գո­ւած շունչ, ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հող տես­լա­կան եւ մաս­նա­տու­մի փոր­ձու­թեանց դէմ հա­մախմ­բո­ւած պայ­քա­րը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու կո­րո­վով։
­Նոյն­պէս գի­տա­կից ենք, որ վե­րաշ­խու­ժաց­ման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար իսկ, ջու­րի եւ լոյ­սի չափ պէտք ու­նինք մեր ճի­գերն ու քայ­լե­րը բաղ­ձա­լի ար­դիւն­քին ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բա­նե­րը գտնե­լու եւ զա­նոնք հար­թե­լու նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեան։
Ինչ­պէս որ մեր ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ տա­րե­մու­տը ող­ջու­նե­ցինք ա­մե­նայն բա­րիք եւ լա­ւա­գոյ­նը մաղ­թե­լով բո­լո­րիս, այն­պէս ալ հա­յաշ­խար­հի եւ հա­յու­թեան տա­րե­մու­տին մաղ­թե՛նք բա­րի երթ՝ ազ­գա­յին մեր ե­րազ­նե­րը նոր ճամ­բա­նե­րով յա­ռաջ մղե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։
Ազ­գո­վին վե­րաշ­խու­ժաց­ման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման յանձ­նա­ռու­թեամբ։