Սամուէլ Մորզէն մինչեւ 34 տարեկան կը զբաղուէր գեղանկարչութեամբ:
1825 թուականին փոստատարը անոր յանձնեց հօր նամակը, ուր գրուած էր, որ անոր կինը մահամերձ է: Մորզէն անմիջապէս լքեց Ուաշինկթընը եւ ճամբայ ինկաւ դէպի Նիւ Հէյվըն, ուր անոր ընտանիքը կ՚ապրէր, բայց մինչեւ հասնի՝ կինը արդէն մահացած էր: Այդ ցաւալի դէպքը Մորզէին ստիպեց մտածելու մեծ տարածութեան վրայ տեղեկութիւնները աւելի արագ հաղորդելու հարցին մասին:
Այսպէ՛ս, 1838 թուականին ծնունդ առին Մորզէի այբուբենն ու էլեկտրամագնիսական հեռագրական սարքը: