Ե­թէ մեր գա­ղու­թի վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը փոր­ձէինք կա­տա­րել, ան­կաս­կած պի­տի յայտ­նէինք, թէ մեր հա­յօ­ճա­խի ա­մե­նա­մեծ ու ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նո­ւա­ճու­մը ե­ղած է հա­յակր­թու­թեան տա­րա­ծու­մը ան­հա­մար պա­տա­նի սե­րունդ­նե­րուն մօտ։
­Հա­յե­ցի կրթու­թեան ծնունդն ու զար­գա­ցու­մը մեր գա­ղու­թէն ներս ըն­թա­ցաւ զու­գա­հեռ գաղ­թա­կան­նե­րու ժա­մա­նու­մին ­Փոքր Ա­սիոյ ու ­Կի­լի­կիոյ ա­փե­րէն եւ դար­ձաւ ա­ռա­ջին ու ա­մէ­նէն հրա­մա­յա­կան նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, երբ տա­րա­գիր­նե­րը նոյ­նիսկ վրան­նե­րու տակ պատս­պա­րո­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նէին։
­Հայ դպրոցն էր ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու ա­մէն բա­նէ վեր. հա­ւա­տա­ւոր ու­սու­ցիչ­նե­րու ան­շա­հախն­դիր եւ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րումն էր, որ տա­րա­բախտ հա­յոր­դի­նե­րը կը մղէր վառ պա­հել ի­րենց մէջ մես­րո­պեան տա­ռի ու հա­յոց լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը, որ­պէս գլխա­ւոր ազ­դակ վե­րապ­րու­մի ու սե­րունդ­նե­րու փրկու­թեան։
Ան­ցան տաս­նեակ տա­րի­ներ։ ­Մեր գա­ղու­թը ու­նե­ցաւ նոյն­քան տաս­նեակ վար­ժա­րան­ներ հոն ուր յու­նա­հա­յու­թիւ­նը փոք­րիկ օ­ճախ­ներ կազ­մած էր։
­Տա­րի­նե­րու սա­հան­քին մէջ հա­յու­թեան թի­ւը նօս­րա­ցաւ, ա­նոր հետ միա­սին չքա­ցան դպրոց­նե­րը, սա­կայն ոչ մէկ պա­րա­գա­յին հա­յե­ցի կրթու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը դար­ձաւ երկ­րոր­դա­կան ի­մաստ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին հա­մար, ո­րուն վար­ժա­րան­նե­րը մնա­ցին կան­գուն՝ շնոր­հիւ անն­ման դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ խա­չեան նո­ւի­րեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի Հ.Կ.­Խա­չի եր­կու ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, նա­խակր­թա­րան­ներն ու միջ­նա­կար­գը շա­րու­նա­կեն մես­րո­պեան լոյ­սը սփռել հայ սե­րունդ­նե­րու հո­գիին մէջ։
Ա­հա՛, այս ի­րա­կա­նու­թեան տակ, այ­սօր հպար­տու­թեամբ կը նշենք Հ.Կ.­Խա­չի ­Ֆիք­սի ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կը, ա­նոր ան­խա­փան գոր­ծու­նէու­թեան վեց տաս­նա­մեակ­նե­րու հրա­շա­գեղ ու­ղին, ուր սե­րունդ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­ներ ճամ­բայ կտրե­ցին մես­րո­պա­շունչ լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թում­նե­րուն մէ­ջէն՝ քիչ մը ա­ւե­լի հա­յա­նա­լու, քիչ մը ա­ւե­լի զգա­լու հայ հո­ղի ու եր­կին­քի ա­նու­շա­բոյր շուն­չը, քիչ մը ա­ւե­լի թրծո­ւե­լու հայ ո­գիի, հայ մշա­կոյ­թի, հա­յոց պատ­մու­թեան ու հե­րո­սու­թեան կայ­ծե­րով։
Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան նա­խակր­թա­րա­նը ու Ա. ­Գա­լուս­տեան ման­կա­պար­տէ­զը, ա­պա նոյն հա­մա­լի­րէն ներս գոր­ծող ­Ճէ­նա­զեան միջ­նա­կար­գը, ո­րու ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու կեան­քը եւս բա­րե­րար ներ­գոր­ծու­թիւն մը պար­գե­ւեց մեր սե­րունդ­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կեն այ­սօր հան­դի­սա­նալ մեր գա­ղու­թի հա­յե­ցի կրթու­թեան, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մօտ հայ միտ­քի ու գի­րի ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կում­նե­րուն բո­ցա­վա­ռող կրա­կը, ո­րոնց ար­ժէքն ու գո­յու­թեան ի­մաս­տը վեր է ա­մէն տե­սա­կի հա­շի­ւէ ու ման­րու­քէ։
­Շատ բան փո­խո­ւած է սե­րունդ­նե­րուն մօտ։ Այ­սօր, հա­յակր­թու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նո­ւազ ըն­կա­լում կ­՚ու­նե­նայ նո­րաս­տեղծ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ, եր­բեմն հա­յե­րէն ա­ռար­կա­նե­րու ու­սու­ցու­մը նկա­տե­լով նո­ւազ կա­րե­ւոր ե­րե­խա­յի ա­պա­գայ կեան­քի կազ­մա­ւոր­ման հա­մար։
­Սա­կայն, հայ դպրո­ցի ար­ժէ­քը կը մնայ ան­փո­խա­րի­նե­լի. ո՛չ մէկ ար­դի ու համ­բա­ւա­ւոր օ­տար դպրոց կրնայ պար­գե­ւել հայ վար­ժա­րա­նի ջեր­մացնող մթնո­լոր­տը, այլ ան միա՛կն է իր կար­գին ու մե­ծու­թեան մէջ, իւ­րա­յա­տո՛ւկ է, սե­փա­կա՛ն է, վեր­ջա­պէս՝ հայ­կա­կա՛ն է։
Վս­տա­հա­բար, մեր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը, ըմբռ­նում­ներն ու մի­ջոց­նե­րը կը կա­րօ­տին տե­ւա­կան բա­րե­լաւ­ման, կրնա՛ն, պէ՛տք է պատ­շա­ճին նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ար­դի հաս­կա­ցո­ղու­թեան ու նո­րա­ձեւ ման­կա­վար­ժա­կան կի­րար­կում­նե­րուն։
Վս­տահ ըլ­լանք սա­կայն, թէ մեր վար­ժա­րան­նե­րը, ա­նոնց ու­սու­ցիչ­նե­րը, դպրոց­նե­րուն վրայ հսկող մար­մին­նե­րը այս­պէս կը մտա­ծեն ու կը տքնին։
Ո՞վ կրնայ ը­սել, թէ կրթու­թիւն ջամ­բե­լը հեշտ գործ մըն է։ ­Սա­կայն, ա­մէն տե­սա­կի դժո­ւա­րու­թիւն յաղ­թա­հա­րե­լու՝ գա­ղու­թա­յին մար­մին­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դին կամքն է, ո­րուն շնոր­հիւ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ Հ.Կ.­Խա­չի կրթա­կան օ­ճախ­նե­րը ան­սա­սան կը մնան, ո­րոնց շար­քին՝ Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նը կը շա­րու­նա­կէ գի­տու­թեան ու լոյ­սի իր ճա­ռա­գայ­թում­նե­րով զար­գաց­նել մեր մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հը։
Հ­պա՛րտ մնանք մեր վար­ժա­րան­նե­րով, հպա՛րտ ըլ­լանք, որ մայր ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեա­նի կա­տա­րած նշա­նա­կա­լի բա­րե­րա­րու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թի­նը եւ այն ժա­մա­նա­կի ան­խոնջ գոր­ծիչ­նե­րու անն­կա­րագ­րե­լի զո­հո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն տո­գո­րել յու­նա­հայ զան­գո­ւած­նե­րու սէրն ու հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հա­յե­ցի կրթու­թեան յա­րա­տեւ­ման հան­դէպ։
­Կան­գո՛ւն մնան Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րանն ու ­Ճէ­նա­զեան միջ­նա­կար­գը։ ­Կան­գո՛ւն մնան Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի բո­լոր կրթա­րան­նե­րը։
­Հա­յակր­թու­թիւնն ու հայ վար­ժա­րա­նը պի­տի շա­րու­նա­կեն հան­դի­սա­նալ մեր աչ­քին լոյ­սը։
­Հա­ւա­քա­կան եւ վճռա­կան հա­մո­զու­մով։